Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Թերեւս շատեր տեղեակ չեն Վազգէն Շուշանեանի մասին։ Այսօր, Փետրուար 9, անոր ծննդեան օրն է։ Արձակագիր, հրապարակագիր թէ քննադատ, Շուշանեան Սփիւռքահայու կերպարը դարբնեց իր մտքով ու գրիչով։ Այն կերպարը, որ անքակտելիօրէն կապուած է մեր պատմութեան, մեր տառապանքին եւ մեր յեղափոխութեան։
Սփիւռքահայուն պահանջատիրութեան եւ քաղաքականացման արմատները հասկնալու համար պէտք է դիմել Շուշանեանի գրութիւններուն։ Սփիւռքահայ երիտասարդի հոգեկան զարկերը հաշուելու համար պէտք է կրկին կարդալ Շուշանեանի գործերը։ Կարդացա՞ծ էք անոր «Սիրոյ եւ Արկածի Տղաքը»։ Այն հայ երիտասարդը որ չէ կարդացած զայն, չի կրնար ըմբռնել հայ երիտասարդին հոգեկան յոյզերը։
Վազգէն Շուշանեան սիրոյ եւ արկածի տղան էր, մանաւանդ հաւատարիմն էր մեր յեղափոխութեան բովանդակութեան եւ խոյանքին։
Մանաւան՛դ մեր Յեղափոխութեան։ Վազէն Շուշանեան ամբողջական հայու հաւատարմութեամբ դիտեց ու ապրեցաւ մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյթը, եւ մեր ազատագրական փորձառութիւնը։ Ճառագայթող եղաւ այդ հաւատարմութիւնը՝ իր պատկանած կուսակցութեան առաքելութեան ու գործին նկատմամբ։ Նոյն հաւատարմութեամբ ան բնորոշեց Դաշնակցութեան այն մեծ դերը, որ իր կուսակցութիւնը ունեցաւ մեր մշակոյթի յեղափոխականացման, ժողովրդականացման ու հարստացման մէջ։ Ան էապէս ըմբռնած էր Դաշնակցական ու ժողովրդային մշակոյթը, որու աւելի հարստացման մէջ ի՚նք՝ Վազգէն Շուշանեան ունեցաւ իր անփոխարինելի դերը։
Ստորեւ՝ հատուած մը Վազգէն Շուշանեանի «Փորձ՝ բնորոշելու Հ.Յ.Դաշնակցութեան մշակութային դերը» յօդուածէն, որ ան գրի առած էր Մայիս 1, 1932ին, Փարիզի մէջ։ Յօդուածը ամբողջութեան լոյս տեսած է Պէյրութի «Բագին» ամսագրի մէջ, Յունուար-Փետրուար 1971, Ժ. Տարի, Թիւ 1-2, էջ 69-80։ (Դիմատետրի տպագրական հասկնալի պատճառով, Շուշանեանի կողմէ շեշտուած բառերը ԳԼԽԱԳԻՐԻ վերածուած են։)
––––––––––––––––––––––––––––––––––––
«Փորձ՝ բնորոշելու Հ.Յ.Դաշնակցութեան մշակութային դերը»
ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ
……
Երբ ակներեւ խզում կայ ժողովրդական զանգուածներու եւ պաշտօնական դպրութեանց միջեւ, երբ լեզուն կ՚ապաստանի եկեղեցի – ու հայոց լեզուն, պաշտօնականը՝ ապաստանած էր եկեղեցի, աշխարհաբարի յաղթանակէն առաջ։ Ու նկատեցէ՛ք, որ աշխարհաբարը (որով Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը զանգահարեց ափէ ափ, Սիւնեաց լեռներէն մինչեւ Ամանոս, ազատագրութեան գաղափարը) վերջնականապէս յաղթեց, ստացաւ իր լրիւ գեղեցկութիւնը, աւիշն ու այսօրուան քաղցր շնորհը՝ 1900էն յետոյ միայն։ Երբ չնչին փոքրամասնութիւն մը միայն, սահմանէն ասդին ու անդին, կրնայ մատչիլ իմացական հարստութեանց, մինչդեռ մինչդեռ հայրենի հողերուն վրայ զանգուածը կը մնայ թանձր քունի մէջ, բոլո՛ր բնազանցական, աստուածաբանական, նոյնիսկ գրական նուաճումները, տաղերն ու գրաբար պատկառելի հրատարակութիւնները, ու նաեւ ասոնց յաջորդող ու վերածնունդի շրջանին ծաղկած ամբողջ գեղեցիկ դպրութիւնը, չեն կրնար ըլլալ եւ չեն՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԸ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ, ՀԱՐԱԶԱՏ ՈՒ ԻՐԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ։
Կը կրկնենք, որքան ալ անգին, համբուրելի ըլլան այս բոլորը, որպէս անցեալի ժառանգութիւն — ՄՇԱԿՈՅԹ ՉԵՆ ՈՒ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ:
Ու անտարակոյս դպիրներ են միայն, լուսանցքի վրայ բանաստեղծներ, գրադարանի գիտուն մուկեր, շրջուն մատենագրութիւն ու մարմին առած հմտութիւն՝ բոլո՛ր նախորդ սերունդներուն այն յուզիչ դէմքերը, եթէ ՄԻԱՅՆ ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ ունեցած են որպէս դրամագլուխ ու ո՛չ նաեւ ԱՒԵԼԻ ԲԱՆ ՄԸ, ԲԱՆ ՄԸ, ՈՐ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆ ԻՍԿ Է ՈՐԵՒԷ ՄՇԱԿՈՅԹԻ։
Ո՛չ, մշակոյթ չէ նորին մեծութիւն հմտութիւնը առանձին:
Մշակոյթ չէ կ’ըսեմ, ԳԵՂԵՑԻԿ ԴՊՐՈՒԹԻՒՆԸ առանձին:
Ո՛չ, միայն բանաստեղծները, ուսուցիչներն ու այլ կարգի մտաւորականները չեն, որ կրողն են որեւէ մշակոյթի:
Այլ ինքը ժողովուրդն է, հայրենի հողերուն վրայ աշխատող, տառապող, ստեղծագործող բազմութիւնը, որ հաւաքականօրէն կը ստեղծէ իր մշակոյթը եւ նուաճումէ նուաճում կը տանի զայն:
Ու որպէսզի որեւէ մշակոյթ ստեղծուի, հարկ է որ մասնակցի այն ընդհանուր երկունքին ԱՄԲՈՂՋ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ, ԻՐ ԲՈԼՈՐ ՄԱՍԵՐՈՎ:
Հովիւը՝ իր սրինգին վրայ փչէ իր եղանակը ու Հայր Կոմիտասը հաւաքէ զայն. մաճկալը հիւսէ որեւէ տաղ, երգէ ցորենին բարութիւնը ու Դանիէլ Վարուժանը կերպարանափոխէ զայն ու տայ «Հացին երգը»: Հարկ է որ մարտիկը թափէ իր արիւնը յանուն գիրի բազմութեան ու բազմահազար շինականներ այլեւս զարթուն, ու այլեւս ըմբոստ, թօթուեն բռնութեան անուրը՝ որպէսզի պատմութեան յատակէն ու մայր ժողովուրդի երանգներէն ծնի Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը: Հարկ է որ այս վերջինը, որպէս հսկայ սերմնացան… ափերը պարզած կարմիր հողերուն, տարածէ, անդրդուելի յամառութեամբ մը, բոլո՛ր սեպուհ գաղափարներուն ազնիւ հունտերը: Որպէսզի այսօր որբերու ամբողջ սերունդ մը, ճղակոտոր այլ հպարտ, փարի սրտառուչ սիրով ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՏԱՐՐԵՐՈՒ, դեռ ՉԱՄԲՈՂՋԱՑԱԾ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄԸ, որ հայրենի հողին հետ, մեր միակ վաւերական հարստութիւնն է:
Ու հոս է ահա՛ որ կը յայտնուի ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ: Ու հոս է ահա՛ որ կ’երեւի Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՍԿԱՅ ԴԵՐԸ: Ու հոս է ահա՛ որ մարդ կը զգայ ԱՅԴ ԱՒԵԼԻ ԲԱՆԻՆ բացառիկ կարեւորութիւնը:
Ու ի՞նչ է այդ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ, ի՞նչ է այդ ԱՒԵԼԻ ԲԱՆԸ:
Ատիկա նախ՝ սերտ, կարելի է ըսել կազմախօսական ու բնական կապն է, ամբողջական համերաշխութիւնը, ծնողէ դէպի ծնուած ու արարածէ դէպի արարիչ եղած յարաբերութիւնը, որ պէտք է գոյութիւն ունենայ ժողովուրդին եւ իր մշակոյթին միջեւ: Պէտք է որ ժողովուրդը հաւաքականօրէն ու ծանր երկունքով ծնունդ տայ անոր ու ան իր բարձրագոյն ձեւերուն մէջ — ըլլայ ընդհանրական բարիք, տէրունական հաց ու արիւն ու հաւասար սիրով բաշխուի մակընթաց սերունդին — աղքատի ու հարուստի զաւակներուն: Հարկ է որ բոլոր արթնցող իմացականութիւններուն առջեւ բաց ըլլան՝ բոլոր ճամբաները: Բոլո՛ր նուիրապետութիւններն ու փոքրամասնութեանց մենաշնորհները ջնջուին, նաեւ դրամը չդառնայ միջակութեան գերակշռութեան գործիք: Արդ, եթէ դուք քննէք Կ. Պոլսոյ հայ հանրային կեանքը, ԱՄԻՐԱՆԵՐՈՒ ու ԷՖԷՆՏԻՆԵՐՈՒ իշխանութան շրջանին, պիտի համոզուիք, որ նախ Հայկական Բաձրաւանդակին վրայ թմբիրի մէջ էր հայ մշակոյթը, երկրորդ՝ ժողովուրդին եւ յայտնի «մտաւորականութեան» միջեւ խզուած էր գրեթէ կապը, երրորդ՝ պաշտօնական «մշակոյթ»ը անամորձիք, տժգոյն բան մըն էր, զրկուած՝ լայն զանգուածներու տաք աւիշէն ու բանտարկուած մատենադարաններու մէջ:
Ահա՛ հոս է որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կատարեց իր անփոխարինելի դերը: Մէկ կողմէն եղաւ անխոնջ տարածիչ, միւս կողմէն՝ արթնցնելով ժողովուրդը՝ զայն մղեց սրբազան ստեղծագործութեան, որոնումի եւ աշխատանքի:
Տարածելով աննկուն ու խենթ քաջութեամբ Յեղափոխութեան առաջին կայծերը, ան մաքրեց հայ մշակոյթը իր սկզբնական, ադամական արատէն: Որովհետեւ ի՛նչ ալ ըսուի, ժողովրդական զանգուածներու փաստական ազատագրական պայքարը՝ կը սկսի Հ.Յ.Դաշակցութեան հանդէս գալէն յետոյ: Ու որովհետեւ ամէ՛ն բանէ առաջ ու մանաւանդ՝ հաւաքականութեանց ու անհատներու համար ԿԵՑՈՒԱԾՔ մըն է մշակոյթը, ազատ, ինքնօրէն ու որոնող մարդոց հաւաքականութեանց ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ՝ աշխարհի բոլոր հրատապ խնդիրներուն առջեւ: Դաշնակցութիւնը ուսուցանելով ժողովուրդին, որ բռնութեան տապալումն ու ազատութեան յաղթանակը նախապայման են, ատո՛վ իսկ հանդիսացաւ հայ մշակոյթի հարազատ ներշնչարանն ու տարածիչը:
Սեդօ Պոյաճեան
Փարիզ, 1 Մայիս 1932»