կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-08-09 12:54
Քաղաքական

ՔՊ-ականներու մանկապարտէզին մէջ

ՔՊ-ականներու մանկապարտէզին մէջ

Ազգային Ժողովի 8-րդ գումարման առաջին նիստի առաջին հինգ օրերը եկան ապացուցելու, որ ՔՊ-ականները մանկապարտէզի վերածած են երկրի պետական համակարգի գլխաւորագոյն իշխանութիւնը՝ Օրէնսդիր մարմինը։

ԱԺ-ի, այսինքն՝ Հայաստանի Օրէնսդիր մարմնի թէ՛ իրաւունքը եւ թէ՛ պարտականութիւնն է բարձրացնել հարցեր, քննել հարցեր, վերահսկել գործադիր իշխանութեան աշխատանքները, համարատուութեան հրաւիրել գործադիրի իշխանութեան անդամները, ուղղութիւն տալ եւ ուղղել գործադիր իշխանութեան վարքագիծը ներքին, արտաքին եւ պաշտպանական բնագաւառներէն ներս, եւ մշակել օրէնքներ յօգուտ երկրին եւ ժողովուրդին։

Մինչ ընդդիմութիւնը փորձ կը կատարէր կիրարկելու խորհրդարանական վերոնշեալ իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները, ԱԺ-ի ՔՊ-ական նախագահն ու երկու փոխնախագահները կը խափանէին խորհրդարանական աշխատանքը՝ իրենց անտեղի միջամտութիւններով, որոնք, ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան, յարիր են միայն բռնատիրական ղեկավարումի ոճին։

Բայց նոյնիսկ իրենց բռնական մօտեցումներուն մէջ, ՔՊ-ականները աւելի երեխայական էին քան մանկապարտէզի մը պարզ աշակերտը։

Կ՚արժէ անգամ մը եւս արձանագրել նիստերու ընթացքին ՔՊ-ականներու միջամտութիւններուն եւ արտայայտութիւններուն.-

– Կորեկդ արտայայտուէք
– Խօսափողը կ՚անջատեմ
– Նկատողութիւն եմ արձանագրում
– Յաջորդիւ ձայնի իրաւունքէ կը զրկուէք
– Անջատէ՚ք խօսափողը, լքէ՛ք կենտրոնական ամբիոնը
– Ես ձեզ արգելում եմ էդ բառապաշարով խօսելը, կարող եմ նոյնիսկ դահլիճից դուրս հրաւիրել ձեզ
– Անջատում եմ խօսափողը Օրէնքի 52րդ յօդուածի 3րդ կէտի համատեղ
– Մի ստիպէք ես անվտանգութեան աշխատակիցներին հրաւիրեմ եւ ձեզ դուր բերել

Գալ շաբաթ, նիստերը շարունակելով, մանկապարտիզային այս մթնոլորտի մէջ, մի զարմանաք եթէ Ալեն Սիմոնյանը եւ իր 70 երեխաները նաեւ երգեն հետեւեալ մանկական խաղը.-

«Թաշկինակ մը ձգել կ՚ուզեմ կոր, կ՚ուզեմ կոր, կ՚ուզեմ կոր։
Թաշկինակ մը ձգել կ՚ուզեմ կոր, խելօք նստողին։»

Սեդօ Պոյաճեան
Օգոստոս 7, 2021