Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արաբ-իսրայէլական 1973-ի պատերազմի 49 տարին կը լրանայ այսօր․ արդէն մօտ կէս դար անցած է այդ օրերէն, երբ արաբական բանակները 1967-ի պատերազմի պարտութեան ամօթը արեամբ սրբեցին։
Օտար փորձառութիւնները, իրենց ժողովրդական ու հանրայնացած պետական-ղեկավարական դրսեւորումներով, եգիպտահայերս եւ սուրիահայերը օրը օրին ապրեցանք՝ պարտութենէն մինչեւ արժանապատւութեան վերականգնում, այն հսկայ ճիգը, որ ժողովուրդները ի գործ դրին հասնելու բաւարար արդիւնքի, ձեռքի տակ եղած աղքատիկ միջոցներով։ Եւ ասիկա ուսանելի է մեր ազգակիցներուն եւ իշխանութիւններուն համար։
Շատ չընդարձակուելու համար, խօսինք կէտերով, կեդրոնանալով մեզի աւելի ծանօթ եգիպտական իրողութիւններուն վրայ․
Ա․ 1955-56-ին, Եգիպտոս, Ասուանի Բարձր ջրամբարի կառուցման համար վարկ չստանալով Արեւմուտքէն, դիմափոխուեցաւ դէպի Արեւելք։
Պետութիւնն արդէն զինուորական յեղաշրջումով 1952-էն ասդին տատանած էր ամբողջատիրութեան եւ ժողովրդավարութեան միջեւ։ 1953-ի Մարտի տագնապը հանգուցալուծուեցաւ ի նպաստ ամբողջատիրութեան, քայլ առ քայլ միակուսակցական համակարգ հաստատուեցաւ երկրէն ներս։ Արտաքին նախարարութենէն դուրս, բանակէն սկսեալ, բանալի բոլոր պաշտօնները բաշխուեցան վստահելի եւ բարեյոյս նախկին զինուորականներու, փոխանակ ձեռնհաս եւ բանիմաց արհեստավարժներ ներգրաւելու պետական մեքենայ։
Բ․ Իսրայէլ կոչուած պալարը՝ արաբականութեան մարմնին վրայ, արդէն թունաւորել սկսած էր եւ հունափոխեց տիրող հասարակարգի բնականոն զարգացման ընթացքը։ Կուսակցութիւնները, թէկուզ իրենք զիրենք սպառած, եթէ ատակ չէին բարեփոխուելու, քաղաքական ազատութիւնները բազում հիւանդութիւններ դարմանելու յատկանիշները կը պահէին։ Համակարգային փոփոխութիւնը վերջ դրաւ այս հնարաւորութեան։ Վերապրողը եւ հետագայ հալածանքներէն նպաստաւորուողը մնաց քաղաքական իսլամի մայր երակ Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութիւնը, որ բրիտանական գաղտնի սպասարկութեան արտադրութիւն էր։
Գ․ 1956-ին ստացանք առաջին պատերազմը՝ եռեակ նախայարձակումը, Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Իսրայէլ զինակցութեամբ։ Շարժառիթը՝ մէկ կողմէ Սուէզի ջրանցքի ընկերութեան ազգայնացումն էր, իսկ միւս կողմէ Ալճերիոյ եւ ընդհանրապէս ափրիկեան ցամաքամասին մէջ գաղութարարներու լուծը թօթափելու ժողովուրդներու պայքարին Եգիպտոսի աջակցութիւնը։ Ջրանցքի ընկերութեան բաժնետէրերուն հատուցման բանակցութիւնները բաւարար չեղան կանխելու պատերազմը։ Եգիպտական բանակը Սինայի թերակղզիէն նահանջեց Ջրանցքի արեւմուտքը։ Համաժողովրդական հերոսական պայքար մղուեցաւ ճակատային քաղաքներուն համար, գլխաւորաբար՝ Փորթ Սաիտի։ Տարի մը անց՝ Մ․ Նահանգներու եւ Խ․ Միութեան ճնշման տակ, նախայարձակ ուժերը հեռացան եգիպտական հողերէն։ Պաղեստին չազատագրուեցաւ, խաղաղութիւն չհաստատուեցաւ։
Դ․ 1967-ին արդէն եգիպտական վարչակարգի ողնայարը ջարդելու պահը հասած համարուեցաւ։ 1962-63 Եգիպտոս աստիճանաբար մխրճուած էր եմէնական յեղափոխութեան մէջ, որ տեսակ մը մաշումի պատերազմ հանդիսացաւ եգիպտական թէ՛ բանակին, թէ՛ տնտեսութեան համար, որ արդէն վատառողջ էր։ Եմէնի յեղափոխութիւնը եւ պատերազմը ուղղակի սպառնալիք էին սէուտական միապետութեան եւ իր արեւմտեան աջակիցներուն։ Յաջողութեան պարագային՝ ամբողջ Արաբական թերակղզին կրնար դիմափոխուիլ, միապետական վարչակարգերը կրնային վերնալ, իսկ նոր ստեղծուողները՝ գլխացաւ դառնալ քարիւղի եւ գազի հարուստ հանքերով նպաստաւորուող օտար՝ բրիտանական, ամերիկեան եւ այլ ընկերութիւններու։ 1967-ի պատերազմը աղէտալի եղաւ Եգիպտոսի համար։ Սինայի թերակղզին բռնագրաւուած մնաց, ապա՝ մաս առ մաս ազատագրուիլ սկսաւ 1973-ի պատերազմին յաջորդող տասնամեակին։
Ե․ 1967-ին, պարտութենէն ամիս մը չանցած, եգիպտական բանակը արդէն ցաւալի կորուստներ պատճառեց նախայարձակին․ անոնցմէ մէկը՝ Յուլիսի 1-ին, եգիպտական յատուկջոկատայինները յաջողութեամբ ետ մղեցին թշնամիին զրահապատ ուժերը Փորթ Ֆուատ քաղաքի մատոյցներէն, միւսը՝ Հոկտեմբեր 1967-ին իսրայէլական Էլիաթ մարտանաւուն խորտակումն էր թեթեւ հրթիռակիր շոգեմակոյկներով։ Անկէ ետք արդէն ընթացաւ հազար օրուան մաշումի պատերազմը, մինչեւ 1970՝ ամերիկացի դիւանագէտ Ռոճըրզի նախաձեռնութեամբ հրադադարի հաստատումը կողմերուն միջեւ։ Եգիպտացի զինուորը արդէն հաստատեց, որ անարդարութեան ենթարկուած էր նախորդ երկու պատերազմներուն։
Զ․ Հաստատուած հրադադարը, բնականաբար, կողմերը օգտագործեցին ամրապնդելու իրենց դիրքերը։ Եգիպտոս ուժ տուաւ օդային պաշտպանութեան հզօրացման․ խորհրդային ՍԱՄ-3 հրթիռներու պարիսպ կազմեց։ Իսրայէլացիք՝ Ջրանցքի արեւելքը հողէ հսկայ պատնէշ կառուցեցին, արգիլելու համար եգիպտական զրահապատ ուժերու անցքը եւ յառաջխաղացքը Սինայի մէջ, իսկ անոր ետին ամրացած պաշտպանական գիծ մը կառուցեցին, որ կոչուեցաւ հեղինակի՝ զօրավար Պարլեւի անունով։ Եգիպտոս պէտք է յաղթահարէր այս արգելապատնէշը եւ ամրութիւնները։ Եգիպտական զինուորական ճարտարագիտական միտքը յղացաւ աննախադէպ՝ չտեսնուած ջրային թնդանօթի գաղափարը․ Գերմանիայէն հսկայական ջրմուղներ ապսպրուեցան, երկրի ներսը Ջրանցքի կրկնօրինակ կազմուեցաւ, բարձր հողէ պատնէշը եւ ամրութիւնները պատճէնահանուեցան, ու փորձեցին յաղթահարել զանոնք։ Աշխատանքը եւ ճիգը, յամառութիւնը՝ միացած միտքին, յաջողեցաւ անկարելին կարելի դարձնել։
Է․ 1973-ի պատերազմին Եգիպտոս մտաւ՝ ըստ օրուան նախագահ Անուար էլ Սատաթի վկայութեան, հրետանային հաշուըուած արկերու քանակով։ Առաւել, Սատաթի վկայութեամբ՝ զերոյէն վար տնտեսութեամբ։ Մինչ այդ, դիւանագիտութիւնը երկխօսութեան մտած էր Ուաշինկթընի հետ եւ պատրաստ էր ամէն զոհողութեան, հասնելու համար տարիներ տեւած ճգնաժամի յաղթահարման։ 1971-ի Մայիսին առաջին տագնապը հանգուցեալ նախագահ Ապտէլ Նասըրի վարչամեքենայի վերապրած ուժային կեդրոններու յաղթահարումն եղաւ։ Երկրորդ քայլը՝ 1972-ին խորհրդային զինուորական խորհրդատուներու արտաքսումը երկրէն։ Այս քայլերը շարունակութիւնն էին Ռոճըրզի նախաձեռնութեան ընդառաջման․ խորհրդային զէնքի մատակարարումը քաղաքական սահմանափակումներու կ’ենթարկուէր մինչ այդ։
Ը․ Եգիպտ-իսրայէլական բոլոր պատերազմներուն իրենք զիրենք փայլուն դրսեւորած բարձրաստիճան զինուորականութիւն գոյութիւն ունէր․ 1967-ին փայլեցաւ զօր․ Սաատէտտին Շազլիի անունը, որ իր ամբողջ հրթիռահրետանային զօրախումբով ու սպառազինութեամբ, յաջողեցաւ Սինայի խորքէն Ջրանցքի արեւմտեան ափ վերադառնալ, բանակցութիւններէ ետք։ Հազար օրուան մաշումի պատերազմի հերոսը բանակի ընդհանուր սպայակոյտի պետ զօր․ Ապտէլ Մոնէյմ Ռիատը հռչակուեցաւ, որ առաջնագիծին վրայ ալ նահատակուեցաւ 1969-ին։ Եգիպտոս որակի խնդիր չունէր, կառավարման եւ համակարգի խնդիրներէն տառապեցաւ տասնամեակներ, ինչպէս քաղաքային, այնպէս ալ ռազմական գործին մէջ։
Թ․ 1973-ի պատերազմի ռազմական թէ քաղաքական յաջողութեան գաղտնիքը՝ յստակ նպատակներ նուաճելու համադրուած աշխատանքն էր։ Պատերազմի ընթացքին երկրի քաղաքական բարձրագոյն ղեկավարը՝ Սատաթ, ռազմական գործողութիւններու շտաբէն, թէ՛ կը հետեւէր պատերազմի ընթացքին, թէ՛ որոշումներ կու տար։ Ռազմաճակատի թոյլ օղակէն՝ Ջրանցքի լիճերու խոչընդոտը յաղթահարած եւ արեւմուտք թափանցած Արիէլ Շարոնի իսրայէլական զրահապատ ուժերը բնաջնջելու սպայակոյտի պետ զօր․ Սաատէտտին Շազլիի ռազմական ծրագիրը կտրուկ մերժեց գերագոյն ընդհանուր հրամանատարը՝ նախագահ Սատաթ, որ հետագային բացատրեց, որ ինք պատրաստ չէր ԱՄՆ-ի դէմ պատերազմի։
Ժ․ Սինայի թերակղզիի վեցամեայ բռնագրաւման աւարտի սկիզբն արդէն տրուած էր, որ բանակցութիւններով, ապա նաեւ Միջազգային դատարանի վճիռով 1982-ին ամբողջացաւ Թապայի փոքրիկ հողակտորի ազատագրումով։ Ափսոս, որ արաբները՝ ՊԱԿ (PLO), Սուրիա, Յորդանան եւ Լիբանան աւելի ուշ չմիացան եգիպտական խիզախումին, որ ռազմական գործով մեռեալ կէտէն շարժած էր ազատագրութեան դատը։ Ցարդ անլոյծ կը մնայ Պաղեստինեան դատը, բռնագրաւուած՝ սուրիական Կոլանի բարձունքները, Յորդանան գետի արեւմտեան ափը՝ Արեւելեան Երուսաղէմով, Լիբանան՝ ծովային սահմանագծման եւ սահմանազատման տաղտուկը կը դիմագրաւէ ներկայի իր դժուար օրերուն։
1973-ը եգիպտ-իսրայէլեան վերջին պատերազմն եղաւ։ Այս ընթացքին տուժեց Արաբական աշխարհը, որ քայլ չպահեց իր առաջնորդին՝ Եգիպտոսի հետ։ Իսրայէլի հետ աւելի ուշ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատած Յորդանան չօգտուեցաւ պատմական առիթէն, իսկ Պաղեստինեան դատը անտիրութեան մատնուեցաւ։
Բանալին՝ ռազմական պարտութիւնը յաղթահարելն էր, որ եթէ հարիւր տոկոսանոց ալ չէր, քաղաքական ղեկավարութեան ռազմավարական նպատակին ծառայեց․ եգիպտական բանակին առջեւ չէր դրուած ամբողջ Սինայի թերակղզին ազատագրել․ լոկ՝ 15-էն 30 քլմ խորանալն էր, համապատասխան՝ ունեցած զէնքի ու զինամթերքի հնարաւորութիւններուն։ Այդքանով ալ գոհացաւ ան, իր ետին ձգած ռազմավարական դաշնակիցը եւ անոր հաշիւները։
Հայոց համար ուսանելի է այս պատմութիւնը այնքանով՝ որ քաղաքական նպատակներուն հաւասարապէս՝ դիւանագիտական եւ ռազմական գործիքներով հետամուտ, ստեղծագործ մտքով եւ անհնարինը հնարաւոր դարձնող լուծումներով, սուղ միջոցներով եւ աննախանձելի տնտեսական վիճակով, կարելի է շատ բան ընել եւ դուրս գալ շիշի անձուկ բերանէն։ Կարեւորը՝ անձնատուր չըլլալն է, մեղկութեամբ եւ քաղքենի կենցաղով պատմական առիթները չվատնելը, իրաւունքին ամէն գնով տիրութիւն ընելը, աչք առնելով մահը։ Եւ այս բոլորին վրայ՝ իրաւացիութիւնը, արդար պայքարի խոր գիտակցութիւնը։
Մեծապետական ուժերը դարերով կուտակած են տարբեր միջոցներ, որոնք կ’օգտագործեն իրենց շահերը յառաջ տանելու համար, իսկ թերաճ երկիրները՝ այդ նոյն շահերուն հաշուարկով կը զինեն ու կը նպաստեն անոնց։ Անոնց ապաւինիլը երբեք բարիք չէ եղած ընկալողներուն համար․ օրհասական պահն անցընելէ ետք պէտք է ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ քայլ առ քայլ ամրապնդել, անոր արագութեան նպաստել հասարակական բարեկարգումներով։
Ցարդ չենք կրնար ըսել, որ Եգիպտոս յաղթահարած է քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, գիտական յառաջընթացի ճգնաժամերը։ Եգիպտոսի 1923-ի սահմանադրութիւնը, իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ, նուաճելի գագաթ կը մնայ, որուն համար պէտք է քաղաքական կամք եւ տեսլական։ Պետական համակարգը պէտք է ծառայէ ամբողջ շէնքի բարձացման։ Այս իմաստով ալ թերի ու թերաւարտ կը մնայ ան։
Եգիպտոս այս ալ կարող է յաղթահարել, կը մնայ որ շտապէ, քանի խաղաղութեան մէջ է․ թէ ի՞նչ կը պահէ ապագան՝ ոչ ոք գիտէ։ 2020-ի ամռան քիչ մնաց որ լիբիական ճակատը բռնկէր ու եգիպտ-թրքական հակամարտութիւն ծագէր։ Արգիլողը՝ եգիպտական բանակի նախորդ տարիներու զինման արդիականացումն էր։ Անգարա չյանդգնեցաւ այդ օրերուն նման արկածախնդրութեան երթալ, փոխարէնը դարձաւ դէպի… հայկական ճակատ։ Այնուամենայնիւ, չի նշանակեր, որ վաղը կրկին չի վերադառնար լիբիական թատերաբեմ ու դարձեալ ձեռնոց չի նետեր Եգիպտոսի։
Թուրքիա եւ նման պետութիւններ խաղաղ ապրելու ընդունակ չեն, խաղաղութիւնը կը սպաննէ զիրենք։ Վկա՛յ՝ պատմութիւնը։
Հզօրութիւնը կը կառուցուի անդադար, յարատեւ, յամառ ու տքնաջան աշխատանքով, որ միակ միջոցն է խաղաղութեան ապահովման։ Արձակուրդներ չի ճանչնար այս ճիգը։ Իսկ ան հաստատուած է գաղափարի եւ հաւատամքի վրայ։
ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ
«Յուսաբեր», 7 Հոկտեմբեր 2022