Փոխարժեքներ
23 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 395.58 |
EUR | ⚊ | € 411.09 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.93 |
GBP | ⚊ | £ 496.33 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.2 |
Անհասկնալի եւ անըմբռնելի կացութեան մէջ ենք ի Հայաստան: Հազիւ մէկ շաբթուան ժամանակամիջոցին, Ատրպէյճանի բանակը գրեթէ ամենօրեայ հետեւողականութեամբ եւ օր աւուր սաստկացումով կը կրկնէ սահմանամերձ շրջաններու վրայ յարձակումները: Ասոր դիմաց, եւ մինչ հայրենի բանակը կը փորձէ ամէն գնով դիմադրել եւ կասեցնել թշնամիին յառաջխաղաղքը՝ Սոթքի, Վերին Շորժայի թէ Երասխի մէջ , քաղաքական բեմահարթակին վրայ ազդեցիկ… լռութիւն մը կը պահէ Երեւանը:
Մութ եւ պղտոր հաշիւներու դիմաց լռութի՞ւն, թէ՞ լրում: Յամենայնդէպս անըմբռնելի եւ անարդարանալի:
Հասկցող-տեսնողին համար յստակ է, իսկ դանդաղամիտ համար ալ հաւանաբար շուտով կը յստականայ, թէ ի՞նչ կացութիւն կրնայ ստեղծուիլ, եւ թէ՝ Պաքու ինչո՞ւ կը շարունակէ իր սադրիչ յարձակումները, չյարգելով եւ օր-ցերեկով ոտնակոխ ընելով արդէն ի նպաստ իրեն ստորագրուած Նոյեմբեր 9, 2020-ի համաձայնագիրը:
Իր արձանագրած յաղթանակով եւ նուէր ստացած հողերով հարբած է Ալիեւը եւ ամէն գնով կ՛ուզէ շարունակել «խլէ՛ եւ շահէ՛» քաղաքականութիւնը: Անոր անմիջական թիրախը՝ Սիւնիքն է, ի խնդիր «Զանգեզուրի միջանցք»-ի իրականացման, որ ունի մեծ նշանակութիւն եւ գործնապէս պիտի ըլլայ Թուրքիոյ դարաւոր ծրագիրին իրականացման առաջին քայլը: Այսինքն, բացուած պիտի ըլլայ Եւրոպայէն Կեդրոնական Ասիա եւ անկէ անդին տարածուող համաթուրանական ուղղին, որուն ստեղծելիք ահաւոր հետեւանքներուն՝ յայտնապէս ոչ մէկ մեծ պետութիւն կ՛ենթագիտակցի, կ՛ահազանգէ կամ պարզապէս կը նկատէ, կամ ալ՝ փոքրաթիւ ազդեցիկ մարդիկ իրենք զիրեն սահմանափակած են անկէ բխելիք նիւթական շահերու ոլորտին մէջ:
Կայ աւելին. կովկասեան բարձրաւանդակին եւ անոր անմիջական շրջագիծին մէջ, միջազգային այլ մրցակցութիւններ եւ զարգացումներ ստեղծուած են կամ վերանորոգուած, որոնք կը համընկնին Պաքուի (եւ բնակաբար Թուրքիոյ, որուն հլու կամակատարն է Ատրպէյճան) գործելաձեւին եւ ապագայի երազներուն: Միացեալ Նահանգներ գրեթէ քաշուած են Աֆղանիստանէն, ուր թալիպանները կը փութան ընդարձակելու իրենց հակակշիռին ենթակայ հողատարածքները: Նմանօրինակ այլ դժնդակ կացութիւն մը պիտի ստեղծուի Իրաքի մէջ, երբ յառաջիկայ ամիսներուն, հոն կայք հաստատած ամերիկեան ուժերը ենթարկուին Սպիտակ Տան հրահանգին եւ հեռանան այդ շրջանէն ալ:
Հայաստանի մօտէն-հեռուէն առնչուող այս ընդարձակ գօտիին մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակը դիւրացուցած է Պաքուի եւ Անգարայի երազներուն իրականացում: Այս բոլորին դիմաց, Հայաստանի պարտուած (Յունիս 20-ի արտահերթ ընտրութիւններուն ալ յաղթականօրէն… պարտուած) իշխանութիւնը լուրջ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի եւ յաւելեալ ճնշումի տակ: Յստակ է, թէ գրասեղանի դարակներուն մէջ կան այլ փաստաթուղթեր, որոնց ժամանակը հնչած է վաւերացնելու եւ վերջնականապէս ստորագրելու, աւելի՛ եւս շեշտելով եւ խորացնելով ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ:
Ակնթարթ մը քննելով Նոյեմբեր 9, 2020-ի համաձայնագիրին կէտերը (չմտնենք այն պատրանական բառախաղին մէջ, որ անիկա համաձայնութիւն չէ, այլ պարզ յայտարարութիւն մը), քիչ թէ շատ իմաստութիւն ունեցողը պիտի տեսնէ եւ եզրակացնէ, որ շատ մը բաներ կը մնան թուղթի վրայ, երբեք ալ պիտի չիրականացուին, իսկ ցարդ եւ ընդմիշտ շահողը պիտի ըլլայ Ատրպէյճանը (չենք անտեսեր, որ անոր միակ բարիքը եղաւ ռազմական գործողութեանց դադրեցումը, սակայն ի՜նչ գնով): Իսկ հաստատուած զինադադարը եւ անոր հետեւած վիճակը յար եւ նման է Արցախեան վերջին պատրազմը կանխած փուլերու վիճակին, այն տարբերութեամբ, որ հիմա փոխուած են վայրերը, բախումներն ու սակարկութիւնները ընտրած են ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ տարածքները: Այլ խօսքով, «Արցախը տանք՝ հանգիստ ապրինք» ցնորամտութիւնը հիմա ուղտը բերած եւ նստեցուցած է Հայաստանի հողին:
Լուսանցքային է նաեւ Մոսկուայի կեցուածքը, որուն խաղաղարար ուժերը միայն ու միայն ընդհարումներէն ետք կը միջամտեն եւ անդորրութիւն կը հաստատեն: Անոնք կը պահպանեն իրենց առաքելութեան նեղ հասկացութիւնը՛ խաղաղութիւն հաստատել բռնկումի պարագային: Ցարդ չենք լսած, որ Հայաստան եւ Ռուսիա՝ ռազմավարական դաշնակիցներ, խօսած են անոնց զսպիչ առաքելութիւն տալու մասին:
Սովորութիւն կամ կրկնութիւն դարձած է Քրեմլի արտաքին գործոց նախարարութեան միօրինակ յայտարարութիւնը, թէ մտահոգութեամբ կը հետեւի սահմանի առանձին հատուածներէ ներս սրման կամ լարուածութեան դրսեւորումներուն եւ արձանագրուած միջադէպերուն։ Այս յանկերգին արձագանգները կը լսուին նաեւ Փարիզէն, Ուաշինկթընէն եւ այլ ոստաններէ:
Մէկ բան յստակ է. իր ծրագիրի ցանկալի արդիւնքը ապահովելու համար, առայժմ յաղթական Ալիեւը սահմանային լարուածութիւն կը հրահրէ, մինչդեռ պարտուած Փաշինեան, նորանոր հողատարածքներ զիչելով, կը շարունակէ իր «ջայլամի քաղաքականութիւնը», իր գոյութեան միակ նպատակը (Raison d’être) սեպելով ձեռքին պահել Հայաստանի (ու Արցախի) ղեկը, որքան ալ որ աղէտալի ըլլան իր անկարողութեան եւ տհասութեան հետեւանքները (նշելու համար նուազագոյնը):
Այս վիճակին մէջ, քանի մը օրէն Ազգային ժողով մտնող ընդդիմադիր ճակատը «անկարելի առաքելութիւն» (Mission Impossible) մը պիտի դիմագրաւէ անկասկած, սակայն վհատութիւն եւ ձեռնածալութիւն պիտի չճանչնայ:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական
hairenikweekly.com