Կ'առաջարկենք դիտել «Վերելք» ձեռներէցութեան ծրագրի կարեւորագոյն նպատակները եւ իրագործումները շեշտող այս տեսերիզը: «Վերելք» ձեռներէցութեան ծրագիրը ներկայիս իր երրորդ հանգրուանին մէջ կը գտնուի, որուն ընթացքին մեր երկրորդ հանգրուանի մրցանակակիրները կը սկսին մեր գործընկերներուն հետ միասին արագացուած գործընթաց մը իրենց ձեռնարկութեան առաջարկները իրականութիւն դարձնելու համար: