կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-07-19 21:23
Աշխարհ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը Վեհափառ Հայրապետին Հետ Քննարկեց Ժողովրդային Կարիքներուն Ընդառաջ Օժանդակութեան Աշխատանքները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը Վեհափառ Հայրապետին Հետ Քննարկեց Ժողովրդային Կարիքներուն Ընդառաջ Օժանդակութեան Աշխատանքները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը շաբաթ առտու այցելեց Պիքֆայա` տեսակցելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վեր առաւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ վեհափառ հայրապետին ունեցած առանցքային դերակատարութիւնը լիբանանահայ գաղութի ապրած ճգնաժամի զանազան փուլերուն ժողովուրդին տարբեր կարիքներուն հասնելու առումով: Ան նաեւ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերուն Վատիկանի մէջ կայացած համախմբումին, արծարծուած հարցերուն եւ ելքերու որոնման առումներով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ունեցած նախաձեռնութեան եւ դերակատարութեան:

Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի աշխատանքները, յատկապէս ժողովրդային հետզհետէ բազմացող կենցաղային կարիքներուն օժանդակելու կազմակերպական աշխատանքները համակարգելու առումով:

Վեհափառը ընդգծեց լիբանանահայութեան ներկայացուցած կարեւորութիւնը համասփիւռքեան տարողութեամբ եւ համայնքի առանձնայատկութիւններու պահպանման մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ունեցած առանցքային դերակատարութիւնը:

Ապա խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ներկայիս տարուող օժանդակութեան բազմաբնոյթ աշխատանքներուն եւ յատկապէս յառաջիկային տարբեր բնագաւառներու մէջ աջակցութեան ծրագիրներ իրականացնելու կարելիութիւններուն վրայ:

aztagdaily.com