կարևոր
1837 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-09-21 13:28
Քաղաքական

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի

Կը գտնուինք Հայոց ժամանակակից պատմութեան ամէնէն դժնդակ եւ օրհասական փուլին մէջ։ Անհամար զոհողութիւններով ու համահայկական ներուժի ամբողջական օգտագործումով հայութիւնը 35 տարիներ առաջ շրջեց պարտադրուած պարտութիւններու անիւը եւ վերակերտեց Արցախի անկախութիւնը։ Այդ անկախութիւնը համալրուեցաւ պետականութեան բոլոր գործօններու որդեգրումով, եւ Արցախը հայացաւ։

Լիբանանահայութիւնը այս փուլին ճիգ չխնայեց իր բոլոր միջոցներով եւ կարելիութիւններով անսալու Արցախի պետականութեան կայացման, անոր անվտանգութեան երաշխաւորման եւ տնտեսական ու բնակեցման ծրագիրներուն մէջ ունենալու վճռորոշ եւ հիմնարար դերակատարութիւն։ Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ նաեւ Հայ դատի հետապնդման ջահակիր կեդրոնական այս գաղութը նուիրաբերեց իր ընտիրները ու գտնուեցաւ պայքարի առաջին դիրքերու վրայ։

Այսօր Արցախը ծախուեցաւ։ Հայրենի իշխանութեանց վարած տհաս ու ապազգային քաղաքականութիւնը, դիւանագիտական աններելի սխալները դիւրացուցին թշնամիին գործը, եւ այսօր ահաւասիկ ան ձեռնարկած է ցեղային մաքրազտման եւ Արցախի բնաջնջման։

Կը գիտակցինք, որ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն մօտ առկայ է հիասթափութեան եւ յուսաբեկման մթնոլորտ։ Կ՛ըմբռնենք հայ մարդուն, աւելի ճիշդը՝ ազգային ապրումներով տոգորուած անհատին տառապանքն ու ցասումը։ Բայց, մեր ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին խորապէս հաւատացած է, որ ինք ունի հարուստ կենսափորձ պարտութեան ընթացքը կասեցնելու, ինքզինք վերականգնելու, հայավայել հպարտութիւնը վերագտնելու առումով։

Առ այդ, այսօր Արցախին պարտադրուած պայմանները վերջակէտ չեն կրնար ըլլալ, այլ՝ սկիզբ նոր պայքարի, որուն անկեղծ զինուորագրեալն է լիբանանահայութիւնը որ այդ պայքարը ժողովրդականացնելու, մեր ազգի իրաւունքները վերականգնելու եւ վերջապէս հայրենիքն ու հայութիւնը անսասան պահելու համար պատրաստ պիտի գտնուի բոլոր մարտահրաւէրները դիմակալելու եւ նոր ու արժանապատիւ պատմութիւն կերտելու։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կու գայ իր շարքերով ինքզինք դնելու այս նոր պայքարի տրամադրութեան տակ, որպէսզի ապրի հայրենիքը, գոյատեւէ եւ զարգանայ մեր ազգը, ու ոչ մէկ ձեւով խաթարուի ազգային մեր մեծ տեսլականը, որուն համար իրերայաջորդ սերունդներ մաքառած, պայքարած ու արիւն թափած են։ Այսօր ալ այդ կամքն ու վճռակամութիւնը պիտի ճառագայթէ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներու մէջ։ Այլ ճանապարհ գոյութիւն չունի եւ Քրիստափորեան յարատեւ կռուի գաղափարական հաւատամքը բոլոր ժամանակներէ աւելի պարտաւոր ենք դարձնել մեր ազգի գոյութեան իմաստն ու նշանաբանը։

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Սեպտեմբեր 20, 2023թ.