կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2020-12-23 13:10
Քաղաքական

Նախագահ Միշել Աուն Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները

Նախագահ Միշել Աուն Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երկուշաբթի, 21 դեկտեմբերին ընդունեց ն ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի եւ Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններն ու ՀՅԴ-ի դերը յաչս միջազգային շրջանակներու եւ հարթակներուն` ի նպաստ Լիբանանի զօրակցութեան, յատկապէս Լիբանանի պատմութեան ներկայի զգայուն փուլին: Նմանապէս խորհրդակցութիւնները անդրադարձան Արցախի ներկայ կացութեան:

aztagdaily.com