կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2017-12-08 12:37
Հասարակություն

Ժողովրդային կարիքներուն հասնելէն մինչեւ պետականաստեղծում. «Ազդակ»

Ժողովրդային կարիքներուն հասնելէն մինչեւ պետականաստեղծում. «Ազդակ»

Աղբյուրը՝ arfd.am

Տարեփակի նախօրէին, ըստ աւանդութեան ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութիւնը կը նշէ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 127-ամեակը եւ այդ առիթով կը ներկայանայ ժողովուրդին հիմնականին մէջ ընթացիկ տարուան գործունէութեան հաշուեկշիռը ներկայացնելու եւ յատկապէս յառաջիկայ աշխատանքներուն ուղենիշերը փոխանցելու:

Փակուող տարին բազմաթիւ ուղղութիւններու վրայ տարուած հետեւողական աշխատանքներով յատկանշուեցաւ կուսակցութեան համար` Հայաստանի Հանրապետութենէն Արցախ եւ այնուհետեւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններ: Այդ բոլորին հանրագումարը, իրագործուածն ու դժուարութեան հանդիպած բաժինները իրենց ընդհանուր գիծերուն մէջ կը ներկայացուին հանգամանօրէն:

Քաղաքականէն տեղեկատուական, քարոզչականէն ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան, կազմակերպական եւ դաստիարակչական կամաւոր գործողներու հսկայական քանակ մը Դաշնակցութեան դրօշին տակ շարունակեց գործել, ծառայել եւ հասնիլ ժողովրդային կարիքներուն:

Ժողովրդային կարիքներու ծաւալումը բնականաբար արդիւնք է երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական վիճակին: Ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու առաջնահերթ պարտականութիւնը իրը սեպող կազմակերպութիւնը այդ բոլորին նկատառումով է, որ հաստատեց եւ գործարկեց ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտերը: Այդ ֆոնտերու անհրաժեշտութեան եւ կուսակցութեան հանդէպ տածուած վստահութեան ընդառաջումով կը բացատրուին նաեւ այն ինքնաբուխ նուիրատուութիւնները, որոնք կը շարունակուին կատարուիլ այս ֆոնտերուն:

Կարիքները միայն ապահովական եւ օրհասական պահերուն չեն վերաբերիր: Կրթականէն ընկերային եւ առողջապահականէն հիւանդանոցային ու կենցաղային այլ առաջնային խնդիրներ` կարիքներ են, որոնց լուծման միջոցներու տրամադրման համար անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի միջոցներ կը հայթայթէ կուսակցութիւնը:

Եւ ճիշդ չէ այս բոլորը կապել յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններու շարժառիթին հետ: Այս ֆոնտերը հաստատուեցան, երբ տակաւին անորոշ էր ընտրութիւններու ճակատագիրը, այս ֆոնտերը պիտի շարունակուին երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք նաեւ:

Համակուսակցական առումով Դաշնակցութեան համար հիմնական առաջադրանք է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նշումը: Հանրապետութեան հիմնադրման եւ օրուան պատմակերտ հանգամանքներու առարկայացման մէջ հիմնական կազմակերպ եւ համախմբող ուժը Դաշնակցութիւնն էր: Այս մէկը պատմական փաստ է, բայց որեւէ ատեն Դաշնակցութիւնը չէ իւրացուցած Մայիս 28-ով արտայայտուող թէ՛ պետականութեան, թէ՛ անկախութեան եւ թէ՛ հայրենիքի գաղափարի իրացման պատմակերտ իրադրութիւնները: Այս առումով ալ 100-ամեակի նշումները այստեղ պէտք է ունենան եւ կ՛ունենան համագաղութային տարողութիւն:

Այդ առիթով կազմակերպուելիք հայրենագնացութիւններ, զանգուածային ներկայութեամբ տեղի ունենալիք ձեռնարկներ, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի թէ Լիբանանի մէջ կազմակերպուելիք ցուցահանդէսներ, շքերթներ, գիտաժողովներ, համաժողովներ եւ մշակութային տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ արժանաւորապէս պիտի նշեն մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ իրադարձութեան 100-ամեակը:

Լիբանանը եւ ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութիւնը իւրայատկութիւն ունին առաջադրուած համահայկական նշումներուն մէջ: Հանրապետութեան սերունդի կարեւոր ներկայացուցիչներ տարագիր դառնալով հաստատուած են Լիբանան եւ այստեղ շարունակած իրենց կուսակցական եւ կրթամշակութային գործունէութիւնը: Այդ սերունդի ազդեցութիւնը յաջորդ սերունդներու հոգեմտաւոր կազմաւորման ընթացքին արժեւորելի երեւոյթ է, որ թէ՛ պատմագիտական եւ թէ՛ պատմաքաղաքական առումներով վերստին լոյսին պէտք է բերել այս առիթով:

Դաշնակցութեան օրն է: Հաշուեկշիռ ներկայացնելու, վերազսպանակումով առաջնահերթութիւնները ճշդելու եւ վերանորոգ թափով աշխատանքը շարունակելու յանձնառութեան օրը:

aztagdaily.com