Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Յունաստանի մէջ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան ելոյթներու ծիրէն ներս, Թեսաղոնիկահայութիւնը եւս ոգեկոչեց մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը։
Բոլոր ելոյթները կազմակերպուեցան Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի համադրումով եւ գործակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբին, Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» Մասնաճիւղին եւ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին։
Բարեխօսական կարգ «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ
Շաբաթ, 16 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն Բարեխօսական կարգը, հանդիսապետութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Ծ. վրդ. Փաշայեանի, ներկայութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկ. Կարօ Նատեանի, Հ.Հ. հիւպատոս Տիգրան Վարդանեանի, Թաղական խորհուրդի ատենապետ Արթին Աբրահամեանի եւ անդամներուն, Հայ դատի յանձնախումբին, ազգ. հաստատութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, պետական, զինուորական եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, երեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու Թեսաղոնիկէէն, Գոմոթինիիէն եւ Սերրէսէն։ Սոյն եկեղեցական արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ տաղանդաւոր սօփրանօ մեներգչուհի Սիրան Չալըքեան՝ իր գեղգեղուն եւ տպաւորիչ ձայնով։
Նշենք, որ Եկեղեցւոյ կեդրոնը զետեղուած էր Ապրիլեան Ս. Նահատակներու նուիրուած փայտեայ շարժուն յուշարձանը, Ցեղասպանութեան նահատակներու մասունքներով, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին կողմէ զարդարուած ծաղիկներ։
Եկեղեցական Գոհաբանական արարողութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ելոյթը։
Ապրիլեան Ս. Նահատակներու ոգեկոչման առթիւ իր խօսքը փոխանցեց Թեսաղոնիկէի Մարզային շրջանի Փոխ-Մարզպետուհի՝ Տիկ. Փարասքէվի Փաթուլիտու։
ժողովրդային բողոքի ցոյց դէպի թրքական հիւպատոսարան
Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբին, Շաբաթ, 16 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 6։00-էն սկսեալ, «Արիստոտէլեան» հրապարակին առջեւ տեղադրուած Երիտասարդական տաղաւարէն ընթացք առաւ ժողովրդային բողոքի ցոյց դէպի Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարան, ներկայութեամբ հարիւրաւոր թեսաղոնիկահայ պատանիներու, երիտասարդներու, տարէցներոպ ու փոքրերու, որոնք ներկայ եղան պատրաստակամ ուղղուելու տրամադրուածութեամբ։
Նշենք, որ Հինգշաբթի, 14 Ապրիլէն մինչեւ Կիրակի, 17 Ապրիլ 2022, «Արիստոտէլեան» հրապարակին առջեւ տեղադրուած էր Երիտասարդական տաղաւարը, որ անցորդներուն՝ յոյն թէ հայ, ու մանաւանդ օտարներուն, տեղեկութիւններ փոխանցեցին Հայ դատի վերաբերեալ ու մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացիութեան կապակցութեամբ։
Երեկոյեան ժամը 7։30-ին ընթացք առաւ բողոքի ցոյցը, շարքերու խմբուածութեամբ, մեր երիտասարդներու ճշդապահ կարգապահութեամբ եւ բարձրախօսներու ու մանաւանդ օրուան կարգախօսները պարզող ցուցապաստառներու եւ ցուցատախտակներու կողքին՝ Եռագոյն դրօշով, Թեսաղոնիկահայութիւնը իր բողոքի ցասումը յայտնեց ամբողջ տեւողութեան։ Բնականաբար, ճամբու ընթացքին, ապահովութեան ոստիկաններ հսկեցին ներկաներուն քայլերթին եւ օգտակար դարձան ճամբորդներուն՝ ուղղուելու տարբեր ճանապարհներով։ Երբ բողոքի ցուցարարները մօտեցան թրքական հիւպատոսարան, այս անգամ եւս՝ ինչպէս անցեալին, յոյն ոստիկաններ արգելք հանդիսացան յառաջանալու դէպի հիւպատոսարանի շէնքը, նկատի ունենալով, որ ոստիկանութիւնը իր հանրակառքերով փակած էր հիւպատոսարանի փողոցը, հետեւաբար, չարտօնեց նաեւ որ ցոյցը ներկայացնող պատասխանատուներու պատուիրակութիւնը մօտենայ եւ յանձնէ յուշագիրը, այլ՝ թելադրեց պատի մը վրայ փակցնել Հայութեան պահանջները։
Ցուցարարները աւելի բարձրաձայն հնչեցուցին արդարութեան ձայնի պահանջները։ Աւելի ուշ, թրքական հիւպատոսարանի փողոցին վրայ լսուեցան ազգային եւ յեղափոխական երգեր, ժողովուրդի խուռներամ մասնակցութիւնը աւելի ոգեշնչեցին երիտասարդները, որպէսզի շարունակեն իրենց պահանջատիրական երթը։ Ի վերջոյ, երիտասարդներ յունարէն լեզուով խօսք առին եւ ոգեշնչիչ ու խրախուսիչ պատգամներով յորդորեցին բոլորին, վճռակամ քայլերով շարունակելու մեր երթը, յանուն արդարութեան, յանուն պահանջատէր մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու մանաւանդ յանուն մեր Ս. Նահատակներու թափած արիւնի ամէն մէկ կաթիլի փոխարէն։
Բողոքի ցոյցը եզրափակուեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի հանրապետութիւններու ազգային քայլերգներով։
Արիւնատուութիւն
Արդէն սովորութիւն դարձած, ամէն տարի, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, կը կատարուի արիւնատուութիւն։ Այս տարի եւս, կազմակերպութեամբ Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղին, Կիրակի, 17 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան ժամը 9։30-13։30, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ կից գտնուող «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ արիւնատուութիւն։
Աշակերտական լուռ քայլարշաւ
Կազմակերպութեամբ Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան, Շաբաթ, 16 Ապրիլ 2022-ի եկեղեցական պաշտօնական բարեխօսական կարգէն անմիջապէս ետք, դպրոցի մեծ ընտանիքը, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մայր դռնէն սկսեալ սկսան լուռ քայլարշաւ հասնելով մինչեւ «Սպիտակ Աշտարակ» եւ ապա մինչեւ «Արիստոտէլեան» հրապարակ՝ ուր տեղադրուած էր երիտասարդական տաղաւարը։ Հիանալի էր, երբ աշակերտները իրենց ձեռքերնին ունենալով Եռագոյն դրօշը՝ մեր նախահայրերուն թողած կտակը վառ պահելու նպատակով իրենց պարտաւորութիւնը կատարեցին հանդէպ մեր սրբադասուած նահատակներուն։
Քաղաքական կեդրոնական ձեռնարկ
Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ եւ Թեսաղոնիկէի մարզային իշխանութեան գործակցութեամբ, քաղաքի «Արիստոտէլեան» համալսարանի հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցաւ քաղաքական կեդրոնական ձեռնարկը, նախագահութեամբ ընկ. Քրիս Ղալիլէա-Գալֆայեանի եւ ներկայութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւին, ազգ. կառոյցներու եւ հաստատութիւններու, միութիւններու, ինչպէս նաեւ հոգեւոր, քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւններու եւ յոյն ու հայ ժողովուրդի ներկայութեան։
Ձեռնարկի ընթացքին ողջոյնի խօսքեր ունեցան յունական կառավարութեան ներկայացուցիչ Սթաւրոս Քալաֆաթիս, Հ.Հ. դեսպանի ներկայացուցիչ, հիւպատոս Տիգրան Վարդանեան, Մակեդոնիոյ նահանգապետ Ափոսթոլոս Ծիծիքոսթաս, Թեսաղոնիկէի քաղաքապետ Քոստանտինոս Զերվաս, Թեսաղոնիկէի մարզային շրջանի փոխմարզպետուհի Փարասքէվի Փաթուլիտու եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան կողմէ ընկ. Արիս Գասապեան։
Ձեռնարկին բանախօսեց խորհրդարանի անդամ եւ «Փանտիօ» համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս փրոֆ. Տիմիթրիս Քերիտիս նիւթ ունենալով «Ցեղասպանութիւնը, ժխտումը եւ այժմէական Թուրքիան»։ Ան մեծ դրուատիքով խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ Ժողովուրդի տառապանքներուն ու չարչարանքներուն մասին։ Մշակութային ծիրէն ներս, գործադրուեցաւ Թեսաղոնիկէի համերգասրահի երիտասարդական «Մուսա» սինֆոնիկ նուագախումբը, ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Թոտորիս Փափատիմիթրիուի՝ եւրոպական եւ հայկական գեղեցիկ երաժշտութեամբ։ Քաղաքական ձեռնարկի աւարտին, տեղի ունեցաւ քայլարշաւ դէպի Երրորդ զօրաբանակի Անծանօթ զինուորի յուշարձանը՝ ծաղկեպսակներ զետեղելու համար։
Ելոյթը եզրափակուեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի հանրապետութիւններու ազգային քայլերգներու կատարումով։
«Թող մեր նահատակներուն թափած անմեղ արիւնը երբե՛ք մեր ազգային ինքնագիտակցումին մէջ մոռացութեան չտրուի»: