Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորեց ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզը, որ նոր Ծերակոյտին մէջ պիտի վերստանձէ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը։ Ան այդ պաշտօնին վրայ եղած էր նաեւ 2013էն 2015ի միջեւ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց հայութեան եւ յատկապէս Ամերիկայի եւ Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի յանձնախումբներուն հետ սերտ կապեր ունեցող ծերակուտականին նշանակումը նման հեղինակաւոր պաշտօնի մը։
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, այս շաբաթ Ճորճիայի մէջ տեղի ունեցած Ծերակոյտի կրկնակի ընտրութիւններուն արդիւնքներուն շնոհիւ, Ծերակոյտը եւս դեմոկրատներու հակակշիռին տակ անցաւ։
Նշանակումը ողջունեց նաեւ Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի վարչութեան անդամ Անի Չաղլասեան՝ յիշեցնելով, որ Մենենտեզ տարբեր առիթներով աջակցած է հայութեան։
Մենենտեզ ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող 2019ի բանաձեւին վաւերացումը իրականացուցած քոնկրեսականներէն մէկն էր, այլ վերջերս նաեւ նեցուկ կանգնած էր Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան պատասխանատուութեան կանչելու եւ անոնց դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու քոնկրեսական ջանքերուն։
Ծերակուտականը կը պաշտպանէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ ամէն առիթով կը ջանայ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները սերտացնել։
Նշեալներուն կողքին, Մենենտեզ կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Ատրպէյճանի ամերիկեան օժանդակութիւնները սահմանափակելու ջանքերուն մէջ, եւ հակառակ Սպիտակ տան եւ Ծերակոյտի ղեկավարութեան ճնշումներուն, ան ձախողութեան մատնած էր Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Տիք Հոլընտի նշանակումը, որովհետեւ վերջինս Ցեղասպանութիւնը ուրացող մըն է։ Նաեւ, Ատրպէյճանի ի նպաստ դիրքորոշուած ու Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակուած Մեթիու Պրայազայի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը կարելի եղած էր սահմանափակել անոր ջանքերով։
asbarez.com