կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-09-07 16:47
Աշխարհ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորական Նամակ Մը Յղեց Ծերակուտական Մենենտեզին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորական Նամակ Մը Յղեց Ծերակուտական Մենենտեզին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռապըրթ Մենենտեզին` շնորհաւորելով ամերիկացի օրէնսդիրը Կիպրոսի նախագահին կողմէ «Մակարիոս Գ.» կարգի «Մեծ խաչ»-ի շքանշան ստանալուն առթիւ:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց, որ Մենենտեզ մեծապէս արժանի էր այդ շքանշանին` Կիպրոսի հարցին մէջ կղզիի միութեան եւ թրքական բռնագրաւումի մերժման վրայ հիմնուած իր սկզբունքային կեցուածքին համար:

Հայ դատի մարմինը նաեւ այս առիթը օգտագործեց իր խոր գնահատումը արտայայտելու երկար տարիներու ընթացքին ծերակուտականին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ջանքերուն համար, որոնք ի վերջոյ պսակուեցան Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի միաձայնութեամբ որդեգրումով, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանի զինուորական օժանդակութեան տրամադրման դէմ անոր պայքարին ու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի, Արցախի Հանրապետութեան խաղաղասէր բնակչութեան անվտանգութեան եւ բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ մշակութային ցեղասպանութեան դէմ պայքարին համար:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ ընդգծեց, որ 27 սեպտեմբեր 2020-ին Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ «Քայիտա» ահաբեկչական կազմակերպութեան առնչուած վարձկաններու Արցախի Հանրապետութեան վրայ շղթայազերծած յարձակումը բռնատէրութիւններու եւ ահաբեկչութեան կողմէ ժողովրդավարութեան դէմ յարձակում մըն էր, որ 1990-ական թուականներուն Պաքուի, Կիրովապատի եւ Սումկայիթի ջարդերուն կողքին կ՛ընդգծեն կարիքը կիրարկելու «Ճանաչում յանուն փրկութեան» սկզբունքը, որ իր մէջ միատեղ կը ներառէ ինքնորոշման իրաւունքի եւ անկախութեան ճանաչման սկզբունքները, որովհետեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշուելու իրաւունքի գործադրումը ուղղակի կերպով կապուած է անոր ֆիզիքական անվտանգութեան եւ կեանքի պաշտպանութեան:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակը եզրափակեց յայտնելով. «Կը յուսանք, որ Միացեալ Նահանգները ուժեղ կերպով պիտի պաշտպանեն ժողովրդավարութիւնն ու մարդկային իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ուժեղ կերպով դիմակայեն սպառնալիքները, որոնց դէմ յանդիման կանգնած է ժողովրդավարութիւնը, իմա՛ Արցախի Հանրապետութիւնն ու անոր ժողովուրդը»:

aztagdaily.com