Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ համայնքին մէջ գործող հայկական շարք մը այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները անցնող շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճելըս այցելած ծերակուտական Պըրնի Սենտըրզին հետ, որ 2020ի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն Դեմոկրատ կուսակցութեան գլխաւոր թեկնածուներէն մէկն է։
«Արդիւնաւէտ հանդիպում մը ունեցանք ծերակուտական Սենտըրզին հետ, քննարկելով Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։ Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցինք ծերակուտականին, որ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւին հաստատումը ապահովելու ջանքերուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի փոխատենապետ Ռաֆֆի Գասապեան։
Խորհրդակցութեանց ընթացքին, Սենտըրզ հաստատեց իր զօրակցութիւնը հայութիւնը մտահոգող շարք մը հարցերու, ներառեալ՝ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց յաւելեալ աջակցութիւն ապահովում, ինչպէս նաեւ Արցախի ապահովութեան երաշխաւորում։
Հանդիպման ընթացքին, Կլենտէյլի ուսուցիչներու միութեան նախագահ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Թալին Արսէնեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի խորհրդանիշ անմոռուկ ծաղիկի կրծքանշանը մը զետեղած է ծերակուտական Սենտըրզի լամբակին։
Յատկանշական է, որ ծերակուտականը այդ կրծքանշանով մասնակցեցաւ աւելի ուշ տեղի ունեցած հանրային հաւաքին, ուր զինք դիմաւորելու եկած էին հազարաւոր համակիրներ։
Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ (1991-2007) եւ ծերակուտաական (2008էն սկսեալ), Պըրնի Սենտըրզ զօրակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւերուն, Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնները սահմանափակելու քայլերուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական եւ քրիստոնէական եկեղեցական կալուածներուն վերադարձը պահանջելու ջանքերուն:
Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի նախնական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մարտ 3, 2020ին։
asbarez.com