կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-01-17 11:07
Սփյուռք

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Պատասխան Նամակ Մը Ստացաւ Ծերակուտական Մենենտեզէն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Պատասխան Նամակ Մը Ստացաւ Ծերակուտական Մենենտեզէն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ պատասխան նամակ մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Ռապըրթ Մենենտեզէն:

Մարմինը 13 դեկտեմբեր 2019-ին նամակ մը յղած էր ծերակուտական Մենենտեզին` գնահատելով Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւին որդեգրումը եւ պատմական այդ քայլին ապահովման համար ծերակուտականին թափած ջանքերը:

Ծերակուտական Մենենտեզ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին յղած իր նամակին մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ մարմինին կողմէ թիւ 150 բանաձեւի զօրակցութեան եւ իր ջանքերը գնահատելու կեցուածքին համար:

Մենենտեզ նաեւ կը նշէ, թէ որդեգրուած բանաձեւը կ՛արտայայտէ Ծերակոյտին այն համոզումը, թէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնական ճանաչումով եւ յիշատակումով ոգեկոչելն է:

aztagdaily.com