Միասին կարող ենք
կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2020-12-12 18:06
Քաղաքական

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Հակոբ Տեր-Խաչատուրյանը Ստեփանակերտում հանդիպել է Ֆրանսիայի ընկերվարական կուսակցության ղեկավարի հետ

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Հակոբ Տեր-Խաչատուրյանը Ստեփանակերտում հանդիպել է Ֆրանսիայի  ընկերվարական կուսակցության ղեկավարի հետ

Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ղեկավար Օլիվիէ Ֆօրի, 7 դեկտեմբերին այցելեց Ստեփանակերտ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին պատգամաւոր Իզապէլ Սանթիակօ, ծերակուտականներ Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազ, Մարի-Արլէթ Քարլոթթի եւ կուսակցութեան միջազգային հարցերու պատասխանատու Ժան-Մարք Ժերմէն: Պատուիրակութեան կ‘ընկերակցէր ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ Դատի պատասխանատուն:

Պատուիրակութիւնը այցելեց Ստեփանակերտի ՀՅԴ կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:

Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ եւ երկուստէք փոխանակումները եղան անկեղծ: Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին, որ պատերազմէն ետք եղաւ ֆրանսացի առաջին ղեկավարը, որ կ‘այցելէ Արցախ, ինչ որ լաւագոյն ապացոյցն է արցախեան հիմնահարցին լուծման գծով Ընկերվարական կուսակցութեան լուրջ ու անկեղծ տրամադրութեան եւ հաստատակամութեան:

Օլիվիէ Ֆօր իր պատուիրակութեան անունով ընդգծեց, որ իր կուսակցութիւնը ամէն գնով պիտի աշխատի, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ճիգ չխնայէ Արցախի բնակչութեան ապահովութեան բարելաւման, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման համար:

Երկու կուսակցութիւնները շեշտեցին արցախեան տագնապի լուծումը պահել բացառապէս Մինսկի խմբակի շրջանակին մէջ, ուր ընդգծեցին Ֆրանսայի իբրեւ եռանախագահ աւելի աշխուժ դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի երաշխաւորութիւնը՝ բնակչութեան անվտանգութեան եւ հայկական մշակութային կոթողներու եւ հարստութեան ապահովութեան գծով:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին եւ Ազգային Ժողովին, որ զօրավիգ կանգնեցան Արցախի անկախութեան ճանաչման եւ պահանջեցին կառավարութենէն, որ Ֆրանսա պաշտօնապէս ճանչնայ զայն: Առ ի պատասխան, Ֆօր յայտնեց, որ Ընկերվարական կուսակցութիւնը այս ուղղութեամբ պիտի շարունակէ լուրջ աշխատանք տանիլ, որուն լաւագոյն ապացոյցն է արդէն Արցախ այս պատմական այցելութիւնը, հայ ժողովուրդին համար այս դժուար ժամանակահատուածին:

Ընկերվարական կուսակցութիւնը իր խորին մտահոգութիւնը յայտնեց նաեւ արցախեան հիմնահարցին մէջ շրջանային նոր ուժերու ուղղակի միջամտութեան, տարբեր հաշուարկներով առաջնորդուած, ինչ որ առաւել բարդացուցած է խնդիրը:

Պատուիրակութեան անդամները ընդվզում յայտնեցին նաեւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ դրսեւորուած բրտութեան՝ պատերազմի ընթացքին, մանաւանդ արձանագրուած մարդկային ծանր կորուստին ի տես: Ազրպէյճանական կողմի ֆոսֆորային արգիլեալ զէնքերու օգտագործումը, պատերազմական միջազգային համաձայնագիրներու պայմանները խախտող անօդաչու սարքերու օգտագործման եղանակը խիստ դատապարտելի նկատող պատուիրակութիւնը վստահեցուց, որ ասոնք շօշափելի փաստեր են ներկայացնելու միջազգային արդարադատութեան, առ այդ, երկու կողմերը գործնապէս պիտի աշխատին այս ուղղութեամբ:

Հանդիպումի աւարտին, ՀՅԴ եւ Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը համաձայնեցան իրենց արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող երկարամեայ սերտ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը ներկայ հանգրուանին առաւել ամրապնդել ու խորացնել: