Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումին եւ Պուրճ Համուտի վրայ անոր ունեցած հետեւանքներուն, վնասներու գնահատման աշխատանքին, բարեսիրական ու հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու հետ աշխատանքը համադրելու եւ անոր արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ապագայ ծրագիրներուն մասին «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ:
Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն Առաջ
4 օգոստոսէն առաջ տիրած կացութեան մասին Մ. Պօղոսեան ըսաւ. «Ճիշդ է, որ 4 օգոստոսէն առաջ կը դիմագրաւէինք տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւններ, որոնցմէ հիմնականը անգործութիւնն էր: Անգործութիւնը ստեղծեց հիմնական դժուարութիւններ, յատկապէս բնակարանային վարձքերու, ելեկտրածին շարժակներու բաժանորդագրութեան նիւթական պարտաւորութիւնները չկատարելու իմաստով: Այս բոլորին կողքին, լիբանանեան պետութիւնը իր կարգին երկար ժամերու վրայ ելեկտրական հոսանք չկրցաւ տրամադրել` զանազան պատճառներով, որոնցմէ էր մազութի չգոյութիւնը: Քաղաքապետարանը ուժանիւթի նախարարութեան ճշդած սակին հիման վրայ հակակշիռի տակ կը պահէ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն ճշդելիք սակը: Կ՛ուզեմ նաեւ յիշել, որ մազութի տագնապին ընթացքին քաղաքապետութիւնը ճիգ չխնայեց եւ կրցաւ շրջանին մէջ գործող բոլոր ելեկտրածին շարժակներուն համար մազութ ապահովել: Քաղաքապետութիւնը ջանք չի խնայեր առաւելագոյն չափով ծառայելու քաղաքացիին եւ ամէն բան կը կատարէ, որպէսզի քաղաքացիին նեցուկ կանգնի»:
Քաղաքապետը անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի մէջ յուլիս ամսուան ընթացքին արձանագրուած աղբահանումի հարցին, որուն հիմնական պատճառը «Ռամքօ» ընկերութեան դիմագրաւած հարցերն էին:
«Աղբահանումի «Ռամքօ» ընկերութեան աշխատաւորները, որոնց մեծամասնութիւնը օտարահպատակ են, գործադուլ կատարեցին լիբանանեան դրամանիշով վճարուելնուն համար եւ այդ պատճառով վերադարձան իրենց երկիրները, ապա ընկերութիւնը դիմագրաւեց «Քորոնա»-ի համաճարակի հարց, երբ հարիւրաւոր աշխատաւորներ վարակուած էին: «Ռամքօ» ընկերութիւնը տակաւին նոր պիտի սկսի վերակազմաւորել իր աշխատանքները` բաւարար աշխատաւոր չունենալուն պատճառով:
Այս ժամանակամիջոցին քաղաքապետութիւնը ինք աշխատաւորներ ապահովեց եւ փորձեց առաւելագոյն ճիգով մաքրել Պուրճ Համուտը, հակառակ անոր որ աղբահանումի պարտականութիւնը ներքին գործոց նախարարութեան եւ Վերաշինութեան ու բարգաւաճման խորհուրդին միջեւ համաձայնութեամբ մը յանձնուած է «Ռամքօ» ընկերութեան: Պէտք է նաեւ իմանալ, որ աղբահանումի հարցը լիբանանեան մակարդակով հարց է եւ միայն Պուրճ Համուտին չի վերաբերիր: Կը փափաքիմ, որ Պուրճ Համուտի բնակիչները հասկացողութիւն ցուցաբերեն այս իմաստով եւ իմանան, որ քաղաքապետութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ շրջանը մաքուր պահելու», յայտնեց ան:
Բարգաւաճման Ծրագիրները Կը Շարունակուին
Մ. Պօղոսեան ընդգծեց սակայն, որ տնտեսական տագնապն ու տիրող քաղաքական ոչ բարենպաստ պայմանները պատճառ չէին, որ քաղաքապետութիւնը Պուրճ Համուտի մէջ իր բարգաւաճման աշխատանքները կասեցնէ:
«Ներկայիս մեր գլխաւոր ծրագիրներէն մէկն է Էշրեֆիէէն Պուրճ Համուտ հասնող կամուրջը ներկել եւ այնպիսի քայլերու դիմել, որ այդ շրջանին մէջ աւելի հանգիստ մթնոլորտ եւ մաքուր միջավայր ապահովուի: Ժողովուրդին մօտ կորսուած է միջավայրը մաքուր պահելու մշակոյթը, եւ այս իմաստով կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին` մասնակից դառնալու մաքրութեան պահպանումին:
Կ՛ուզեմ հաստատել, որ կամուրջին տակի բաժինը արդէն իսկ սկսած է ներկուիլ, իսկ կամուրջին աջ ու ձախ կողմերը գտնուող բոլոր շէնքերը եւս պիտի ներկուին: «Պի. Էմ. Էյ.» ընկերութիւնը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին նուիրած է բոլոր ներկերը, իսկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իր ծանօթութիւններուն, բարեկամներուն եւ բարերարներուն միջոցով կ՛ապահովէ ներկարարներուն աշխատավարձը:
Այս առիթով կը յիշեմ երիտասարդ բարեկամ մը, որ ստանձնեց Ծերանոցը դուրսէն ներկելու ծախսերը:
Կամուրջին աջ եւ ձախ կողմերը գտնուող շէնքերը ներկելու իմաստով արդէն իսկ սկսած եմ դիմել ծանօթներու, բարեկամներու եւ բարերարներու, որպէսզի իրենք եւս օժանդակեն ներկարարներու ծախսերը հոգալու պարտականութեան: Կոչ կ՛ուղղեմ բարերարներուն մասնակցելու այս այշխատանքին: Ճիշդ է, որ այս աշխատանքը ժամանակ պիտի խլէ, սակայն մեր նպատակն է այդ վայրը վերածել մաքուր, գունաւոր եւ հմայիչ վայրի մը, ուր պիտի այցելեն Լիբանան ժամանելիք ապագայի զբօսաշրջիկները», շեշտեց Մ. Պօղոսեան:
«Մենք տեղի տուող տեսակը չենք եւ մեր քաղաքը զարգացնելու աշխատանքը պիտի շարունակենք: Այսօր երեւակայութիւն կամ զգացական խօսքեր կրնան թուիլ կեցուածքներս ու տեսակէտներս, սակայն կ՛ուզեմ բոլորին ուշադրութեան յանձնել, որ Պուրճ Համուտը փոքր Լիբանան մըն է: Չկայ հայ մը, որ Պուրճ Համուտէն չէ անցած: Լիբանանի մէջ չկայ քաղաք մը, որ այսքան միջակ եւ աւելի ծանր գործարաններ ու գործատեղիներ, գրասենեակներ եւ դրամատուներ ունի, ինչպէս նաեւ շուկայ մը` «Արաքս»-ը, որ 70 տարուան պատմութիւն ունի: Այս բոլորը ստեղծուած են հայ գործարարներու կողմէ եւ բոլորին վստահութեան առարկան եղած են:
Յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին քաղաքապետութիւնը ունի ծրագիր մը` Պուրճ Համուտի շուկաներուն մասին յայտագիր մը պատրաստելու, հաստատելու համար, որ մենք հոս ենք, պիտի գոյատեւենք ու ծաղկեցնենք մեր քաղաքը», հաստատեց Մ. Պօղոսեան:
Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն Ետք Տիրող Իրավիճակն Ու Մարտահրաւէրները
4 օգոստոսէն վերջ ստեղծուած իրավիճակին անդրադառնալով` Մ. Պօղոսեան խօսեցաւ օժանդակութիւններ տրամադրելու փափաքը ունեցող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն առատութեան մասին: «Թէեւ քաղաքապետարանին դռները բաց են, սակայն ես կոչ կ՛ուղղեմ Պուրճ Համուտէն գաղթած հայորդիներուն, որպէսզի իրենց հայեացքը ուղղեն Պուրճ Համուտ եւ օժանդակեն առանց խտրութեան: Թող անոնք ազնիւ ըլլան եւ իրենց օժանդակութիւնը յատկացնեն այն միութեան, դպրոցին կամ եկեղեցւոյ, որ իրենք կը սիրեն ու կը յարգեն: Թող անոնք այդ օժանդակութիւնը կատարեն անմիջական կերպով», ըսաւ Մ. Պօղոսեան:
Պայթումէն ետք երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի ընկերակցութեամբ շրջանի հայորդիներուն բնակարանները այցելած քաղաքապետ Մ. Պօղոսեան ցաւակցութիւն յայտնեց պայթումի զոհերուն հարազատներուն եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Հսկայական պայթումէն ետք կատարուած աշխատանքներուն անդրադառնալով` Պուրճ Համուտի քաղաքապետը հաստատեց, որ աշխատանքները անմիջապէս սկսան:
«Անշուշտ առաջին վայրկեաններուն փողոցը ստեղծուած վիճակը ահաւոր էր, սարսափահար մարդիկ եւ ամէնուրեք քանդում: Գնահատելի էր, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը առաջին վայրկեաններէն անակնկալ կերպով հասած էր Պուրճ Համուտ` իր ժողովուրդին հետ ըլլալու: Թաղերը շրջելէ եւ վիրաւորներուն անմիջապէս հասնելէ ետք, քաղաքապետութիւնը անմիջապէս մաքրութեան աշխատանքին սկսաւ:
«Ի պատիւ մեր ժողովուրդին եւ բոլոր բնակիչներուն, մաքրութիւնը կատարուեցաւ` քաղաքապետարանին հետ միասնաբար: Նաեւ դասաւորում մը կատարուեցաւ, որ քաղաքապետարանի ոստիկանութեան կողքին շրջանին մէջ գործող բոլոր կուսակցութիւններուն անդամները թաղերուն մէջ պահակութիւն կատարեն, որպէսզի գողութիւններ չպատահին: Բոլորը առանց խտրութեան ընդառաջեցին, եւ աւազակութեան ոչ մէկ պարագայ արձանագրուեցաւ:
Պուրճ Համուտի մէջ արձանագրուած նիւթական վնասները կարելի չէ համեմատել Ժմմէյզէի, Մար Մխայելի եւ Հաճընի վնասներուն հետ, սակայն ատով հանդերձ կը շեշտենք, որ Պուրճ Համուտի համար այս տարողութեամբ քանդումը եւս ծանր է», ընդգծեց քաղաքապետը:
Մ. Պօղոսեան նկատել տուաւ, որ այս կացութեան կապուած հետաքրքրական մէկ այլ երեւոյթ էր ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի կողմէ` պայթումին յաջորդ օրն իսկ, Պուրճ Համուտ կատարուած այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան հետեւեցաւ մաքրութեան աշխատանքներուն:
«Նախարարը զարմացած էր, որ այդքան մեծ ցաւի մէջ իսկ կարելի եղած էր արագ թափով մաքրել Պուրճ Համուտը: Ան գնահատեց աշխատանքը եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը նկատեց օրինակելի քաղաքապետութիւն մը», ըսաւ ան:
Պուրճ Համուտի վերաշինութեան աշխատանքին անդրադառնալով` քաղաքապետը վերահաստատեց, որ այդ պարտականութիւնը Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի աշխատանքն է եւ ոչ թէ քաղաքապետութիւններուն:
«Այս առիթով Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր իր կարգին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան եւ հաստատեց տուժած քաղաքացիներուն օժանդակութիւն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
Բարեսիրական Միութիւններու Եւ Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններու Աշխատանքի Համակարգում
Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի կողքին, բարեսիրական եւ հասարակական միութիւններ ու ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ կը հասնին Պուրճ Համուտ` ժողովուրդին օժանդակելու նպատակով:
Քաղաքապետարանը նախաձեռնեց ընդարձակ հանդիպումի մը, որուն հրաւիրեց կազմակերպութիւնները` նպատակ ունենալով համակարգել անոնց աշխատանքը` խնայելով մարդուժ եւ աշխատանքի կրկնութիւն:
«Հոս կ՛ուզեմ հաստատել, որ մեր դռները բաց են բոլորին դիմաց: Իմ տուեալներովս, ոչ մէկ բարեսիրական միութեան օժանդակութիւն մերժած ենք, իսկ եթէ կայ նման բան, ապա թող դիմեն քաղաքապետարան եւ յայտնեն իրենց դժգոհութիւնը, որպէսզի տեղւոյն վրայ սրբագրուի», ընդգծեց Մ. Պօղոսեան:
Քաղաքապետարանը հիմնական իր աշխատանքը կը համադրէ «Եու. Էն. Հեպիթեթ»-ի հետ եւ վնասներու գնահատման առումով կը հիմնուի անոր ու Լիբանանեան Կարմիր խաչին պատրաստած հարցաթերթիկին վրայ: Այս աշխատանքը երկու օրակարգերէ կը բաղկանայ. վնասներու գնահատում եւ սննդեղէնի օժանդակութիւն:
Այս աշխատանքին համակարգումէն ետք պիտի հիմնուի կայք մը, ուր պիտի կեդրոնացուին բոլոր մանրամասնութիւնները, եւ այդ կայքը պիտի ըլլայ բարեսիրական այդ միութիւններուն օգտագործելիք հարթակը, ուր բոլոր տեղեկութիւններն ու մանրամասնութիւնները պիտի երեւան:
Քաղաքապետարանը մօտէն կը հետեւի այս աշխատանքին եւ կը փափաքի իմանալ, թէ խոստացուած այս օժանդակութիւնները ի՛նչ տարողութիւն ունին: Վերջապէս քաղաքապետարանը իր գնահատումը պիտի կատարէ այս իմաստով, եւ այս տեղեկութիւնները պիտի զետեղուին ժողովուրդին, մամուլին եւ տարբեր լրատուամիջոցներուն տրամադրութեան տակ:
Այս աշխատանքը կը կատարուի միայն Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին կողմէ եւ արժանացած է Լեռնալիբանանի նահանգապետ Մոհամետ Մաքքիէի գնահատումին: Նահանգապետը բոլորին կոչ կ՛ուղղէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի օրինակին հետեւելու:
Նոյնիսկ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները հմայուած են այս աշխատանքով եւ կը փափաքին նոյն համակարգումը կատարել Պէյրութի մէջ:
Համակարգումի այս աշխատանքը վարող գործադիր մարմինին կը հսկէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան:
«Քորոնա»-ի Համաճարակի Երկրորդ Ալիքի Դիմագրաւում Եւ Վերականգնումի Նոր Եռանդ
«Քորոնա»-ի համաճարակի երկրորդ ալիքը դիմագրաւելու հրամայականին դիմաց քաղաքապետարանը կազմ ու պատրաստ կը գործէ` հականեխումի աշխատանքները կատարելու, «Քորոնա» ժահրով վարակուած ու մեկուսացումի կանոնները խախտող քաղաքացիները օրէնքի կանչելու եւ նախազգուշութիւններու մասին իր քարոզչութիւնը շարունակելու իմաստով, որոնց շրջագիծին մէջ կը հաստատուի քթակապերու գործածութիւնն ու ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Մ. Պօղոսեան անդրադարձաւ ընկերային ցանցերու ընդմէջէն քաղաքացիներուն փոխանցուող անհամ գրառումներուն, լուսանկարներուն եւ տեսանիւթերուն, որոնք դժբախտաբար համալիբանանեան անվստահութեան մթնոլորտէն ազդուելով կը հրամցուին նաեւ մեզի` ոչինչ նկատելով տասնամեակներ շարունակ գործած եւ ժողովուրդին ծառայած հայկական եւ տեղական բարեսիրական միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն աշխատանքը:
«Այդ բոլոր միութիւնները այնքան ազնիւ աշխատանք կը տանին, տասնեակ հազարաւոր կարիքաւորներու կը հասնին` առանց բարձրաձայնելու իրենց կատարածին մասին, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, որ իրենց առաքելութիւնն է լուռ ծառայել ժողովուրդին: Անոնց բոլորին աշխատանքը գնահատելի է, ողջունելի եւ մարդասիրական աշխատանք մը, որ այսօրուան շոյի աշխարհին հետ կապ չունի», հաստատեց Մ. Պօղոսեան:
Վերականգնելու իր յոյսին եւ բարգաւաճման աշխատանքը շարունակելու իր եռանդին ու կամքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մ. Պօղոսեան ըսաւ.
«Գոյատեւելու յոյսը մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը գտնուի, անիկա կրնայ քիչ մը մարած ըլլալ վերջին ժամանակաշրջանին մեր դիմագրաւած վերիվայրումներուն` յատկապէս տնտեսական ճգնաժամին պատճառով: Այդ յոյսը կրնայ մեր սրտին մէկ կողմը պահուած ըլլալ, սակայն կա՛յ, եւ բոլորը կը զգան անոր գոյութիւնը:
Իբրեւ մարդ արարած մենք իրաւունք չունինք պատահած այս աղէտին մէջ տարբերութիւն դնելու մեր եւ անոնց միջեւ: Սկսելու համար պէտք է վերջ տալ այս մօտեցումին եւ մտայնութեան, ի վերջոյ բոլորս լիբանանցի ենք եւ իբրեւ քաղաքացիներ հաւասար իրաւունքներ ու պարտաւորութիւններ ունինք: Մեր ծննդավայրը Լիբանանն է, եւ իբրեւ այս երկրի քաղաքացիներ պիտի վերականգնինք:
Հասկնալի է, որ մենք մէկուկէս տարիէ ի վեր դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրինք, սակայն քանի մը տարի առաջ այդպէս չէր: Կը հաւատամ նաեւ, որ քանի մը տարի ետք այսօրուան դժուարութիւնները յաղթահարած կ՛ըլլանք»:
Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ