կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-08-23 11:19
Սփյուռք

Տեղեկագիր 4 . Օժանդակութեան Եւ Վերականգնումի Աշխատանքներ` Տարբեր Ուղղութիւններով

Տեղեկագիր 4 . Օժանդակութեան Եւ Վերականգնումի Աշխատանքներ` Տարբեր Ուղղութիւններով

1.- Անցնող օրերուն Հայկական երեսփոխանական պլոքը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ընկերակցութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի եւ հայ թաղապետներու, այցելութիւններ տուաւ Քարանթինայի, Մար Մխայէլի, Էշրեֆիէի շրջանները եւ մօտէն իրազեկ դարձաւ հոն կատարուած քանդումներուն: Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բնակիչներուն հետ, որոնց տուները ենթարկուած են քանդումի կամ կրած մեծ վնասներ: Այս ծիրին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն անմիջական օժանդակութիւններ տրամադրեց նիւթապէս ծանր կացութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն:

2.- Այս ժամանակահատուածին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ սննդամթերքի տուփեր բաժնուեցան Պէյրութի, Արագածի եւ Սիսի շրջանի հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Սննդամթերքի բաշխումի աշխատանքները կը շարունակուին: Օժանդակութիւններու բաշխումը կարգ մը շրջաններու մէջ կատարուեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի ներկայութեամբ:

3.- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով արդէն իսկ նորոգութեան ընթացքի մէջ մտած են այն բնակարանները, որոնց ընտանիքի անդամներէն զոհ գացին աղէտին: Այս աշխատանքը ամբողջականօրէն ստանձնած է Կեդրոնական կոմիտէն եւ այս ծիրին մէջ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի փաստաբանական գրասենեակը ստանձնած է նաեւ զոհուած հայորդիներու ընտանիքներու պետաիրաւական հարցերու դասաւորումը:

4.- 19 օգոստոսին ԼՕԽ-ը ստանձնեց ՀՕՄ-ի կողմէ տրամադրուած 2,5 թոն առողջապահական անհրաժեշտ դեղորայքի եւ իրերու ծրարները: Այս ծրարներէն բաժին մը պիտի տրամադրուի «Ռաֆիք Հարիրի» հիւանդանոցին:

5.- ԼՕԽ-ի տաք ճաշի բաշխումի աշխատանքը կամաւոր ԼՕԽ-ականներու մասնակցութեամբ կը շարունակուի, եւ 1000 տարեցներ եւ կարիքաւոր ընտանիքներ կ՛օգտուին այս ծրագիրէն:

6.- «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը մօտէն կը հետեւի հայահոծ շրջաններուն մէջ վարակման երեւոյթներուն եւ ի պահանջել հարկին անմիջապէս կը կատարէ հաւաքական «Փի. Սի. Ար.» քննութիւններ եւ հիւանդանոցային դասաւորումներ:

7.- Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան հայկական եւ ոչ հայկական, տեղական թէ միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ` իրազեկ դառնալու համար վերականգնումի աշխատանքներուն: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը անդրադարձաւ աղէտեալ վայրերուն, յատկապէս Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան տարածքներուն մէջ գտնուող վնասուած շրջաններուն մէջ աւերներու գնահատման եւ վերականգնումի աշխատանքներուն: Այս հանդիպումը կը միտէր համակարգել շրջանին մէջ տարուող օժանդակութեանց ու վերաշինութեանց ծրագիրներու համադրումը` կրկնութիւններէ խուսափելու համար:

8.- Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը ուրբաթ, 21 օգոստոսին սկսաւ հայ ընտանիքներու բնակարաններու վնասներու ցանկագրումի աշխատանքին: Աւելի քան 90 կամաւորներ` հայկական վարժարաններու ուսուցիչներ եւ կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ուսանողական երիտասարդական միաւորներու անդամներ հայկական 15 եկեղեցիներու մէջ սկսան այս աշխատանքին, որ պիտի շարունակուի նաեւ շաբաթ եւ երկուշաբթի:

aztagdaily.com