Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
11 Օգոստոսին Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը զրուցելու եւ համադրելու Լիբանանի օժանդակութեան գործընթացը, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանի եւ ՀՕՄի Կիպրոսի Սօսէ մասնաճիւղի ատենապետուհի Լենա Պահատուրեանի միջեւ:
ՀՕՄի եւ ՀՅԴաշնակցութեան ներկայացուցիչները, Սրբազան Հօր յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը միասնաբար աշխատելու եւ համադրելու Լիբանանի համար Կիպրոսի մէջ հաւաքուող օժանդակութիւնները, իրենց կազմակերպութիւններու բոլոր անդամներուն հետ:
Սրբազան Հայրը ընդգծեց կարեւորութիւնը սփիւռքի մեր բոլոր օճախներէն Լիբանանի համար տարուող աշխատանքները հոգեւոր եւ ազգային իշխանութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ:
Հանդիպման մասնակիցները անդրադարձան Արամ Ա. Հայրապետի կոչին, Լիբանանի մէջ կազմուած բոլոր համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ ստեղծուած Լիբանանի Վերականգման Մարմնի եւ քննեցին կարելիութիւնները, մեր համատեղ ուժերով եւ կարելիութիւններով սատար կանգնելու Լիբանանահայութեան: