Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Համաշխարհային ներկայ ճգնաժամը, ստեղծուած “Քորոնա”ժահրին հետեւանքով, հսկայական անդրադարձ ունի տեղական թէ՝ համահայկական բոլո՛ր գաղութներէն ներս։ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր բոլոր անդամներէն կը պահանջէ մնալ զգօն եւ ապահով։ Ընկերային հեռաւորութիւնը եւ խճողուած վայրերէ խուսափիլը հիմնական են յաղթահարելու այս համաճարակը։
Վարչութիւնս համակ վստահութիւն ունի ՀՕՄ-ի Միաւորներուն եւ անդամներուն վրայ, որոնք կը շարունակեն թիկունք կանգնիլ մեր հայրենակիցներուն, նա մանաւանդ մեր համայնքներէն ներս գտնուող աւագ անդամներուն եւ կարիքաւորներուն, որոնք յաւելեալ խնամքի կը կարօտին։ Հաւաքական ուժերով եւ միասնական աշխատանքով է, որ պիտի կարենանք շրջանցել այս հանգրուանը եւ հզօր պահել մեր գաղութները։
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը անմիջապէս անդրադարձաւ համաշխարհային այս տագնապին եւ իր նախնական աջակցութիւնը բերաւ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն։ Chevy Chase Վիրաբուժական Կեդրոնին, Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամին եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին հետ գործակցաբար, մէկ թօնօ բժշկական իրեր ուղարկուեցան Հայաստան եւ Արցախ։ Ներկայիս յաւելեալ աշխատանք կը տարուի շտապ օգնութեան երկրորդ բաժինը ապահովելու։ Արցախի մեր հայրենակիցներուն աջակցելու համար, համահայկական օժանդակութեան կարիքը ունինք։ Նուիրատուութեանց համար այցելել՝ այստեղ։
Առաւելաբար, Հայաստանի ՀՕՄ-ը $1,000 ԱՄՆ փոխանցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան, ինչպէս նաեւ $5,000 ԱՄՆ՝ Երեւանի Վերականգնողական Հեռացի թիւ 1 Հիւանդանոցի Կեդրոնի Երեխաներու բաժանմունքի։ ՀՕՄ-ի զանազան շրջաններ եւ մասնաճիւղեր միացած են քոյր կազմակերպութիւններուն, եկեղեցիներուն, եւ Կառավարական կառոյցներու՝ օգնելու համար մեր համայնքներէն ներս գտնուող վտանգուած եւ անապահով խաւին։
ՀՕՄ-ը հիմնեց Համաշխարհային Տագնապի Շտապ Օգնութեան ֆոնտը, որուն միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ նիւթական թէ՛ բժշկական սարքերու նուիրատուութիւններ ստանալ, մեր գաղութներուն օժանդակելու նպատակով․ ինչպէս նաեւ ներկայ նեղ օրերուն նեցուկ կանգնիլ կարիքաւորներուն, անոնց տրամադրելով ապրուստի նուազագոյն պէտքերը։
Եթէ կը փափաքիք եւ կարողութիւնը ունիք օժանդակելու, կը խնդրենք կապ հաստատէք ձեր շրջանի ՀՕՄ-ի վարչութեան հետ։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է այցելել ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կայքէջը, ընկերային ցանցերը եւ հետեւիլ տեղական թերթերուն։
Մեր հայրենակիցներուն ապահովութիւնը նկատի առնելով, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշում առաւ յետաձգել ՀՕՄ-ի 110ամեակին նուիրուած ձեռնարկները, որոնք տեղի պիտի ունենային Օգոստոս 30էն Սեպտեմբեր 10, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Յետաձգուած է նաեւ ՀՕՄ-ի 7-րդ Նաւապտոյտը, որը պիտի իրագործուէր Նոյեմբեր 2020ին։ Բոլոր ձեռնարկներուն նոր ժամանակացոյցը կը յստականայ երբ ժահրի տարածման վտանգը վերջնականապէս դադրի։
Փաստօրէն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, մէկ դարէ աւելի պատմութիւն կերտած է։ Շնորհիւ մեր անդամներուն նուիրումին եւ վճռականութեան, ինչպէս նաեւ մեր համակիրներու նեցուկին, կարողացած ենք եւ կը շարունակենք բարձրորակ ծառայութիւն տրամադրել մեր աշխարհասփիւռ գաղութներուն, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ։ Ձեր շարունակական քաջալերանքը կ՛ապահովէ մեր կարողութիւնը պահելու համար հայ գաղութները եւ ձեռք երկարելու՝ հոն ուր կարիքը կայ։ Շնորհակալութիւն բոլորիդ։
Համաշխարհային Շտապ Օգնութեան ֆոնտին նուիրատուութիւններու համար կրնաք հետեւիլ այս հասցէին կամ ձեր նուիրատուութիւնները ղրկել ՀՕՄ-ի Կեդրոնական գրասենեակ՝ Armenian Relief Society, Inc. 80 Bigelow Ave., Suite 300, Watertown, MA 02472.
horizonweekly.ca