Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հոկտեմբեր 2019-ին սկիզբ առած Լիբանանի տնտեսական տագնապն ու քաղաքական անկայուն իրավիճակը մեծապէս ազդեցին լիբանանահայութեան բնականոն կեանքին վրայ:
Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, լրջօրէն հետեւելով իրադարձութիւններուն, չէր կրնար ձեռնպահ մնալ, հետեւաբար նոյեմբեր 2019-ին 5.000 ամերիկեան տոլար տրամադրեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին (ԼՕԽ)` տեղական ծրագիրներու հետեւողական եւ անընդմէջ ընթացքը ապահովելու համար:
Սակայն, կացութիւնը կը շարունակէ բարդանալ, եւ օժանդակութեան խնդրանքով ԼՕԽ-ին դիմող անհատներու քանակը օրէ օր կը բազմանայ: Կեդրոնական վարչութիւնը եւս 10.000 ամերիկեան տոլար տրամադրեց ԼՕԽ-ին եւ կոչ կ՛ուղղէ Ժողովուրդին մասնակցելու «Լիբանանի անմիջական օժանդակութիւն» խորագիրով նուիրահաւաքին: Նուիրատուութիւնները պիտի յատկացուին հետեւեալ 3 ծրագիրներուն.
. Պնակ մը կերակուր
Սոյն ծրագիրին ընդմէջէն, նուիրատուներ կրնան հովանաւորել ճաշի մատուցումը գաղութի 150 անհատներու/կարիքաւորներու: Առ ի գիտութիւն, նոյն ԼՕԽ-ի ծրագիրն է, որ տարիներէ ի վեր շաբաթը 2 օր տաք ճաշ կը մատուցէ կեդրոնին մէջ:
Ցարդ տիրող պայմաններուն տակ, 2 օրը նուազած է 1 օրուան: Կեդրոնական վարչութիւնը, ներկայ անհրաժեշտութիւնը առաջնահերթ նկատելով, վերահաստատեց ԼՕԽ-ի «Պնակ մը կերակուր»-ը շաբաթական 2 օր մատուցելու նախկին ընթացքը:
Գումար` 500 ամերիկեան տոլար/օրական 150 անհատներու (նկատի ունենալ 1000 ամերիկեան տոլար` շաբաթը երկու օրուան համար):
. Գոյատեւման պիտոյքներ
Սոյն ծրագիրին ընդմէջէն, կարիքաւորներու (որոնք արդէն ԼՕԽ-ին կ՛ապաւինին իրենց օրական դեղորայքին եւ ուտելիքին համար) պիտի յատկացուի մէկ ամսուան ուտեստեղէն, դեղորայք եւ բարեկեցիկ կեանք ապահովելու հիմնական պիտոյքներ:
Գումար` 250 ամերիկեան տոլար:
. Յոյսի արկղ
Սոյն ծրագիրին ընդմէջէն ընտանիքներու պիտի յատկացուի 1 ամսուան ուտեստեղէն:
Գումար` 150 ամերիկեան տոլար/իւրաքանչիւր ընտանիքի մէկ արկղ:
Սրտաբուխ որեւէ նուիրատուութիւն ընդհանուր ֆոնտին օգտակար կրնայ հանդիսանալ: Կեդրոնական վարչութիւնը, գործակցաբար ԼՕԽ-ին, սոյն նուիրատուութիւնները պիտի յատկացնէ հոն, ուր կարիքը անմիջական է:
Բոլորիս պարտականութիւնն է նեցուկ կանգնիլ լիբանանահայութեան` օժանդակելու գաղութի մը, որ անցնող տասնամեակներուն իր կառոյցներով, վարժարաններով, մշակութային կեդրոններով եւ կազմակերպութիւններով եղաւ հայապահպանման տիտաններէն մին` մասնակցելով աշխարհասփիւռ ծրագիրներու իրագործման հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին:
Կոչ կ՛ուղղենք հանրութեան օգնութեան ձեռք երկարելու լիբանանահայ մեր հարազատներուն, որպէսզի կարենանք միասնաբար կեանք մը փոխել եւ ժպիտ բերել հայ մանուկին, պատանիին, երիտասարդին ու տարեցին:
Նուիրատուութիւնները կատարելու համար դիմել գաղութի ՀՕՄ-ի միաւորին կամ այցելել հետեւեալ կայքը:
aztagdaily.com