կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-24 21:41
Սփյուռք

Խանասորի աւանդը

 Խանասորի  աւանդը

Յուլիսի 25ն, կը յիշենք եւ կը տօնենք թշնամին անվրէպ հարուածող մեր ֆետայիներու յաղթանակներէն Խանասորի Արշաւանքը։

1896ին, Սուլթան Ապտիւլ Համիտի հրամանով, Քրտական մազրիկ ցեղախումբը յարձակեցաւ ու ջարդեց անզէն հայ ֆետայիներու խումբ մը, որ ուղղուած էր դէպի Պարսկաստան։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատժական պատասխանը չուշացաւ։

Տարի մը ետ։ 1897ի Յուլիսի 25ին, Դաշնակցութեան զօրախումբէն 253 ֆետայիներ, Նիկոլ Դումանի զինուորական ծրագրումով, հրամանատարութեամբ Վարդանի եւ Իշխանի (Յովսէփ Արղութեան), յարձակեցան ու բնաջինջ ըրին մազրիկ ցեղախումբը՝ խնայելով միայն կանանց եւ երեխաներուն Այդ օրը, հայ ֆետայիներու պատժական «կարկուտը տեղաց Խանասորի» դաշտին վրայ։

Կը յիշենք եւ կը տօնենք այդ նուիրական օրը։ Կը խոնարհինք ու վառ կը պահենք յիշատակը Խանասորի կռիւին ինկած մեր 25 ֆետայիներուն, որոնց շարքին էր Ռոստոմի եղբայրը Կարօն (Արիստակէս Զօրեանը)՝ Ագուլիսցի քաջ պատանին։ Անոնք՝ ինկած բայց աննման ֆետայիները, լուսագծեցին մարտական հայուն աւանդը, որ պէտք է հարուածել հայութեան սպառնացող որեւէ օտար ուժի։ Այդ աւանդը փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ, մինչեւ Սարդարապատ, Նեմեսիս, Արդարութեան մարտիկներ, Արցախ, Թալիշ եւ Տաւուշ։ Այդ աւանդին հաւատարիմ մնացին ու կը մնան բոլոր սերունդները, միշտ առաջնորդուելով Ագուլիսցի քաջ պատանիի օրինակով՝

«Սուրս առնեմ ելլեմ յառաջ,

Թուրքեր ջարդեմ ես ձախ ու աջ,

Ես ալ հայ եմ պարտաճանաչ,

Ազգիս համար մեռնիմ ես քաջ։»

Խորաթափանցել է պէտք Խանասորի Արշաւանքի իմաստին եւ աւանդին։ Այս արշաւանքը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մէկ սոսկ պատժական սխրագործութիւնը չէր։ Խանասորի Արշաւանքը հայ ֆետայիին ու հայ ազատամարտիկին խոստումն էր պաշտպանել ժողովուրդն ու երկիրը, հարուածել մեզի դէմ ուղղուած որեւէ սպառնացող քայլ ու տրամադրութիւն։ Որեւէ ուժ, որ կը սպառնայ եւ վտանգէ մեր հայրենիքը, մեր ժողովուրդը ու մեր դատը, այդ ուժը կը ստանայ, պի՛տի ստանայ հայուն պատասխանը։

Այս աւանդը նոյնն էր Ապրիլեան պատերազմին, նոյնն էր այս Յուլիսի բախումներուն։ Աւանդը պիտի շարունակհ մնալ նո՛յնը մեր ազգը վտանգող բոլոր ուժերուն դէմ։

Սքանչելի Պարոյր Սեւակ կը պատգամէր.- «Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէ՛ք Սարդարապատից։» Սակայն Սարդարապատի հերոսները իրենք զիրենք ճանաչեցին Խանասորի արշաւանքով։

Թէհլիրեանները, Շիրակեանները, Երկանեանները, իրենք զրենք ճանաչեցին Խանասորի Արշաւանքով։

Արդարութեան մարտիկները եւ Լիզպոնի հինգ հերոսները իրենք զրենց ճանաչեցին Խանասորի Արշաւանքով, եւ անոր աւանդով մղեցին Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարը։։

Արցախի ազատամարտիկները եւ հայութեան պաշտպանական ուժերը՝ Շահումեանէն մինչեւ Շուշի, Թալիշէն մինչեւ Տաւուշ, իրենք իրենց ճանաչեցին ու կը ճանաչեն Խանասորի Արշաւանքով՝ միշտ հետեւելով անոր աւանդին։

Խանասորի Արշաւանքը Դաշնակցական ֆետայիի,  հայ մարտիկի, ազատամարտիկի եւ բանակայինի անմեղութեան խորհրդանիշն է։ Մեր ժողովուրդը չի կրնար թոյլատրել, որպէսզի անոնց անմեղութիւնը խաթարուի ու խորթացուի։

Այդ անխաթար անմեղութիւնը անոնց  պայքարն է, գործն է, նուիրումն է՝ միայն ու միայն ի սպաս եւ ի պաշտպանութիւն Հայաստանին, հայութեան եւ Հայ Դատին։ Եւ միշտ ուղղուած՝ մեր հաւաքական լինելութեան սպառնացող որեւէ ուժի դէմ։

Խաթարել այդ անմեղութիւնը կը նշանակէ մեղանչել ընդդէմ Քրիստափորին, Զաւարեանին, Ռոստոմին, Նիկոլ Դումանին, Արամին, Դրոյին, Նժդեհին, Արդարութեան մարտիկներուն, Լիզպոնի հինգ ընկերներուն, Արթուր Մկրտչեանին, Շահէն Մեղրեանին, Արցախի ազատամարտիկին, նաեւ ընդդէմ Տաւուշի մեր հինգ նահատակներուն...։

Խանասորի աւանդը մեր բոլորինն է, եւ պիտի մնայ մեր բոլորինը։

Սեդօ Պոյաճեան

Յուլիս 24, 2020

Լոս Անճելըս