կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-07-25 12:06
Հասարակություն

Խանասորի արշավանքի նվիրական օրը

Յուլիս 25ին մենք կը յիշենք ու կը տօնենք Խանասորի Արշաւանքի նուիրական Օրը։ Բայց, խորաթափանցել է պէտք Խանասորի Արշաւանքի իմաստին եւ աւանդին։ Այս արշաւանքը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մէկ սոսկ պատժական սխրագործութիւնը չէր։ Խանասորի Արշաւանքը Հայ Ֆետայիին ու Հայ Ազատամարտիկին խոստումն էր հարուածել որեւէ օտար ուժ, որ կը սպառնայ մեր ժողովուրդին ու մեր դատին։ Եւ մենք հարուածեցինք, կը հարուածենք եւ պիտի հարուածենք...

Սքանչելի Պարոյր Սեւակ կը պատգամէր.- «Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէ՛ք Սարդարապատից։» Սակայն Սարդարապատի հերոսները իրենք զիրենք ճանաչեցին Խանասորի Արշաւանքից։ Թէհլիրեանները, Շիրակեանները, Երկանեանները, Արդարութեան Մարտիկներն ու Լիզպոնի հինգ տղաքը իրենք իրենց ճանաչեցին Խանասորի Արշաւանքէն։ Արցախի ազատամարտիկները իրենք իրենց ճանաչեցին ու կը ճանաչեն Խանասորի Արշաւանքէն։

Խանասորի Արշաւանքը Դաշնակցական ֆետայիի եւ Հայ ազատամարտիկի անմեղութեան խորհրդանիշն է։ Մեր ժողովուրդը չի կրնար թոյլատրել, որպէսզի ֆետայի ազատամարտիկի անմեղութիւնը խաթարուի ցուցամոլական ախտով։ Երբ ազատամարտիկ ֆետային մեր ժողովուրդին կը ներկայանայ իր հրացանով, ան կը խաթարէ Խանասորի ֆետայիին անմեղութիւնը։

Խաթարել այդ անմեղութիւնը կը նշանակէ մեղանչել Քրիստափորին, Զաւարեանին, Ռոստոմին, Նիկոլ Դումանին, Արամին, Դրոյին, Նժդեհին, Արդարութեան Մարտիկներուն, Լիզպոնի հինգ ընկերներուն, Արթուր Մկրտչեանին, Շահէն Մեղրեանին, եւ Արցախի բոլոր ազատամարտիկներուն դէմ։

Չենք կրնար խորթանալ ֆետայի ազատամարտիկի անմեղութենէն։ Չենք կրնար մեղանչել Հայկական ազատագրական պայքարին դէմ։ Արծուեբոյն Արցախի Ասկերանի շրջանի զաւակ Նիկոլ Դումանը եւ Գողթն Գաւառի Ագուլիսի զաւակ Կարօն՝ Արիստակէս Զորեանը չեն ներեր մեզ, մանաւանդ ձեզ...

Ականջալուր ըլլանք Խանասորի Ագուլիսցի քաջ պատանիին:

Սեդօ Պոյաճեան