կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-29 16:40
Սփյուռք

«Այդ Պանդուխտ Մասը Հայաստանի»

«Այդ Պանդուխտ Մասը Հայաստանի»

Անգութ էր հոլովոյթը։

Թէեւ ամէն ինչ շատ հաճելի սկսած էր հին շէնքի տանիքը ամրացուած խաղավայրին վրայ ու անոր յարակից դասարաններուն մէջ, ուր տիրական էր ջրաներկին հոտը, որուն շաբաթը անգամ մը կը շաղախուէր Պարոն Սերոբին «բաժնած» լահմեճիւնի բոյրը։ Մեծ խանդավառութեամբ կը պատրաստուէինք ամավերջի հանդէսներուն, որոնց գերագոյնը պիտի ըլլար դեղին դասարանի հանդէսը, 1975-ի գարնան, որուն ընթացքին պիտի ստանայինք մեր վկայականները։ Սակայն մեզի անհասկնալի պատճառներով, այդ մէկը տեղի չունեցաւ, եւ մենք երգերուն ու «գոց»-երուն փոխարէն սկսանք օժտուիլ նոր բառապաշարով՝ «Այն Ռըմմանէ, Շիահ, Ազարիյէ», որոնք այսօր 45 տարի ետք, ինչ-ինչ զուգադիպութեամբ եւ դարձեալ անհասկնալի պայմաններու տակ վերստին հրապարակ նետուած են։ Եւ օր մը, մեր տունը եկաւ ընկեր Տիգրան Ճինպաշեանը (որ այդ օրերուն ուսողութեան ուսուցիչ էր)՝ զինուած գեղեցիկ ժապաւէնով զարդարուած ոլորուած խաւաքարտով մը. մեր մանկապարտէզի վկայականն էր։ Այսպէս վերջ գտան մեր անմեղութեան օրերը։

Ամիսներ շարունակ հեռու մնացինք մեր ջրաներկերէն եւ փիք-փիքներէն։ Փոքրիկ Անին եւ Պետիկն ու Գայլը մէկդի դրած, սկսանք զբաղիլ հաւաքելով «խամս միյյէ»-ի եւ «տոշքա»-ի քարտիճներ։ Եւ յանկարծ օր մը մեզի ըսին, թէ դպրոցը բացուած է։ Սկսանք ուղղուիլ հակառակ ուղղութեամբ՝ բարձրանալով Նաքքաշի բլուրները։ Հասանք երկյարկանի շէնք մը, որուն վրայ գրուած էր «Printemps», որ բաւական հեռու էր զոյգ աստիճաններով, արմաւենիներով եւ անծանօթ արձաններով ծանօթ մեր Ճեմարանէն։ Քանի մը շաբաթ մնացինք հոն՝ իբրեւ առաջին դասարանի աշակերտներ, ամփիթատրոնի մը նմանող սրահի մը մէջ օրդ. Սեդային հետ կարդալով Լեւոն Շանթ անունը կրող դասագիրք մը, զբօսանքներուն վանդակներու մէջ պահուըտած նապաստակներու հետ անցընելով մեր ժամանակը, մինչեւ որ փոխադրուեցանք Կենաց վարժարանի շէնքը, Տըպպայէ, ուր մեզի յայտարարեցին, թէ անցած ենք երկրորդ դասարան։

Այս տարօրինակ օրերը վերջ գտան 1977-ի աշնան, երբ մոգական գաւազանի մը հարուածին շնորհիւ մենք մեզ վերագտանք մեզի ծանօթ Ճեմարանին մէջ, որուն սկսած էին տալ «Ղարպիյյէ» անունը, հրաշքներու աշխարհին մէջ պտտող Ալիսին հոգեվիճակով։ Վերագտանք մեր ընկերներէն շատերը, սակայն ուրիշներ չկային։ Սորվեցանք նոր բառ մը եւս. գաղթած են։ 

Սակայն հրաշքներու աշխարհին մէջ մեր արկածախնդրութիւնը երկար չտեւեց։ Շուտով փոխադրուեցանք Պուրճ Համուտ՝ թխմուելով «Ազդակ»-ի շէնք կոչուող կառոյցի մը մէջ, որ յարաբերաբար մեր «Ղարպիյյէ»-ի դրախտին, միայն քիչ մը աւելի մեծ էր սարտինի մը տուփէն։ Բայց այդ օրերուն ընկերային հեռաւորութեան թնճուկը գոյութիւն չունէր, եւ մենք ստացանք հայակերտման մեր կազմաւորումը այդ խճողուած կառոյցին մէջ։

Միջնակարգի տարիները շատ չէին տարբերեր Փինք Ֆլոյտի «Պատը» ժապաւէնի հերոս Փինքին ապրած դպրոցական տարիներէն։ Ներքին տագնապներու կողքին, սակայն, կ’ապրէինք արտաքին իրադարձութիւններուն հետեւանքները, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ելեւէջներուն այլազան եւ այլանդակ դէպքերուն շուքին տակ։ Դասարանային օրերուն կողքին, նոյնքան ժամանակ կ’անցընէինք տունը, արձակուրդի անտարբեր մթնոլորտին մէջ, Zoom-ի չգոյութեան հանրօգուտ առիթէն օգտուելով նետուելով հայ յեղափոխական գրականութեան եւ գիտական հետազօտութիւններու գիրկը։

Փրկութեան լաստը հասաւ եւ հորիզոնը պայծառացաւ երկրորդական դասարաններուն։ 

Ստանալով ազատատենչ, ազատաձեռն կամ ընդհանրապէս խանդավառ ուսուցիչներու օրհնութիւնը եւ սուրբ հաղորդութիւնը՝ Հրաչ Տասնապետեան, Ալիս Գազանճեան, Գրիգոր Շահինեան, Մկրտիչ Մկրտիչեան, Սըր, Երուանդ Փամպուքեան, Գէորգ Գանտահարեան, Անի Թագւորեան, Ռիթա Գրիգորեան, պարոն Թահհան, պարոն Քոլէյլաթ, Շուշիկ Տասնապետեան, ինչպէս նաեւ մեզի «ազատ ժամ» պարգեւող այցելու փիլիսոփաներ, մենք մեր կարգին եւս նետուեցանք ազատ ասպարէզ։ Սարտինի տուփը կերպարանափոխուեցաւ եւ վերածուեցաւ փանտորայի տուփի։ Օգտուելով մարդակերտումի ընձեռած բարիքներէն, յաճախակի դարձան «Ազդակ»-ի շէնքէն սպրդելու միտող անկազմակերպ շրջապտոյտները, դէպի Փուռ Կարապետ, դէպի Ճիւնի կամ սովորական մահկանացուներու համար արգիլեալ գօտի հռչակուած սրահներ։ Ի վերջոյ, յուզումով էր, որ դիմաւորեցինք վկայականաց բաշխման հանդէսը։ Վերջին սերունդն էինք, որ կ’աւարտէր տուփիկէն։ Յաջորդ սերունդներուն կը սպասէր Ծաղկաձորի Ճեմարանը, որուն մաքեթին միայն մենք ականատես եղած էինք։ 

Այդ օրերէն անցած են մօտ 33 տարիներ։ Եւ կարելի չէ այս սեղմ տողերուն մէջ ներկայացնել այդ տարիներուն ընթացքին կենդանացած ա՛յն կարողականութիւնը, զոր մենք ձեռք ձգած ենք իբրեւ արդիւնք մեր ճեմարանականութեան։ Արամ Ա. վեհափառը բազմիցս յայտարարած է՝ «Եկեղեցին պատ չէ»։ Հայութեան եւ ճեմարականներուս համար ալ Ճեմարանը ո՛չ պատ է, ո՛չ արմաւենի, ո՛չ տանիքի խաղավայր, ո՛չ տուփիկ, ո՛չ տնօրէն, ո՛չ ուսուցիչ, ո՛չ աշակերտ կամ ծնողք։ Եւ կը յիշեմ Դանիէլ Վարուժանի բառերը, զորս մեծ չարչարանքով եւ թէկուզ իսկ անգթութեամբ փորձած ենք սորվիլ Ճեմարանի գրասեղաններուն վրայ։ Ան «բուռ մը հող է բերուած հոն, հայրենիքի դաշտերէն»։ 

ՀՐԱՅՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ