կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-24 14:00
Սփյուռք

Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարին

Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըրի, որուն հետ կատարեց Լիբանանի եւ շրջանային թատերաբեմին վրայ արձանագրուած դէպքերու քննարկումը:

Բագրատունի վեր առաւ լիբանանեան բանակի եւ զինեալ ու ապահովական կառոյցներու ճիգը` երկիրը զերծ պահելու ներքին բախումներէ եւ քաոսային վիճակէն:

Ապա քննարկուեցաւ Լիբանանի հայութեան հետ կապուած կարգ մը խնդիրներ, ուր Բագրատունի շեշտեց թրքական գործօնի զարգացումը եւ այդ ուղղութեամբ Լիբանանը ամուր պահելու ու թրքական ոտնձգութիւններու դէմ դնելու պետական եւ քաղաքական դիմադրականութեան արմատաւորման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպում Գաղտնի Սպասարկութեանց Պետին Հետ

Երեսփոխան Բագրատունի այցելեց նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութեանց պետ զօր. Թոնի Մանսուրի, որուն հետ քննարկեց հայաբնակ թաղամասերու ապահովութեան կապուած խնդիրներ:

aztagdaily.com