|
Փոխարժեքներ
29 10 2025
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 382.78 |
| EUR | ⚊ | € 446.44 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.7824 |
| GBP | ⚊ | £ 509.98 |
| GEL | ⚊ | ₾ 140.95 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան հանրապետութեան նախագահի արագ ընտրութեան եւ այս իմաստով խորհրդարանական նիստերու կայացման հարցին վրայ:
Քննարկուեցաւ նաեւ ժողովուրդը յուզող հարցերու կապակցութեամբ օրէնսդրութեան կայացման խնդիրը եւ այս ուղղութեամբ խորհրդարանին մէջ համապատասխան օրինագիծերու վճռահատման անհրաժեշտութիւնը:
Բագրատունի գնահատելով երկխօսութիւն կատարելու Պըրրիի նախաձեռնութիւնը, կարեւոր նկատեց այն, որ նախագահի ընտրութիւնը պէտք է շատ արագ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին կատարուի, եւ այս ուղղութեամբ միակ լուծումը կը կայանայ երկխօսութեան ճամբով Լիբանանի ներկայ դժուարին փուլին համապատասխան թեկնածուի մը շուրջ համախոհութեան մէջ:
Նաեւ` Ապպաս Իպրահիմի Մօտ
Երեսփոխան Բագրատունի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի ընկերակցութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:
Քննարկումի նիւթ դարձաւ երկրի ապահովական կացութիւնն ու նախագահական ընտրութիւնը:
Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց, որ զօր. Իպրահիմ ազրպէյճանական եւ թրքական իշխանութիւններուն մօտ կատարէ միջամտութիւն, Պաքուի մէջ գերեվարուած լիբանանցի Վիգէն Իւլճեքեանի անիրաւ բանտարկութեան վերջ տալու եւ զինք ազատ արձակելու առնչութեամբ: