կարևոր
2410 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-23 11:10
Քաղաքական

Զօրաշարժ Ի Խնդիր Արցախի Պաշտպանութեան

Զօրաշարժ Ի Խնդիր Արցախի Պաշտպանութեան

Լիբանանի մէջ գործող հայկական երեք կուսակցութիւնները` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը կը հրաւիրեն «Արցախի զօրակցական հաւաքի` ընդդէմ Ազրպէյճանի կողմէ ծաւալած հայաթափման արշաւին»: Երեք կուսակցութիւններու ախտորոշումը պարզ է եւ մեկին. Բերձորի միջանցքի փակման նպատակը Արցախի հայաթափումն է: Իլհամ Ալիեւ բառացիօրէն ըսած է, որ Բերձորի միջանցքը չէ փակուած. ճանապարհը բաց է անոնց համար, որոնք չուզելով ապրիլ իբրեւ Ազրպէյճանի քաղաքացիներ, կրնան մեկնիլ: Արցախի մէջ պաշարուած 120.000 հայերը, նաեւ անոնք, որոնք 2020-ի պատերազմին պատճառով գաղթական դարձան, կը մերժեն Ազրպէյճանի քաղաքացիութիւնը ընդունիլ եւ կը յայտարարեն, որ Արցախը չի կրնար Ազրպէյճանի մաս կազմել: Անոնք որոշած են ուրեմն մնալ իրենց պապենական հողերուն վրայ եւ պայքարիլ ի խնդիր Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման:

Հայաստանի իշխանաւորները, որոնք գրեթէ մէկուկէս ամիս տեւող պաշարման օրերուն դիմումներ կը կատարեն աջ ու ձախ` պահանջելով Բերձորի միջանցքին վերաբացումը, կը շարունակեն խօսիլ Արցախի հայերու իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան երաշխիքներուն մասին: Ինքնորոշման իրաւունքը դուրս ձգուած է բառամթերքէն, որովհետեւ Հայաստան ընդունելով, առանց դոյզն վերապահութեան, Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, Արցախը կ՛ընդունի իբրեւ Ազրպէյճանի պատկանող տարածք: Ո՛չ անկախութիւնը, ո՛չ ալ Հայաստանի կցումը օրակարգի վրայ են, այդ պատճառով ալ Արցախի հայութեան ինքորոշման մասին չեն խօսիր: Ինքնորոշման մասին ակնարկութիւնն իսկ լեզու կ՛այրէ: Քանի որ Արցախը ազրպէյճանական հող է եւ այնտեղի հայերը ազրպէյճանական քաղաքացիներ են, վերջիններուն կը մնայ բանակցիլ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ, ապահովելու համար իրենց ապագայ իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը: Ազրպէյճան տրամադիր չէ նման նիւթերու շուրջ խօսիլ. Ալիեւ կ՛ըսէ, որ հայերը, իբրեւ Ազրպէյճանի քաղաքացիներ, կը վայելեն բոլորին նման քաղաքացիական ու այլ իրաւունքներ եւ ունին բոլորին նման պարտաւորութիւններ: Հայաստան Արցախի ինքնորոշման պայքարին մէջ ինքզինքին վերապահած է դիտողի դեր: Բարեացակամ դիտողի դեր, քանի որ կը շարունակէ նիւթապէս օժանդակել Արցախին:

Ամբողջ աշխարհը վրդոված է Ազրպէյճանէն իր անմարդկային վերաբերումին համար: Կառավարութիւններու, խորհրդարաններու, քաղաքային խորհուրդներու, մարդասիրական կազմակերպութիւններու, Արդարադատութեան միջազգային դատարանի, Մարդու իրաւունքներու միջազգային դատարանի յայտարարութիւնները իրարու կը յաջորդեն. բոլորը կը դատապարտեն պաշարումը եւ կը պահանջեն Բերձորի ճանապարհի շուտափոյթ բացումը:

Եւրոպական Միութեան (27 երկիրներ) խորհրդարանը ոչ միայն խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակումը եւ կը պահանջէ անյապաղ վերականգնել տեղաշարժի ազատութիւնը, այլ նաեւ կը թելադրէ տագնապը լուծել ԵԱՀԿ-ի Հելսինքիի համաձայնագիրի սկզբունքներուն հետեւողութեամբ: Այդ սկզբունքները կը ներառեն թէ՛ պետութիւններու հողային ամբողջականութիւնը, թէ՛ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւնը եւ թէ՛ ինքնորոշման իրաւունքը: Համաձայնագիրը կը մերժէ բռնի ուժով` պատերազմով, իրականացած կացութիւններու իրաւական օրինականութիւնը:

Եւրոպական խորհրդարանի յայտարարութիւնը տրամաբանօրէն լսած պէտք է ըլլայինք Հայաստանի իշխանութիւններու բերնէն: Այդ պարագային, համայն հայութիւնը զօրավիգ պիտի դառնար Հայաստանի կառավարութեան եւ անոր ցուցմունքով պայքարի պիտի ձեռնարկէր Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին:

Աւա՜ղ, հեռու ենք նման համախմբում իրականացնող պետական նախաձեռնութենէ: Եթէ պետութիւնը չ՛ըներ, ժողովուրդը պիտի նախաձեռնէ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար համախմբումը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. կոչ կ՛ուղղէ համայն հայութեան զօրաշարժ յայտարարելու` ի խնդիր Արցախի պաշտպանութեան: Զօրաշարժի առաջադրանքներուն մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կը պատգամէ. «Մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ արծարծ պահել Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հրամայականը` իբրեւ համահայկական առաջնահերթութիւն»:

Լսենք Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամը, արձագանգենք անոր ու Լիբանանի մէջ թէ այլուր, Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք եռամիասնութեան դրօշը բարձրացնենք զօրակցելով ազգային նորօրեայ առաջնահերթութեան` Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ընդունման եւ իրականացման:

 

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

aztagdaily.com