Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երկուշաբթի, 10 նոյեմբեր 1985: Զբօսանքի վերջը աւետող զանգը հնչած է: Շուրջ 300 աշակերտներ, Ճեմարանի Պուրճ Համուտի առժամեայ շէնքին նեղ աստիճաններէն վեր կը բարձրանան դէպի դասարաններ: Վերը կանաչ գրատախտակ, սպիտակ կաւիճ ու գունաւոր կողքով տետրակներ կը սպասեն իրենց: Դասագիրքերուն էջերէն Քուռկիկ Ջալալի հեծած Սասունցի Դաւիթ, Վարդան Մամիկոնեան եւ Փառանձեմ Թագուհի կազմ ու պատրաստ են: Իսկ դասարաններուն լայն պատուհանները կը բացուին դէպի եռագոյն մոլորակ մը, դէպի հայ մշակին արիւն քրտինքով հերկուած դաշտ, դէպի երկնագոյն Սեւան ու դէպի անհաս փառքի ճամբայ Մասիս սար, դէպի հոգիներու ծննդավայր եկեղեցի, դէպի որդուն ուղղուած խօսք` մայրենի լեզուի անմոռանալիութեան մասին:
Վերը՝ պարոն Յովհաննէսին սուլիչէն ետք, աստիճանի գլխուն տիկին Հանրիեթն է, որ կը հսկէ՝ «կամա՛զ-կամա՛զ», մինչ անհամբեր տղաք կը վազեն դէպի դասարան: Վերը, անմոռանալի օրիորդ Ալիս իր մէկ անուշ ժպիտով նկարագիրներ կը կերտէ: Վերը, տիկին Սեդա իր քաղցրանուագ ձայնով պատմուածքներ կը կարդայ առաջին դասարանի յափշտակուած մանուկներու: Տիկին Թերեզ ներողամտութեամբ կը դիտէ զուարթ երեխաները, մինչեւ որ հանդարտին ու կեդրոնանան արաբերէնի դասին վրայ: Տիկին Յասմիկ բծախնդրութեամբ կը հեգէ ու կը ճշդէ հայերէնի ընթերցանութեան դասը: Վերը՝ հիւանդապահուհի տիկին Արուս տեսողութեան քննութեան պիտի ենթարկէ բոլոր աշակերտները. չըլլայ թէ մանուկի մը աչքէն վրիպի ֆրանսերէնի քերականական նուրբ օրէնք մը: Վերը՝ տիկին Անահիտ անգլերէնի սխալ հնչիւնները կը յղկէ. կա՛րաժ չէ, այլ՝ կըրրա՜աաժ:
Վերը՝ օրիորդ Արփի Հնդկաստանի մետաքսի շուկաները կամ Պրազիլի Ամազոն անտառները կը պտտցնէ իր աշակերտները, երբ անոնցմէ շատեր ռմբակոծումի ապաստան գետնայարկերէ զատ ուրիշ ոչ մէկ տեսարժան վայր այցելած են: Վերը՝ պարոն Թորգոմին հետ ուղղագրութիւնը հաճելի ժամանցի մը կը վերածուի: Փողոց «փիւր»-ով կը գրուի, որովհետեւ փողոցը երկար կ’ըլլայ. իսկ գայլ կենդանին՝ «գիմ»-ով կը գրուի, գայլը ունի կլոր գլուխ, մարմին ու պոչիկ. մինչ ի՜նչ գորշ գայլեր կ’ոռնան դուրսը:
Վերը՝ օրիորդ Ռիթա եւ օրիորդ Երամեան անխնայ կը բազմապատկեն, կը բաժնեն, կը կոտորակե՜ն ու ի վերջոյ կը լուծե՛ն աշխարհի բոլոր խնդիրները, նոյնիսկ եթէ երկրի վիճակը Գորդեան հանգոյցէն աւելի անլուծելի թնճուկ մը դարձած է: Վերը՝ երջանիկ աշակերտներ պարոն Մնակեանի դաշնակին ընկերակցութեամբ ճախարակ կը մանեն, արտոյտին կամ թիթեռնիկին կը բարեւեն, հոգ չէ թէ դուրսի մռայլ ամպերէն փամփուշտ կը տեղայ: Վերը, հայապահպանումի կամաւոր բանակի յառաջապահ զինուոր պարոն Եփրեմ՝ հայկական արժէքները կը սերմանէ, ու Դանիէլ Վարուժանի ոգին հատիկ-հատիկ կը ծորի պատանի Դանոյին սրտին մէջ: Վերը:
Նոյեմբեր 1985-ի այդ երկուշաբթի կէսօրէն ետք, կենսունակ աշակերտներ զբօսանքէն վեր կը վազեն ու անոնց քայլերուն (այս քայլը՝ «քէ»-ով), ուրեմն անոնց քայլերուն ամէն մէկը տակաւին ականջիս մէջ կ’արձագանգէ: Ես կանգնած եմ վարը, առաջին յարկի գրադարանին մուտքին: Այդ օրը Ճեմարանի տարազս չեմ հագած: Եկած եմ հրաժեշտ առնելու իմ ընկերներէս: Շաբաթ մը ետք՝ ճակատագիրի նաւը զիս պիտի տանի Կիպրոս, ու ապա օդանաւային երկար ճամբորդութենէ մը ետք՝ Քանատայի ցուրտ ափերը: Պահանջը կը զգայի վերջին ցտեսութիւն մը ըսելու: Խումբ-խումբ առջեւէս կը տողանցեն մեծերը, միջակները, փոքրիկները: Ձեռքի շարժումով մը «պա՜յ» կ’ըսեն ու վեր կը վազեն, կ’անցնին, առանց ետ դառնալու: Միայն այդքան: Որքա՜ն դիւրին է այդ ձեռքի շարժումը, որքա՛ն արագ կը հնչուի այդ միավանկ «պայ»-ը: Ու ես ձեռնունայն ու գլխիկոր պարմանուհի, Ճեմարանի շէնքէն դուրս կու գամ շուարած, առանց հասկնալու, թէ ո՞ւր կ’երթամ, ինչո՞ւ կ’երթամ, ինչո՞ւ չեմ մնար իմ սիրելի ընկերներուս հետ:
Գաղթականի մը ճամպրուկը շատ փոքր կ’ըլլայ, բայց խիստ ծանր: Կարօտն ու մորմոքն են, որ ամէնէն շատը կը կշռեն: Հազիւ տեղ կը մնայ Ճեմարանի նոթատետրի մը, դասացուցակի մը, քանի մըվիճակացոյցի, ու ընկերներու հազուագիւտ նկարներու: Ցարդ տասնեակ մը փոխադրութիւններուս դիմացած ու խնամքով պահուած են այդ մասունքները: Զետեղուած են արկղի մը մէջ, ընկերներէ ստացուած նամակներու կողքին: Սակայն Ճեմարանին տուած դաստիարակութիւնը արկղին մէջ չէ որ մնացած է, այլ այս պահուս իսկ մատներուս ծայրն է, երբ այս տողերը կը գրեմ: Ճեմարանականութիւնս անցագիր մըն է. ճակտիս վրայ կնքուած է ու անբաժանելի է ինձմէ, ինչպէս իր հարազատ յարկին ներքեւէն անցած հազարաւոր հայերուն:
Ճեմարանը տիկին Արուսին սրսկած «փոլիօ»-ներէն բազմիցս աւելի հզօր այն պատուաստն է, որ զիս կը պաշտպանէ օտար ու ժանտ հովերուն դիմաց:
1985-ի նոյեմբերէն 29 տարիներ ետք, կրկին վերամուտ: Այս անգամ՝ առաջնեկս, 2014-ի սեպտեմբերին կը մտնէ մանկապարտէզ: Քանատահայ գաղութին պահապան հրեշտակներու հովանիին տակ գործող այս դրախտավայրին տնօրէնուհին ժամանակին Ճեմարան պաշտօնավարած էր: Զաւակիս դասարանին մէջ իսկ կան չորս հինգ ուրիշ մանուկներ, որոնց ծնողները «Մեր բոլորիս ուխտավայր»-ի դասընկերներս եղած էին: «Թափառական հայու ճակատագիր» ըսելու պէտք ունի՞մ: Անպիտա՛ն ճակատագիր, մենք մեր զաւակները հայկական դպրոց բերելով քու հաշիւդ մաքրելու եկած ենք: Անպիտա՛ն, լի՛րբ, կոպի՛տ, ամբարտաւա՛ն ճակատագիր, պարոն Յովհաննէսին գործածած ածականները վկայ... վրէ՜ժ ունիմ լուծելիք քեզմէ:
Ու ապա, յաջորդող տարիներուն, զաւակիս հետ կը կարդամ «Փոքրիկ Անին», նոյն այն գիրքը որուն հեղինակ տիկին Լուսին Մալիքեանին հետ ես ալ սորված էի, թէ այդ անուշիկ աղջկան անունը Անի էր: Ու քառասուն տարիէ ի վեր տակաւին պապան կ’աշխատի ու մաման կը կարէ, եւ տերեւը դեռ դեղին է: Իսկ վա՜յ թէ յանկարծ Պետիկը պարտէզէն փախչէր, նոյն այդ գլուխի պէս կլոր «գիմ»-ով գրուող գայլին հանդիպէր...
ՇՈՂԵՐ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Մոնրէալ
14 յունիս 2020
Ծանօթ.- Ճեմարանի նուիրահաւաքին մասնակցելու համար սեղմել հետեւեալ կապը`