Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Ն. Պէրպէրեան
28 Մարտի այս օրը, 34 տարի առաջ, Պէյրութի մէջ առեւանգուեցաւ, անհետ կորսուեցաւ եւ մութ պայմաններու մէջ սպաննուեցաւ հայ քաղաքական մտքի նոր ժամանակներու ամէնէն մարտունակ դէմքերէն՝ Հայկական Արեւելումի դրօշակիր եւ Դաշնակցութեան գաղափարի մարտիկ Սարգիս Զէյթլեան։
Եթէ կարելի է քանի մը բառով խտացնել գաղափարական նկարագիրն ու էութիւնը Սարգիս Զէյթլեան ազգային անձնդիր գործիչին, ջլապինդ եւ համարձակախօս հրապարակագիրին ու դաշնակցական յանդուգն ղեկավարին, ապա իրաւամբ ան կը հանդիսանայ Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելու ազգային-քաղաքական հանգանակին, այլեւ՝ ժողովրդավար եւ ազատախոհ ներշնչանքով ազգային եւ ընկերային համընդհանուր ազատագրումի գաղափարաբանութեան յառաջապահ պատգամաբերը։
Մարտ 1985ի այս օրը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ, հայանուն բայց ազգադաւ ուղեղ մը յղացաւ, պատուիրեց ու օտարի ձեռքով իրագործեց առեւանգումը եւ սպանութիւնը Մարդու, Հայու եւ Դաշնակցականի ինքնատիպ մարմնաւորումը հանդիսացող այս արժանաւորին։
Իր 25րդ Ընդհանուր Ժողովին, 1992ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, յատուկ յայտարարութեամբ մը, արժեւորումը կատարելով 28 Մարտ 1985ի ոճիրին բացած խոր վէրքին, մեր ժողովուրդի սերունդներուն յանձնեց Աւանդը Ս. Զէյթլեանի՝ պատգամելով, որ
— «Ս. Զէյթլեանը էր եւ կը մնայ մեր արժանաւոր ընկերը, որ նահատակուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան վարած պայքարի պատնէշին վրայ՝ հակադաշնակցական մութ ուժերու ձեռքով (իր ընկերակից՝ Կ. Գոլանճեանի հետ միասին) առեւանգուելով եւ տմարդի կերպով ահաբեկման ենթարկուելով։ Պայքարողի խրոխտ կեցուածքով, դաշնակցականի գաղափարական սքանչելի տիպարով եւ դաշնակցական մտքի դրօշակիրի փայլուն դիմագիծով, ինչպէս նաեւ իր գործով ու օրինակով, Ս. Զէյթլեան այլեւս մաս կը կազմէ դաշնակցական անմահ նահատակներու փաղանգին»։
Եւ որքան ժամանակը թաւալի, այնքան հայոց յիշողութեան մէջ Մարտ 28ը անդին կ’անցնի գործուած վատոգի ոճիրին առթած ընդվզումէն եւ կը զգենու Սարգիս Զէյթլեանի անմեռ յիշատակը ոգեկոչելու, Գաղափարի Մարտիկի անոր աւանդով ու վաստակով հաղորդուելու եւ վերանորոգուելու օրուան նշանակութիւն։
Սարգիս Զէյթլեան ծնած էր 1930ին, պատմական Մուսա Լերան Խտըր Պէկ գիւղը։ Մեծ մայրը՝ Վարդերը 1915ի Մուսա Լերան հերոսամարտին կռուած հայ հերոսուհիներէն էր։ Հայրը՝ Թովմասը, հերոսամարտի շրջանին տակաւին պատանի, իբրեւ սուրհանդակ մասնակցած էր թրքական յարձակման դէմ մղուած մարտերուն, իսկ երեք տարի ետք, միանալով Ֆրանսական բանակի կողքին կազմուած Հայկական Լեգէոնին, մասնակցած էր 1918ի Արարայի յաղթական ճակատամարտին։
Բառին իրաւ եւ հարազատ իմաստով մուսալեռցի էր Ս. Զէյթլեան։ Ուսումն ու հանրային ծառայութիւնը ո՛ւր որ ալ տարին եւ պատասխանատուութեան ի՛նչ դիրքի վրայ ալ կանգնեցուցին զինք՝ ան միշտ գործեց լեռնական հայ գիւղացիի անեղծ պայծառամտութեամբ, խրոխտ նկարագրով եւ աներեր հայկականութեամբ։
Կեանքը չօգնեց, որ Ս. Զէյթլեան համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստանայ։ Ստիպուեցաւ բաւարարուիլ Երուսաղէմի Ժառանգաւորացին եւ Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանին ջամբած հայագիտական պատրաստութեամբ։ Բայց ե՛ւ իր ուսումնատենչութեամբ ու ինքնաշխատութեամբ, ե՛ւ Յակոբ Օշականի, Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի ու Կարօ Սասունիի տարողութեամբ մեծ Ուսուցիչներու շունչով կազմաւորուելու իր բախտաւորութեամբ՝ Սարգիս Զէյթլեան մտաւորական նախանձելի պաշարի տիրացաւ եւ իր ողջ կեանքը իմաստաւորեց հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը, հայ քաղաքական մտքի դեգերումներն ու հայ ազգային ինքնութեան բազմակողմանի զարգացումը ուսումնասիրելու անսպառ եռանդով։ Եւ այդ պաշարով՝ Սարգիս Զէյթլեան համարձակ քայլերով իր ուղին հարթեց հայ իրականութեան մէջ։
Բացառապէս սփիւռքի մէջ գործեց, բայց հայ ժողովուրդի հայրենական կեանքի առօրեան, ազգային-քաղաքական ու հասարակական-մշակութային իր բոլոր երեսներով ու հոգերով, անբաժան մասն ու կիզակէտը դարձուց սփիւռքահայու իր կեցութեան։ Միայն իրեն չպահեց գաղափարական ու հոգեմտաւոր այդ ջերմեռանդ առօրեան, այլ անսակարկ բաշխեց իր ընթերցողներուն, իր դպրոցական աշակերտներուն, դաշնակցական իր ընկերներուն եւ, լայն ընդգրկումով, աշխարհասփիւռ ողջ հայութեան։
Սարգիս Զէյթլեանի կեանքը մնայուն վերելք մը եղաւ հանրային գործունէութեան տարբեր մարզերու մէջ եւ գաղափարական ծառայութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ։
1954ին հրաւիրուեցաւ Գահիրէ՝ ատենի նստավայրը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, միանալու համար Հ.Յ.Դ. Եգիպտոսի պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր»ի խմբագրական կազմին։ Ան մօտէն ծանօթացաւ ու գործակցեցաւ Վահան Նաւասարդեանի ղեկավարութեամբ «Յուսաբեր»ի շուրջ խմբուած հայ մտաւորական փաղանգին՝ Գաբրիէլ Լազեանի եւ Բենիամին Թաշեանի տարողութեամբ խմբագիրներու հետ։ «Յուսաբեր»ի դպրոցին մէջ թրծուեցան Սարգիս Զէյթլեան ազգայնաշունչ մտաւորականի, հզօր կամքի տէր քաղաքական գործիչի եւ դաշնակցական բոլորանուէր առաջնորդի նկարագիրն ու վարքագիծը։ Նոյն տարիներուն նաեւ կրթական մշակ եղաւ Գահիրէի Ազգային «Գալուստեան» վարժարանին մէջ, ուր պաշտօնակից ունեցաւ իր կեանքի հետագայ ընկերուհին՝ ծանօթ մտաւորական Սոնա Սիմոնեանը։
1958-1959ին, Վահան Նաւասարդեանի մահէն ետք, Սարգիս Զէյթլեան նշանակուեցաւ «Յուսաբեր»ի խմբագիր եւ մնաց այդ պաշտօնին վրայ մինչեւ 1962, երբ ընտանեօք վերադարձաւ Լիբանան եւ հաստատուեցաւ Այնճար, ուր ստանձնեց Ազգային «Յառաջ» վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Թէ՛ ազգային-գաղափարական շունչով սերունդ հասցնելու, թէ՛ «Յառաջ»ը Գոլէճի մակարդակին բարձրացնելու եւ թէ, ընդհանրապէս, Այնճարի հայութեան հաւաքական կեանքն ու դաշնակցական կազմակերպութիւնը վերաշխուժացնելու առումներով՝ բեղմնաւոր եղաւ Սարգիս Զէյթլեանի գործունէութեան այնճարեան շրջանը։
1966ին ընտանեօք հաստատուեցաւ Պէյրութ։ Կարճատեւ շրջանի մը համար միացաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Ազդակ»ի խմբագրութեան, միաժամանակ՝ պատասխանատու պաշտօն վարեց «Համազգային»ի մէջ։ Շուտով եղբայրներուն հետ ընտանեկան գործ հաստատեցին ազատ ասպարէզի մէջ, ինչ որ հնարաւորութիւնը ընձեռեց Սարգիս Զէյթլեանի, որպէսզի լիաժամ նուիրուի մտաւորական աշխատանքի եւ ազգային-կուսակցական եռուն գործունէութեան։
Ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կ. Կոմիտէի անդամ, ստանձնեց նաեւ Կ.Կ.ի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը եւ, միաժամանակ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ բժիշկ Բաբկէն Փափազեանի կողքին խմբագիր նշանակուեցաւ 1969ին վերահրատարակութիւնը սկսած Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին։ Պատասխանատուութեան այդ զոյգ մակարդակներուն վրայ Սարգիս Զէյթլեան եղաւ ճառագայթող ներկայութիւն։
Իր ղեկավարութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կ. Կոմիտէն քաղաքական մեծ յաջողութիւններ նուաճեց պետական-քաղաքական կեանքի մէջ ներգործօն դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի հետապնդման ճակատներուն վրայ։
Իսկ «Դրօշակ»ի էջերուն իր հրապարակած խմբագրականներով եւ ազգային-քաղաքական յօդուածաշարներով, Ս. Կալեան եւ Ս. Զէյթլեան ստորագրութիւններով, ան հիմնական ներդրում ունեցաւ մեր ժամանակներու հայկական արեւելումի գաղափարաբանութեան եւ Հայ Դատի պայքարի դաշնակցական ռազմավարութեան մշակումին ու հունաւորման մէջ։
Տեսակէտ ունեցող, ուղի հարթող եւ գաղափարական պայքար առաջնորդող հեղինակութիւնը եղաւ Սարգիս Զէյթլեան, որ իբրեւ այդպիսին, 1972ին, Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդհանուր Ժողովին, ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ այդ պատասխանատուութեան վրայ, անսակարկ նուիրաբերումով, գործեց եւ ուղի հունաւորեց մինչեւ վերջին շունչ՝ մինչեւ իր դէմ գործուած առեւանգումի եւ սպանութեան անարգ ոճիրը։
Բիւրոյական իր գործունէութեամբ, Սարգիս Զէյթլեան ոչ միայն դաշնակցական աշխարհասփիւռ մամուլին ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնեց եւ անոր արդիականացման եւ ուժեղացման մէջ վճռորոշ ներդրում ունեցաւ, այլեւ՝ իր առանձնայատուկ դրոշմը դրաւ Հ.Յ.Դ. Ծրագրի այժմէական վերամշակումին ու վերահաստատման մէջ.- Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական աւանդներուն, ազգային-յեղափոխական եւ ընկերվարական-ժողովրդավարական ակունքներուն վերաթարմացման մէջ տիրական եղաւ Ս. Զէյթլեանի աշխոյժ մասնակցութիւնը։
Հիմնական եղաւ Սարգիս Զէյթլեանի ներդրումը նաեւ ու մանաւանդ սփիւռքահայ առօրեայի ՀԱՅՐԵՆԱՑՄԱՆ դժուարին գործին մէջ։
Իր ճիգերուն եւ հետեւողականութեան շնորհիւ, սփիւռքահայ մամուլի եւ ընդհանրապէս դաշնակցական մտածողութեան առօրեայ դաշտը դարձան հայրենական կեանքի զարգացումները, հայրենիքի դիմագրաւած խնդիրները եւ անոնց ազգային-քաղաքական լուսարձակով անդրադարձներն ու քննարկումները։
Այդպէ՛ս, ի հեճուկս հայրենիքին պարտադրուած խորհրդային կարգերուն եւ ընդդէմ պետականօրէն գործադրուող խորհրդային ուծացման եւ ապազգայնացման բոլոր ճնշումներուն ու հալածանքներուն, հայրենի հայութեան ազգային զարթօնքի պոռթկումները առաջնահերթ կարեւորութեամբ լուսարձակի տակ պահուեցան Ս. Զէյթլեանի կողմէ։ Իր ջանքերուն շնորհիւ էր, նաեւ, որ Դաշնակցութեան քաղաքական եւ կազմակերպական վերընձիւղման առաջին փորձերը կատարուեցան Դէպի Երկիր…
Սփիւռքի հայութեան 1970ականներու քաղաքական եւ յեղափոխական զարթօնքին մէջ, որուն առաջատար շարժիչը եղաւ Դաշնակցութիւնը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հաւաքական պատասխանատուութեան ներշնչումով, Սարգիս Զէյթլեան իր յատուկ ներդրումը ունեցաւ հայրենի երիտասարդ գործիչներու եւ ազատախոհ մտաւորականութեան հետ կապերու հաստատման ու սերտացման մարզին մէջ։ Այդ մասին վկայութիւնները չեն պակսիր 1988էն ետք հրապարակ իջած հայրենի գործիչներու բանաւոր թէ գրաւոր բացայայտումներուն ու խոստովանութեանց մէջ։
Մարտ 28 է դարձեալ եւ հայոց յիշողութեան պաստառին կ’ուրուագծուի խրոխտ դէմքը Սարգիս Զէյթլեանի՝ յիշեցնելով ու շնչաւորելով ժամանակի մաշումին դիմացող եւ այժմէական թարմութեամբ յորդ անոր գաղափարներն ու պատգամները։
Սարգիս Զէյթլեանի՝ որ անվիճելի դրօշակիրներէն է նաեւ ու մանաւանդ հայ քաղաքական մտքի պետականաձիգ հասունացման թռիչքին։
Տակաւին այն ժամանակներուն, երբ խորհրդային լուծի տակ հայրենի հայութիւնը կը գտնուէր ազգային պահանջատիրութեան իր ձայնը լսելի դարձնելու բռնատիրական արգելքի տակ, Սարգիս Զէյթլեան հանդիսացաւ յառաջամարտիկներէն մէկը հայրենի հայութեան մէջ Հայ Դատի պայքարին անփոխարինելի կռուանը գտնելու եւ ամրապնդելու գաղափարական արեւելումին։
Դաշնակցական Մտքին զարթօնքը հունաւորելով՝ Սարգիս Զէյթլեան բարձր պահեց դրօշը հայեցի այն արեւելումին, թէ հարկ է Հայաստանի խորհրդային իրականութենէն անդին սեւեռիլ եւ բոլոր ուժերով լծուիլ Հայ Դատի պայքարին հայրենի՛, պետակա՛ն կռուանի հզօրացումին։
Հայաստանի անկախութեան վերանուաճումին եւ հայոց ազգային պետականութեան լիիրաւ վերականգնումին սեւեռող դաշնակցական մերօրեայ ռազմավարութիւնը իր հունաւորումը ստացաւ Սարգիս Զէյթլեանի Սերունդին շունչով։
Մեր օրերուն ու բոլոր ժամանակներուն հայ քաղաքական միտքը առաջնորդող՝ «Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր» դաւանանքով, որուն արժանաւոր պատգամաբերն է Սարգիս Զէյթլեան.-
«Այսօր հայ ժողովուրդին առջեւ դրուած է, իբրեւ քաղաքական դատ եւ ազատագրական պայքարի առարկայ, ոչ թէ Հայաստանի ստեղծումը, իբրեւ ազգային հողամաս, ինչպէս էր պարագան երէկ, այլ Հայաստանի ամբողջացումը, փոքր ու անբաւարար տարածութեամբ Հայաստանի ընդարձակումը մինչեւ իր պատմաբնական սահմանները, ամբողջ հայութիւնը իր մէջ ամփոփելու եւ անոր բնականոն զարգացումը ապահովելու անհրաժեշտ հնարաւորութիւններով։
«Աւելի՛ն. այսօր հայ ժողովուրդին առջեւ բարձրացող հարցը ոչ թէ հայ անկախ պետութեան ստեղծումն է ոչինչէն, այլ Հայաստանի պետական անկատար անկախութիւնը կամ ինքնավարութիւնը կատարեալ կամ ամբողջական անկախութեան վերածելն է, միջազգային իրաւունքի հանրաճանաչ չափանիշներուն ու ըմբռնումներուն հիմունքներով, ազգային ազատ ինքնորոշման սկզբունքով։ Հայ ժողովուրդի հայրենազուրկ բազմութեանց եւ հայրենական հողերու հայազուրկ, այլ կենսական տարածութեանց միացումն ու ամբողջացումը գերազանցօրէն գերիշխան հայ պետականութեան մը հովանիին տակ։
«… Հայաստանի կենդանի՛ իրականութիւնը միանգամ ընդմիշտ կու գայ վերընդգծելու մեծ ճշմարտութիւն մը.- Հայրենիքի անփոխարինելի կենսունակութիւնը ազգի մը գոյութեան, գոյատեւման ու բնականոն զարգացման համար, ի շարս այլոց, նաեւ հա՛յ ժողովուրդին համար։
«Հայրենի՛քն է, հայրենի՛ հողն է,- որքան ալ սահմանափակ իր տարողութեամբ,- պետութի՛ւնն է, պետական կառոյցի գոյութիւնն է,- որքան ալ թերի ազգային առումով եւ միջազգային իրաւունքի ու քաղաքական մտածողութեան ընդհանուր օրինաչափութիւններով,- նախապայմանն ու ակնաղբիւրը ամէ՛ն բանի, ազգային ընդհանրական ամէ՛ն բարիքի ու վերափոխութեան» («Ազդակ Շաբաթօրեակ-ԴՐՕՇԱԿ», 1978, թիւ 18-19, 20)։
horizonweekly.ca