Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երբ սկսայ մտածել, թէ ի՛նչ պէտք է գրեմ իմ սիրելի դպրոցիս 90-ամեակին առիթով, առաջին հերթին մտքով տեղափոխուեցայ Նշան Փալանճեան ճեմարան, ուր յաճախած էի նախակրթարանի տարիներուս:
Առաջին անգամ երբ դարպասէն ներս մտայ, աչքերուս դիմաց բացուեցաւ բոլորովին այլ աշխարհ մը, որ մեր բնակած շրջաններէն տարբեր էր իր գոյնզգոյն ծաղիկներով, մշտադալար բարձր ծառերով, հետաքրքրական արահետներով,կիսանդրիներով եւ պատերուն վրայ զետեղուած նահատակ գրողներու դիմաքանդակներով ու գրութիւններով:
Ուսուցչուհիները երբ մեզի կը խօսէին Ճեմարանի նուիրեալներ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի, նոյնպէս՝ երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեանի մասին, աչքերուս առջեւ կու գային շրջափակին մէջ գտնուող անոնց կիսանդրիներն ու կիսարձանը: Անոնք նաեւ մեզի կը պատմէին Մուշեղ Իշխանի մասին: Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ ընկերային ջերմ վերաբերմունք ունեցող մեր ուսուցչուհիներն ու ուսուցիչները անոնց շատ մտերիմ մարդիկ էին, թերեւս՝ անոնց ազգականները:
Միջնակարգի եւ երկրորդականի ուսումս շարունակեցի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի մէջ, ուր զգացումը նոյնն էր: Նոյն ընտանեկան ջերմ մթնոլորտը:
Այդ մթնոլորտին մէջ մենք ուսման կողքին կրթուեցանք իբրեւ ազատ, համարձակ անհատ, Լիբանանի իրաւ քաղաքացի, մանաւանդ՝ վաւերական հայ: Այդ մթնոլորտին ներշնչումովն էր, որ մենք մեր փոքր տարիքէն մեր գաղութին մէջ դարձանք ՀՄԸՄ-ական, Համազգայնական եւ միութենական՝ մասնակցելով անոնց գործունէութիւններուն:
Տարիներ անցած են իմ աւարտելէս, բայց երբ նախկին ուսուցիչներէս մէկուն կամ ոեւէ ճեմարանականի հանդիպիմ, անկախ անոր տարիքէն, կարծես հանդիպած կþըլլամ ընտանիքի անդամի մը, եւ ժամերով կը զրուցենք հին ու նոր օրերու մասին:
Մեզմէ ետք մօրեղբօրս զաւակները յաճախեցին Ճեմարան: Անոնք երբ Քանատայէն այցելութեան գան, իրենց ժամանակին մեծ մասը Ճեմարանին կը յատկացնեն: Մեզի հետեւելով, մօրս զարմուհիներուն զաւակները այժմ կը յաճախեն Ճեմարան: Երբ իրարու հետ կը զրուցենք, այնպէս կը կարծեմ, թէ տակաւին Ճեմարան կը յաճախեմ, նոյն մթնոլորտը պահպանուած է, նոյն ոգին կը փոխանցուի, ազգային ու մարդկային արժէքներու հանդէպ նոյն ապրումը:
Ուրեմն Ճեմարան տակաւին շատ տալիք ունի յաջորդ սերունդներուն: Եկէ՛ք միասնաբար սատար հանդիսանանք մեր ուխտավայրին եւ մեր աջակցութեամբ նպաստենք անոր ամրապնդման:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ծանօթ.- Ճեմարանի նուիրահաւաքին մասնակցելու համար սեղմել հետեւեալ կապը` www.djemaran.edu.lb/donate