Փոխարժեքներ
03 01 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 396.56 |
EUR | ⚊ | € 413.89 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.71 |
GBP | ⚊ | £ 499.27 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.38 |
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբազան Արք. Աշգարեան, Ազգային Երեսփոխանական եւ Կրօնական ժողովներու դիւանները, Ազգային Վարչութեան անդամներն ու Յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչները, Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2024-ի միջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս հիւրընկալեցին Սուրիոյ նոր իշխանութեան Քաղաքական խորհուրդի Հալէպի ղեկավարութեան պատասխանատու Մուհամմետ Մսաթաթն ու ապահովական եւ անվտանգութեան գրասենեակի պատասխանատու Լուէյ ալ-Սայէտ, որոնց կ’ընկերակցէր Լատին համայնքի Առաջնորդ Հանա Ճալլուֆը։
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ մէջ հայութեան պատմական գոյութեան եւ տարիներ շարունակ սուրիահայութեան բերած մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տարածքին գոյութիւն ունեցած հայաբնակ աւաններուն։
Անդրադարձ կատարուեցաւ թեմի ընդհանուր կառոյցին, նաեւ նահանգներուն մէջ թեմին հովանաւորութիւնը վայելող կառոյցներուն եւ կրօնական համարատուութեան։
Այցելուները խօսեցան ներկայ կացութեան մասին, վստահեցնելով, որ միասնաբար ձեռք-ձեռքի տալով պիտի վերակառուցենք Սուրիան։
Այցելուները անհրաժեշտ նկատեցին յառաջիկայ օրերուն գումարուելիք համագումարին սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչ տարրերուն մասնակցութիւնը՝ միասնաբար քննարկելու եւ գործնական քայլերով Սուրիոյ բարգաւաճման գործընթացին նպաստելու։
Պատասխանատու մարմինները յայտնեցին, որ քաղաքի ապահովութեան համար կարգաւորած են քաղաքացիներէ բաղկացած խմբակներ, որոնք ապահովական կեդրոններուն հետ համագործակցաբար պիտի հսկեն թաղամասերը։ Այս ուղղութեամբ, անոնք գնահատեցին սուրիահայ համայնքի տղոց կամաւոր մասնակցութիւնը քաղաքի թաղամասերու ապահովութեան ի նպաստ տարուող գիշերային հսկողութեան աշխատանքին։