կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-05 23:17
Աշխարհ

Կը լսէ՞ք, հայե՛ր

Կը լսէ՞ք, հայե՛ր

Գանատացի անուանի գրագիտուհի Մարգարետ Ատվուտ ունի ուշագրաւ յօդուած մը՝ “Leaping the moat” («Ոստում ջրախրամին վրայէն»), ամերիկեան “Time” շաբաթաթերթի 2020 ապրիլ 27 - մայիս 4 միացեալ թիւին մէջ։ Այդ բացառիկ զոյգ թիւը ամբողջութեամբ նուիրուած է յոյսի որոնման՝ ներկայ համավարակի ատեն, ներկայացնելով 100 ականաւոր, հանրածանօթ դէմքերու տեսակէտները։

Մարգարետ Ատվուտի գրութիւնը կը զանազանուի միւսներէն իր նպատակաուղղուածութեամբ։

Գրողը մարդկութեան ներկայ վիճակը կը նմանցնէ այն ձիաւոր ասպետի վիճակին, որ մեծ ոստում մը կատարած է ցատկելու համար դղեակը շրջապատող ջրախրամին վրայէն եւ հասնելու արդէն իսկ բարձրացող կամրջակին։ Կը գտնուի օդին մէջ եւ կը յուսայ հասնիլ անոր նախքան անոր ամբողջովին բարձրանալն ու փակուիլը։ Մենք ալ հիմա այդպէս օդին մէջ ենք, մեզ կը հալածէ պսակաձեւ ժահրը, եւ կը յուսանք հասնիլ դղեակին՝ մեր «բնական» կեանքին։ Բայց կը մտածե՞նք արդեօք, թէ ինչ պէտք է ընենք մինչ այդ՝ առկախեալ վիճակին մէջ, վերագտնելու համար մեր պատկերացուցած այդ «բնականը»։

«Մտածէ՛,– կ’ըսէ ան,– այն բոլոր բաներուն մասին, որ կը յուսաս, որ տակաւին հո՛ն պիտի ըլլան՝ ապագայի դղեակին մէջ, երբ կարենանք հասնիլ անոր։ Ապա ըրէ՛, ինչ որ ձեռքէդ կու գայ, հիմա՛, որպէսզի ապահովես անոնց ապագայ գոյութիւնը»։

Այդ «բաներուն» կարգին, ի միջի այլոց, ան՝ իբրեւ մտաւորական, կը նշէ գրատուները, թերթերն ու պարբերականները, արուեստի ամեն տեսակ կազմակերպութիւնները, որոնց գոյութիւնը վտանգուած է այս պահուն։

Ան կը գրէ. «Արուեստի ճամբով է, որ մենք կ’արտայայտենք մեր մարդկայնութիւնը՝ իր բոլոր տարողութիւններով։ Արուեստին ընդմէջէն մենք կ’իջնենք դէպի մեր մարդկային բնութեան խորութիւնները, կը բարձրանանք անոր բարձունքները, կը հասնինք անոնց միջեւ ամէն ինչի»։

«Այս պահուս օգնութեան կարիք ունին,– կ’աւելցնէ ան,– գրողները, հրատարակիչները, թատրոնը, երաժշտութիւնը, պարը, փառատօները, պատկերասրահները։ Անոնց հասնինք նուիրատուութիւններով, բաժանորդագրութիւններով եւ այլապէս, որպէսզի անոնք յարատեւեն։ Դարձէ՛ք անոնց հանդիսատեսները, առցանց հանդիսատեսները, որովհետեւ անոնք չեն կրնար առանց հանդիսատեսի գոյատեւել»։

Ատվուտ ուրիշ կարեւոր բաներ ալ կ’ըսէ, սակայն նպատակս իր յօդուածը ներկայացնելը չէ, այլ անկէ քաղել, ինչ որ մե՛զ պէտք է շահագրգռէ, ինչ որ մե՛նք կիրարկելու ենք մե՛ր պարագային։

Իրապէս ի՞նչ կ’ընենք վերագտնելու համար մեր «անցեալ» կեանքէն այն ամէնը կամ այն, ինչ որ հնարաւոր է՝ մեր կազմակերպութիւնները, մեր հաստատութիւնները, մեր նախաձեռնութիւնները եւ մասամբ նորին։ Ի՞նչ կ’ընենք։

Ահա խնդիրը այս պահուս՝ «օդին մէջ» առկախ մեր այս վիճակին մէջ։

Կը մտածե՞նք` որքան ընելիք ունինք` նախ չկորսնցնելու, ապա պահպանել ու զարգացնել կարենալու համար մեր հաստատութիւնները՝ մեր եկեղեցիները, մեր ակումբները կամ կեդրոնները, մանաւանդ մեր կրթարանները, այլեւ մեր կազմակերպութիւնները՝ կուսակցութիւնները, միութիւնները, մանաւանդ մշակութայի՛ն միութիւնները, եւ վերջապէս մեր մամուլը` գրաւոր թէ բանաւոր, կուսակցական, միութենական թէ անկախ, մանաւանդ մեր գրական մամուլը։ Շեշտը կը դնեմ կրթական-մշակութային-գրականներուն վրայ, քանի որ նոյնիսկ ներկայ տագնապէն առաջ ալ արդէն այնքան ալ փայլուն չէր անոնց վիճակը՝ տնտեսական առումով։ Կը մտածե՞նք` ինչպէս ապահովել անոնց գոյութիւնը երկար ժամանակ, տագնապէն ալ անդին, քանի որ անոնց միջոցաւ է, որ ինքնութիւն կը պահուի, ոգի՛ կը ստեղծուի, ազգ կը գոյատեւէ։

Ասիկա միայն սփիւռքեան մտահոգութիւն մը ըլլալու չէ՛։ Դժբախտաբար, մեր ինքնութեան խաթարումը մենք կը տեսնենք մեր սեփական հողին վրայ իսկ` սկսեալ մեր լեզուէն։

Յո՞ երթաս, հա՛յ ժողովուրդ։

Ես մէջբերեցի գանատացի գրողին մտորումները, բայց անոնց պէտք ունի՞նք գիտակցելու համար այս ամէնուն։

«Մի՛ կորսնցնէք ձեր հաւատը,– կը պատուիրէ աւագ գրողը իր եզրափակիչ տողերուն մէջ,– կրնաք ցատկել ջրախրամին վրայէն»։

Բարեբախտաբար, ինչպէս որ կը տեսնենք քիչ մը ամեն տեղ, նաեւ մեր՝ հայերուս պարագային կ’օգտագործուին առցանց կարելիութիւնները թէ՛ ուսումնական տեսակէտէն, թէ՛ մեր երգերն ու մշակութային նախկին նախաձեռնութիւնները վերստին մատուցելու տեսակէտէն եւ այլն, նոյնիսկ եթերային նոր ձեռնարկներ կը կազմակերպուին յիշելու եւ յիշեցնելու համար մեր կարեւոր թուականները, վառ պահելու համար մեր պահանջատիրութիւնը։ Մամուլն ալ ձեռնածալ չէ նստած։ Սակայն այս բոլորը ցաւամոքիչ միջոցներ կը թուին ըլլալ։

Անոնցմէ անդին թռի՛չք կայ իրականացնելիք՝ «դղեակին» հասնելու համար։

Ա՛յս մասին մտածենք բոլորս, մտածենք մանաւանդ միասին, ազգովին, եթէ տակաւին այդ բառին կը հաւատանք։

Վրէժ-Արմէն

«Դրօշակ», թիվ 6 (1640), հունիս, 2020 թ.