Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Իմ քայլ»-ը դաշինքի 88 պատգամաւորները, վարչապետին գլխաւորութեամբ, որոշեցին 5 ապրիլին սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն կազմակերպել, սակայն, ըստ էութեան, տուեալ հանրաքուէն խիստ քաղաքական, վրէժխնդրական եւ հատուածական հիմքեր ունի, որովհետեւ այդ հանրաքուէն չի վերաբերիր սահմանադրական խորքային փոփոխութիւններու, օրինակ` գերվարչապետական լիազօրութիւնները վերանայելու, պետական գործիքակազմին եւ կառուցուածքին այնքան խօսուած ներքին գործոց նախարարութիւն ստեղծելու, եւ այլն… Այլ 5 ապրիլին ճշդուած հանրաքուէին նպատակը զուտ Սահմանադրական դատարանի ներկայ դատաւորները եւ յատկապէս Հրայր Թովմասեանը գործէ արձակելու եւ զայն ներկայ վարչակազմի նախասիրած թեկնածուով, այս պարագային Վահէ Գրիգորեանով փոխարինելու յստակ քաղաքական հայեցակէտ ունի:
Յանկարծ այն թիւր տպաւորութիւնը չստեղծուի, որ Հրայր Թովմասեանը պաշտպանելու դիրքին մէջ ենք, բացարձակապէ՛ս, այլ, ըստ էութեան, կը պաշտպանենք երկրի սահմանադրական կարգը:
Իսկ ի՞նչ են ներկայ վարչակազմին տուած այն հիմնաւորումները եւ պատճառաբանութիւնները, որոնք հանրութեան կը ներկայացուին եւ կը միտին սահմանադրական դատարանի դատաւորները ամէն գնով, նոյնիսկ հակաօրինական եւ հակասահմանադրական ճանապարհով գործէ արձակելու կամ տուն ղրկելու:
Ըսուածը այն է, որ ներկայ դատաւորները կը խանգարեն, կը դժուարացնեն եւ կ՛արգելակեն ներկայ իշխանութիւններուն կաշառակերութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարը:
Ներկայ վարչակազմը նաեւ յառաջ կը քշէ պետական ամէնէն կարեւոր հաստատութեան նկատմամբ իբր թէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու անվստահութեան վարկածը:
Եկէք` ընդունինք, որ քիչ մը շատ սովորական, տարրական եւ ամբոխավարական լոզունգներն են իրականութեան մէջ փնտռուածը, կարճ ըսուած` այլ բան է սահմանադրական այնպիսի դատարան մը, որ համապատասխանէ ներկայ վարչակազմի ճաշակին եւ քաղաքական աշխարհահայեացքին:
Մանաւանդ որ ներկայ վարչակազմը նախորդ երկու տարուան գործունէութեան ընթացքին հանրութեան ներկայացուց ոչ մէկ փաստացի հարց կամ թղթածրար, որուն մէջ Սահմանադրական դատարանի դատաւորները միջամուխ եղած են, ցուցաբերած են բացասական կամ կողմնակալ մօտեցումներ, որոնք խոչընդոտած են ներկայ իշխանութիւններու վարած կաշառակերութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարի գործնական քայլերը:
Այնպէս որ, պէտք է յստակ ընդգծել, որ 5 ապրիլի հանրաքուէի նպատակը զուտ վրէժխնդրական, քաղաքական, հատուածական եւ մենիշխանական բնոյթ ունի:
Այսքանը` 5 ապրիլի հանրաքուէի բուն դրդապատճառներուն մասին:
Իսկ ինչո՞ւ պէտք է բացառել սոյն հանրաքուէին քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը. նախ` որովհետեւ հակաօրինական եւ հակասահմանադրական է. երկրի սահմանադրութեան 168-րդ յօդուածի երկրորդ կէտը յստակ ընդգծած է, հետեւաբար կ՛ոտնահարէ երկրի սահմանադրութեան բոլոր ընթացակարգերը, խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային հեղինակութիւնն ու վարկը, թէեւ պնդողներ կան, որ Փաշինեան վաղուց խնդրոյ առարկայ դարձուց Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային հեղինակութիւնը եւ վարկը, երբ հրահանգեց իմ քայլականներուն երկրի բոլոր դատարաններու դռները փակել եւ արգելակել պետական իրաւական բնականոն գործընթացները: Առաւել` կ՛անտեսէ Վենետիկի փորձագիտական յանձնախումբին նկատողութիւններն ու Հայաստանի իրաւաբաններու հաւաքականութեան տեսակէտները` անկանխատեսելի դարձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական դաշտը եւ միջազգային հանրութեան ընկալումը հանրաքուէէն ետք ստեղծուելիք իրավիճակներուն վերաբերեալ:
Հանրաքուէն փաստօրէն հակաօրինական եւ հակասահմանադրական է. բնաւ կապ չունի, թէ ի՛նչ համեմատութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները կ՛ընդառաջեն, բնաւ խնդիրը այն չէ, թէ 650.000 կամ աւելի քաղաքացի կ՛ընդառաջէ թէ ոչ. խնդիրը շատ աւելի խորքային եւ վտանգաւոր հետեւանքներ ներփակող հոլովոյթ է:
Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է ամէն գնով բացառել քաղաքացիներու մասնակցութիւնը` հակաօրինական եւ հակասահմանադրական հանրաքուէին: Երկրի սահմանադրական կալուածը եւ հանրաքուէի հասկացողութիւնը պէտք չէ որեւէ քաղաքական կողմի մը շահերուն ծառայելու խաղաքարտի վերածուին. սահմանադրական կալուածը այն դաշտը չէ, որ իւրաքանչիւր երկու տարին հանրաքուէներու ճամբով խնդրոյ առարկայ դարձնենք, որովհետեւ ամբողջ երկրի մը կայունութեան հիմքերը այդպիսով կրնան ցնցուիլ, այլապէս այսուհետեւ կարելի է իւրաքանչիւր երեք ամիսը անգամ մը հանրաքուէ կազմակերպել զանազան օրակարգերով, օրինակ` Ամուլսարի, արագաչափերու, Ստամպուլեան քոնվենցիայի, դրամատնային համակարգի գաղտնիութեան ինստիտուտի տկարացման եւ այլն…
Արդարեւ, 2018-ի արտահերթ ընտրութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները Նիկոլ Փաշինեանը ընտրեցին որպէս երկրի թիւ 1 ղեկավար, ոչ թէ սովորական քաղաքական գործիչ` անկանխատեսելի ամբոխավարական քաղաքականութիւն վարելու, այլ աւելի ազնիւ, քաղաքակիրթ, արդիական բարեկարգումներու, կաշառակերութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարի, երկրի կայունութեան եւ հասարակութեան համերաշխութեան ի խնդիր, ոչ թէ երկրի սահմանադրութիւնը քաղաքական խաղաքարտի վերածելու, ոչ թէ որպէսզի հայ ժողովուրդի դիմադրողականութիւնը ցնցէ, ոչ թէ ազգային հերոսի կերպարը փճացնէ, ազգային արժէքային համակարգը տրորէ, երկրի բոլոր իշխանութիւնները զաւթէ, սեւի եւ սպիտակի բաժանարար գիծեր յառաջացնէ ամբողջ հասարակութեան մէջ, ոչ թէ խնդրոյ առարկայ դարձնէ Արցախի բանակցային գործընթացը եւ յատկապէս փճացնէ Ս. Փեթերսպուրկի, Վիեննայի ու Ժընեւի բանակցութիւններուն հայկական կողմի նպաստաւոր ձեռքբերումները եւ ազգովին վերադարձնէ բանակցութիւններու զերօ կէտին:
Այսուհանդերձ, ոչ ոք կասկածի տակ կը դնէ ներկայ իշխանութիւններու օրինականութիւնը եւ քաղաքացիներուն կողմէ ընտրուած ըլլալը, սակայն որոշ պարագաներու եւ խնդիրներու բերումով, անձի մը կամ խմբակի մը քաղաքական յաղթանակը, ընտրութեան արդիւնքները եւ հանգամանքները պէտք չէ չարաչար օգտագործուին ներխմբակային հաշիւներու ի խնդիր:
Թող ոչ ոք անիմաստ ճիգ ընէ աւելորդաբանութիւններով եւ գռեհիկ արտայայտութիւններով ներհայաստանեան քաղաքական իրականութիւնները աղաւաղելու կամ խեղաթիւրելու. ապրիլ 5-ի հանրաքուէի ձախողութիւնը կամ հանրաքուէն բացառելու գործընթացը նախորդ համակարգի յաղթանակը չէ, ոչ ալ` նախկիններու վերադարձը: Բա՛ւ է կաշկանդել, վախցնել, ասֆալթին փռել եւ պատին ծեփել հայրենի ժողովուրդը. բա՛ւ է ալ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները անցեալին մէջ ապրեցնելու ներկայ վարչակազմին դատապարտելի մարտավարութիւնը:
Ապրիլ 5-ի հանրաքուէին մասնակցութիւնը բացառելու գործընթացը Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային վարկի եւ հեղինակութեան յաղթանակն է, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարութեան յաղթանակն է, երկրի սահմանադրութեան անխախտ կարգի յաղթանակն է եւ, վերջապէս, երկրի կայունութեան յաղթանակն է, ոչ թէ այլ ուժերու վերադարձի յաղթանակը: Ամէն ինչ` իր ատենին. առնուազն Դաշնակցութեան պարագային, թող ոչ ոք աւելորդ շունչ վատնէ Դաշնակցութեան դասեր տալով, որովհետեւ այս կուսակցութեան 130 տարուան կենսագրութիւնը կը վկայէ, որ ան միշտ ամէն ինչէն վեր կը դասէ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը, վարկը, միջազգային հեղինակութիւնը, ընկերային անդորրութիւնը եւ անվտանգութիւնը: Այս իրականութեան վառ ապացոյցը կը հանդիսանայ վերջերս տեղի ունեցած ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներու հանդիպումը պրն. վարչապետին հետ` հակառակ մեր ունեցած խորքային տարակարծութիւններուն:
Արդարեւ, այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական ամէնէն պատասխանատու փուլերէն մէկը կ՛ապրինք ազգովին: Այդ իսկ պատճառով իրականութիւնները առանց խեղաթիւրելու պէտք է անտեսել եւ ամէն գնով հիմնաւորուած փաստարկներով համոզել ու բացառել քաղաքացիներու մասնակցութիւնը 5 ապրիլի հանրաքուէին, որպէսզի կարելի ըլլայ նախ կանխել ու ապա խուսափիլ ներկայ վարչակազմի ամբոխավարական, մենիշխանական եւ արկածախնդրական քաղաքական վարքագիծին հետեւանքներէն, հանրապետութեան մէջ ստեղծուելիք ներազգային, ներքաղաքական թէ միջազգային իրավիճակներէն:
ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ