Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի տեսաուղերձը ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակէն դուրս գալու եւ դէպի հանգուցալուծում առաջնորդուելու ուղի կը հարթէ: Արցախի Սահմանադրութեան համաձայն ընտրուած նախագահը մէկ տարիէն առաջ չի կրնար հրաժարիլ իր պաշտօնէն: Հետեւաբար նախագահ Յարութիւնեան ողջմիտ ժամկէտին կը խոստանայ համապետական արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպել:
Իշխանութեան անցնցում փոխանցումի կարեւորագոյն այս քայլով չի սահմանափակուիր նախատեսուած գործողութիւններու շարքը: Միաժամանակ հրաժարելով մեծամասնութիւն կազմող կուսակցութեան նախագահի պաշտօնէն` Արայիկ Յարութիւնեան կ՛ազդարարէ ընդհանրապէս քաղաքական կեանքէն հանգրուանային ձեւով դուրս գալու գործընթացը:
Աւելի՛ն. Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարութիւնը ընդդիմադիր գործիչի յանձնելով` Արցախի նախագահը կը նախանշէ հետագայ որոշումներուն վրայ միանձնեայ ազդեցութիւն չունենալու եւ անվտանգութեան վերաբերող բոլոր հարցերը համապատասխան գերատեսչական խորհուրդին հետ համաձայնեցնելու որոշումը:
Իշխանութեան փոխանցման կամ նախագահութենէն հրաժարման այս հոլովոյթը տակաւին պիտի համալրուի համաձայնական նոր կառավարութեան ձեւաւորումով, Ազգային ժողովի պաշտօններու վերաբաշխումով:
Արցախի պետական համակարգը վերջին Սահմանադրութեամբ գերնախագահական է: Հիմա սահմանադրական լիազօրութիւնները պահելով ըստ էութեան որոշումներու կայացման եղանակն է, որ կը փոխուի եւ պատասխանատուութիւնը կը տարածուի Արցախի պետական դաշտը կազմած բոլոր ուժերուն վրայ:
Ա՛յս աշխատելաձեւն էր, որ կը պահանջուէր ճգնաժամի մէջ յայտնուած կառավարութենէն` բոլոր ուժերուն մասնակցութեամբ մեր երկրին դէմ սանձազերծուած պատերազմի յաղթահարման համար: Այդ պայմաններուն մէջ առաջադրուած ռազմաքաղաքական խորհուրդը փաստօրէն պիտի համախմբէր բոլոր ուժերը, պիտի համակարգէր պատերազմ մղելու բոլոր գործողութիւնները` դիւանագիտականէն ռազմական, տեղեկատուականէն մարդասիրական` հաւաքական պատասխանատուութեամբ ծառանալու լայնածաւալ յարձակումին դէմ:
Հիմա արդէն ունինք, այն ինչ որ ունինք: Եւ Արցախը փաստի դիմաց կանգնած կը դիմէ մթնոլորտի լիցքաթափման, վէրքերը ամոքելու միջոցներու, գործող համակարգին պատասխանատուութիւնը ստանձնելով սահմանադրականօրէն հեռանալու եւ համախմբման նախադրեալներ գոյացնելու:
Բնականաբար մոգական գաւազանի ազդեցութեամբ աղէտալի վիճակը չի դարմանուիր կարճ ժամանակի մէջ: Այնուամենայնիւ վերականգնումի համար ենթահող նախապատրաստելու քայլեր են, որոնք կ՛առնուին Արցախի պետութեան բարձրագոյն դիրքերէն:
Ստեփանակերտի առած քայլերուն համապատասխան քայլեր չեն երեւիր Երեւանի մէջ: Մեղաւորի եւ պատասխանատուի բառախաղերէն, մինչեւ ժողովուրդին անունով խօսելու-չխօսելու պարանաձգութիւնները կ՛երկարաձգեն արդէն իսկ պետական սահմաններու վերահսկելիութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձուցած իշխանութեան կողմէ ստեղծուած իրավիճակի գոյութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը վարչապետին լայն լիազօրութիւններ շնորհելով պաշտօնաթողութեան պայմանական ժամկէտներ չէ ճշդած: Այստեղ պարզ է սահմանադրական լուծումը` երկիրը անցնցում նոր ուղի դուրս բերելու համար:
Հայութեան նորագոյն զարթօնքի մեկնարկը ազդարարուած էր 1988-ին Ստեփանակերտէն: Երեւանն ու այնուհետեւ ամբողջ սփիւռքը միացած էին համազգային մակարդակով նոր ելակէտ ապահոված Ստեփանակերտէն ծայր առած շարժումին:
Ծանր այս պարտութենէն ետք, ազգովին վերազօրաշարժի ենթարկուելու անյետաձելի հրամայականին դիմաց կանգնած ենք: Վերազարթնելու, ուժերը վերստին լարելու եւ ստացած հարուածին ազդեցութենէն դուրս գալու քայլեր եւ գործողութիւններ են պէտք: Արցախը նախանշանը տուաւ այդ ուղղութեամբ շարժելու: Երեւանը անյապաղ պէտք է միանայ Ստեփանակերտէն սկսած արմատական փոփոխութիւններու շարժումին:
aztagdaily.com