կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-03-06 13:29
Սփյուռք

Հայ Դատի Զօրակցութիւնը Ապահոված Թեկնածուները Յատկանշական Յաղթանակներ Կերտեցին

Հայ Դատի Զօրակցութիւնը Ապահոված Թեկնածուները Յատկանշական Յաղթանակներ Կերտեցին

Երեքշաբթի, 3 Մարտին Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը ապահոված դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական ընտրութիւններուն թեկնածուներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը յաղթանակներ արձանագրեց կամ ստացաւ յաջորդ հանգրուանին մասնակցելու իրաւունք։

Սեպտեմբեր 2019էն ի վեր, Հայ Դատի «Հայ Վոթց» (www. hyevotes.org) նախաձեռնութեան շնորհիւ կարելի եղաւ մեծաթիւ նոր քուէարկողներ արձանագրել եւ օժանդակել ամերիկահայ քուէարկողներու։ Ընտրապայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն վերջին հանգրուանը։

«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ ընտրութիւններուն՝ մեր համայնքին մեծաթիւ մասնակցութեան ապահովման, որպէսզի համայնքին ձայնը աւելի ազդու կերպով լսելի դարձնել պետական մարմիններուն մօտ։ Կը շնորհաւորենք յաղթանակ արձանագրած թեկնածուները, որոնց հետ մեր յարաբերութիւններու սերտացումով յառաջ պիտի տանինք հայութեան շահերը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։

Զօրակցութիւնները հիմնուած էին թեկնածուներուն կողմէ ցարդ տարուած հայանպաստ ջանքերուն եւ հայութեան համար առաջնահերթ նկատուող հարցերուն վերաբերեալ անոնց կեցուածքներուն եւ խոստումներուն հիման վրայ։

asbarez.com