կարևոր
1951 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-11-07 12:21
Հասարակություն

Համիլթընի մէջ տեղի ունեցաւ նուիրահաւաք՝ ի նպաստ արցախահայութեան

Համիլթընի մէջ տեղի ունեցաւ նուիրահաւաք՝ ի նպաստ արցախահայութեան

Ընդառաջելով ՀՕՄ-ի կոչին, Համիլթընի մէջ, Նոյեմբեր 5-ի կէսօրէ ետք, ժամը 2-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեան եւ ՀՕՄ-ի «Արեւ» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներու զօրակցական-հանգանակային ձեռնարկ։

Օրուան հանդիսավարն էր ընկհ. Անուշ Պեքմէզեան, որ իր բացման խօսքով ներկաներուն բացատրեց այս ձեռնարկին եւ նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը, մեր պատասխանատու մասնակցութիւնը բերելու տեղահանուած արցախցիներուն զօրավիգ կանգնելու, բարայապէս եւ մանաւանդ նիւթապէս։

Կարճ հիւրասիրութենէ ետք, ներկաներուն ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը, համադրուած Ճուլիա Աբգարեանի կողմէ, որ կ’ընդգրկէր ՀՕՄ-ի այս առիթով պատրաստուած տեսերիզէն մասնիկներ եւ պատկերներ Արցախի ժողովուրդին ներկայ իրավիճակէն։

Մէջընդմէջ կը յայտարարուէր հաւաքուած նուիրատւութեանց գումարը։

ՀՕՄ-ի «Արեւ» մասնաճիւղին խօսքը փոխանցեց ընկհ. Րուզան Աբգարեան։ Ան խրախուսական ու քաջալերական խօսքը փոխանցեց, շեշտելով կարեւորութիւնը չյուսահատելուն եւ ապագային լիայուութեամբ նայելուն։

«Վռամեան» կոմիտէութեան խօսքը փոխանցեց ընկ. Յակոբ Աբգարեան, որ շեշտեց կարեւորութիւնը այս դժուարին կացութենէն դուրս գալու աշխատանքներուն եւ պատրաստ ըլլալու գալիքին։ Ան յոյս յայտնեց նաեւ Արցախէն տեղահանուած ժողովուրդին իր բնօրրան վերադարձին:

Ձեռնարկի աւարտին յայտարարուած գումարը հասած էր 12,640 տոլարի, որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի բռնագաղթի ենթարկուած արցախահայութեան: