կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-02-11 17:35
Սփյուռք

Ազգային Գրադարանը Կը Ձեռնարկէ «Ազդակ»-ի Մատենագիտութեան

Ազգային Գրադարանը Կը Ձեռնարկէ «Ազդակ»-ի Մատենագիտութեան

1927 թուականէն «Ազդակ» օրաթերթի որոնման համակարգով թուայնացուած տարբերակը 10 փետրուարին յանձնուեցաւ Հայաստանի ազգային գրադարանին: Արխիւային տասը խտասկաւառակները Ազգային գրադարանի տնօրէն Հրաչեայ Սարիբէկեանին յանձնեցին «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեանը եւ յայտնի մատենագիր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի որդիներն ու Ազգային գրադարանին հետ այս համագործակցութեան նուիրատուներ` Տարօն եւ Զարեհ Տէր Խաչատուրեանները:

90-ամեայ թերթի թուայնացուած տարբերակը Ազգային գրադարանին յանձնելու գաղափարը ծնաւ նախորդ տարուան նոյեմբերին` հայ առաջին պարբերականի` «Ազդարար»-ի 225-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին ընթացքին: Նախնական պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ նաեւ Ազգային գրադարանին կողմէ «Ազդակ» օրաթերթի մատենագիտութիւնը կազմելու վերաբերեալ:

Շահան Գանտահարեան այս առիթով յայտնեց, որ «Ազդակ»-ի մատենագիտութիւն կազմելը միշտ ալ եղած է թերթին ծրագիրներուն կարգին, սակայն ցաւ ի սիրտ այսօր սփիւռքի մէջ չկան մատենագիրներ, որոնք կրնան տանիլ այս աշխատանքը եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին գործը իր լրումին հասցնել: Ըստ անոր, Ազգային գրադարանի նախաձեռնած գիտաժողովը առիթ դարձաւ նման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելու եւ, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի ընտանիքին հետ խորհրդակցելով, անոնք որոշեցին այս նուիրատուութիւնը կատարել: 90-ամեայ ելեկտրոնային արխիւը պիտի յատկացուի Հայաստանի ազգային գրադարանին` ակնկալելով, որ մատենագիտութիւն կազմելու բարդ, երկարամեայ աշխատանքը փայլուն կերպով կատարուի: Գանտահարեան ուրախութիւն յայտնեց, որ գիտաժողովին ընթացքին կատարուած քննարկումները գործնական արդիւնք տուին, եւ անկէ պիտի շահի Հայաստանի եւ սփիւռքի մամուլը:

Տարօն Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ հայրը` Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, սկսած էր կազմել «Ազդակ»-ի մատենագիտութիւնը, բայց եւ այնպէս, կանուխ հեռանալով կեանքէն, չէ հասած ի կատար ածել երազը: «Այսօր մենք ուրախ ենք, որ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի հետ համաձայնութեան գոյացնելով կրցանք օրաթերթի թուայնացուած խտասկաւառակները նուիրել Ազգային գրադարանին եւ վստահ ենք, որ այստեղ ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ սիրով պիտի կատարեն մատենագիտութիւնը կազմելու դժուար աշխատանքը: Քանի մը տարի ետք մենք պիտի ունենանք «Ազդակ»-ի լիարժէք մատենագիտութիւնը, որ մեծ լուսամուտ պիտի բանայ սփիւռքի մամուլին հետ», շեշտեց ան:

Ազգային գրադարանի տնօրէն Հրաչեայ Սարիբէկեան ըսաւ, որ «Ազդակ» օրաթերթի մատենագիտութիւնը կազմելու համար պիտի ստեղծուի աշխատանքային խումբ, նախատեսուած է աշխատանքները աւարտել մինչեւ թերթին 100-ամեակը:

«Շատ կարեւոր իրադարձութեան մը մեկնարկը ազդարարուեցաւ այսօր: Կը թուի, թէ մամուլը այսօր տպագրուեցաւ, գնաց պատմութեան գիրկը, բայց կարեւոր է այդ պատմութիւնը փրկելը, իւրաքանչիւր յօդուած հասանելի դարձնելը: Յատկապէս կարեւոր կը նկատեմ սփիւռքահայ մամուլի մատենագիտութիւններ կազմելը, քանի որ տարբեր գաղութներու մէջ լոյս տեսնող մամուլը խորհրդային տարիներուն լիովին դուրս մնացած է մեր ուշադրութենէն: Մենք կը գիտակցինք, որ չափազանց կարեւոր այս գործը նաեւ բարդ պիտի ըլլայ իրականացնել, քանի որ 1927 թուականէն լոյս տեսնող պարբերականի մասին է խօսքը, բայց վստահ եմ, որ Ազգային գրադարանի աշխատակիցները ամենայն պատասխանատուութեամբ պիտի մօտենան գործին եւ «Ազդակ»-ի 100-ամեակին լիարժէք մատենագիտութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ», շեշտեց ան:

aztagdaily.com