Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ձմեռ Պապը (կամ Կաղանդ Պապան) այս տարի Հայաստան պիտի չայցելէ։ Ան այս տարի խաղալիքներ պիտի չբերէ հայ երեխաներուն։ Ան ոչ մէկ պարգեւ պիտի ընծայէ հայ աշխատաւորին եւ գիւղացիին։
Ամբողջ տարուան ընթացքին Ձմեռ Պապը արդէն տալիքը տուած է եւ ընծայելիքը ընծայած է Հայաստանի մարզպետներուն, կառավարութեան անդամներուն եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն։ Հայաստանի ժողովուրդին համար ընծաներուն տոպրակը հասած է իր յատակը, գրեթէ պարպուած է։
Մարզպետներն ու շրջանային այլ պաշտօնատարները արդէն ստացած են իրենց պարգեւները ինքնապարգեւատրումով՝ իրենց աշխատավարձերը կրկնապատկելով, եռապատկելով, մինչեւ իսկ քառապատկելով։ Անշուշտ այս բոլորը՝ առանց դոյզն իսկ հետեւելու պետական պաշտօնեայի աշխատավարձը կանոնաւորող կանոններու եւ ընթացակարգի յարգումին։
Կառավարութեան անդամները՝ նախարարները, իրենք իրենց պարգեւատրումներ ընծայելով ամսական աշխատավարձը հասցուցած են աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն դրամի։ Եւ այս բոլորը՝ դարձեալ առանց պետական աշխատավարձի կանոններու կիրարկման։ Ու մանաւանդ, գաղտնօրէն եւ գաղտագողի։
Ժողովուրդին ներկայացուցիչները, այսինքն՝ Ազգային Ժողովի մեր ազգընտիր պատգամաւորները եւս բարի գալուստ մաղթած են կանուխ հասնող Ձմեռ Պապին։ Ընծաներուն տոպրակը բանալով ազգային ժողովի ղեկավարութիւնը աջ ու ահեակ, իրենց թիւր թուացող պատգամաւորին ու աշխատակազմին կատարած է ինքնաբուխ պարգեւատրումներ՝ աշխատավարձի առատաձեռն յաւելումներով, այսինքն՝ աշխատավարձի գրեթէ չորս անգամ յաւելումներով։
Դարձեալ, այս բոլորը կատարուած են առանց պետական աշխատավարձի կանոններու հետեւմամբ։ Բայց Ազգային Ժողովի պարագային մխիթարականը այն է, որ Ազգային Ժողովը այս պարգեւավճարումները ծանուցած է իր պաշտօնական կայքին վրայ։ Ըստ «Antifake.am»-ի, Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ աշխատակազմի որոշ աշխատակիցներ միայն Դեկտեմբեր ամսուան համար պարգեւատրուած են աշխատավարձի 100%-ի չափով՝ 2 անգամ, 30%-ի եւ 20%-ի չափով՝ մէկ անգամ: Այսպէս,
- Դեկտեմբեր 4-ին, Միրզոյեան կարգադրած է խրախուսել որոշ պատգամաւորներուն, աշխատակազմի պետական ծառայողներուն եւ աշխատակազմի աշխատակիցներուն պարգեւատրել ամսական աշխատավարձի 30%-ի չափով։
- Դեկտեմբեր 12-ին, խրախուսելու նոյն ոգիով Միրզոյեան կարգադրած է որոշ պատգամաւորներուն, պետական ծառայողներուն եւ աշխատակազմի աշխատողներուն պարգեւատրել ամսական աշխատավարձի 100%-ի չափով։
- Դեկտեմբերի 16-ին, Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ եւ պաշտօնակատար Լենա Նազարեանն ալ խրախուսած է՝ նոյն շրջանակին պարգեւատրելով ամսական աշխատավարձի 20%-ի չափով։
- Ապա, նոյն օրը՝ Դեկտեմբեր 16-ին, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօնական խրախուսանքի ոգիով Նազարեան կարգադրած է նոյն անձնակազմին պարգեւատրել ամսական աշխատավարձի 100%-ի չափով
Դեկտեմբերեան այս պարգեւատրումներէն անկախ, պէտք է նկատի ունենալ նաեւ 2019-ի Ապրիլ ամիսէն սկսեալ Ազգային Ժողովի բոլոր պատգամաւորներուն պարգեւատրումը՝ ամսական աշխատավարձի 30%-ի չափով։
Հիմնուելով այս պարգեւատրումներու տուեալներուն վրայ, Արարատ Միրզոյեան միայն Դեկտեմբեր ամսուան մէջ ստացած է 2,976,300 դրամ որպէս պարգեւավճար: Իսկ իր տեղակալները՝ Լենա Նազարեան, Ալեն Սիմոնեան եւ Վահէ Էնֆիաջեան Դեկտեմբեր ամսուան համար իւրաքանչիւրը ստացած են 2,222,304 դրամ որպէս պարգեւավճար։ Իսկ Ազգային Ժողովի աշխատակազմի ղեկավար Տիգրան Գալստեանի նոյն ամսուան պարգեւավճարն է 1,653,500 դրամ։
Գումարելով այս պարգեւավճարները, ի յայտ կու գայ, որ վերոնշեալ պետական պաշտօնեաները, այսինքն մեր կարգ մը ազգընտիր պատգամաւորներն ու իրենց անձնակազմի որոշ անդամները միայն Դեկտեմբեր ամսուան մէջ ստացած են 11,296,712 դրամ:
Ի դէմ այս պարգեւատրումներուն, Հայաստանի խոնարհ գիւղացին եւ համեստ աշխատաւորը, եթէ անշուշտ գործազուրկ չեն, պէտք է աշխատին առնուազն մէկ կամ երկու տարի, որպէսզի կարենան վաստկիլ այն գումարը, որ մեր այս ազգընտիրներէն իւրաքանչւրը կը պարգեւատրուին միայն Դեկտեմբեր ամսուան համար։
Ալ Ձմեռ Պապը ի՞նչպէս կարող է Հայաստան գալ այս Ամանորին։ Նուէրներուն տոպրակը պարպած են մարդիկ, որոնց պարտականութիւնն է օրէնքներ մշակելով, որդեգրելով եւ գործադրելով բարելաւել քաղաքացիին տնտեսական եւ ընկերային անմխիթար վիճակը։ Պարպողները թերացած են իրենց պարտաւորութեան մէջ, սակայն խստապահանջ են սեփական պարգեւատրման գործին մէջ։
Երբ փոքր էինք մանկապարտէզի մէջ Ամանորին կ՚երգէինք այս երգը.-
«Ձիւնի մէջէն արօտանալով կը հասնիս,
Անցած տեղերդ են Արագած ու Մասիս,
Գալուստդ ըլլայ շնորհաւոր ու բարի,
Իմ սիրելի, երջանկաբեր Նոր Տարի։»
Մեր ժողովուրդի Նոր Տարին կ՚անցնի Արագածէն եւ Մասիսէն։ Այս Ազգային Ժողովը փաստեց այս տարի, որ իր ճանապարհը Արագածէն ու Մասիսէն չէ...։
Սեդօ Պոյաճեան
Դեկտեմբեր 23, 2019
Լոս Անճելըս