կարևոր
1612 դիտում, 10 ժամ առաջ - 2025-06-15 10:56
Աշխարհ Քաղաքական

Իսրայէլեան յարձակողականը աշխարհակարգի խորապատկերին մէջ. Կարօ Արմենեան

Իսրայէլեան յարձակողականը աշխարհակարգի խորապատկերին մէջ. Կարօ Արմենեան

Պարզ է, որ Իսրայէլեան օդուժի ներկայ յարձակողականը Իրանի միջուկային կարողականութեան դիրքերէն ներս կը բացայայտէ Նախ. Թրամփի դիրքերու զգալի տկարացումը Թրամփ-Նեթանիահու առճակատման ընդհանուր պատկերին մէջ։ Թրամփ ցարդ կրցաւ Իսրայէլը հեռու պահել Իրանէն պնդելով, որ ինք կարողականութիւնը ունի (որպէս ղեկավար ուժի) Իրանը բերելու Արևմտեան դաշտէն ներս շնորհիւ իր ուժային դիւանագիտութեան խաղաքարտերուն։ Եւ Իրան արդարացուց Թրամփի յոյսերը այս մարզին մէջ վարելով շատ նուրբ և դրական դիւանագիտութիւն բանակցութիւններու սեղանին վրայ։ Եւ սակայն բանակցային գործընթացը այնուամենայնիւ մտաւ փակուղի…Ինչո՞ւ։

Պատճառը պէտք է փնտռել Նեթանիահուի քաղաքականութեան էական առաջադրութիւններուն մէջ։ Գրած եմ բազմիցս, որ Թրամփ և Նեթանիահու կը գործեն հակադիր մեկնակէտերէ։ Անոնք համախոհներ չեն։ Անոնք տրամագծօրէն կը տարբերին իրարմէ իրենց անցեալի, ներկայի և ապագայի մտատեսիլներով։

Իրերու ներկայ դրութեան մէջ, կարևոր է, որ հարցերը դրուին մերկապարանոց։ Յստակ է, որ Նեթանիահուի քաղաքականութիւնը զսպանակուած է մէկ գերակշիռ թշնամիի ներկայացուցած մարտահրաւէրներէն։ Այդ թշնամին Իրանն է և որմով պայմանաւորուած է (ըստ Նեթանիահուի) Իսրայէլի լինելիութեան ողջ վարդապետութիւնը։ Այս գաղափարին ուժականութիւններով է նաև, որ Նեթանիահուի առաջնորդութեամբ գործող Իսրայէլի ծայրայեղականները կրցած են յաջողապէս «հարազատագրել» (legitimize), Արևմուտքի ուժային ոլորտին մէջ, իրենց ցեղասպանական քաղաքականութիւնը։ Վերջին տարիներուն, այս համակարգը կը գործէր բացառիկ արդիւնաւորութեամբ (Իսրայէլի համար) որքան ատեն, որ Ուաշինկթընի մէջ տիրապետող էր Նախ. Պայտընի անջիղ իշխանութիւնը։ Նեթանիահուի ամերիկացի համախոհներն էին, որոնք էապէս կը ճշտէին ԱՄՆ-ի Իրանեան, Պաղեստինեան և առհասարակ Միջին Արևելեան քաղաքականութիւնը և առատաձեռնօրէն կը ֆինանսաւորէին Նեթանիահուի արկածախնդրութիւնները։

Թրամփի իշխանութեան գալը շատ բան փոխեց իրերու յիշեալ ընթացքին մէջ։ Նեթանիահու յանկարծ կորսնցուց իր տիրական դիրքերը Ուաշինկթընի մէջ։ Ան դադրեցաւ «տնեցի»ի իրաւունքներ վայելելէ։ Ան Թրամփի մէջ յանկարծ տեսաւ քաղաքական ախոյեան մը, որ ունէր իր ինքնուրոյն տեսլականը տարածաշրջանին համար։ ԻՐ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱ՛ՆԸ (imperial imperative)՝ ՈՐ ՀԱԿԱՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԷՐ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԻՆ ՀԵՏ…

Այսպէս է, որ Իրանի հարցը – անխուսափելիօրէ՛ն — պիտի դառնար Թրամփ-Նեթանիահու առճակատման թէժ հնոցը։

Իմ նախորդող յօդուածներով լայնօրէն անդրադարձած եմ, թէ ինչպիսի՞ փուլերէ անցաւ յիշեալ առճակատման քուլիսային հոլովոյթը Թրամփի և Նեթանիահուի միջև։ Թրամփ և Թեհրան ամէն ինչ ըրին ԱՄՆ-Իրան բանակցային գործընթացը պահելու դրական ընթացքի մէջ…ամէն քայլափոխին խոր մտահոգութիւն պատճառելով Նեթանիահուի establishment-ին, որ ամէն ինչ ըրաւ իր սարդոստայնը հիւսելու բանակցային գործընթացին շուրջ՝ Թրամփի դիրքերը հետևողականօրէն կարծրացման տանելով և գործընթացը հրելով փակուղի։ Նեթանիահուի մարտավարութիւնն էր Իրանեան կողմը մղել ծայրայեղ դիրքերու և ի վերջոյ զայն վարկաբեկել նոյն ատեն տապալելով Թրամփի ռազմավարութիւնը ողջ տարածաշրջանին մէջ։ Պահ մը թուեցաւ, որ Նեթանիահուի լարած որոգայթները յաջող էին և բանակցային գործընթացը արդէն սպառած էր ինքզինք։ Բայց ան ի վերջոյ տեղի չունեցաւ։ ԱՄՆ-Իրան երկխօսութիւնը կրկին վերականգնեցաւ և կը պատրաստուէր յուսադրիչ նոր հանգրուաններ ձևաւորելու։

Պարզ է, որ Յունիս 12-13-ի Իսրայէլեան հուժկու նախայարձակումը իր շեղբային ճշգրտութեամբ կենսական արժէք կը ներկայացնէր Նեթանիահուի համար։ Ան ուղղուած էր, առաջին հերթին, բանակցային գործընթացին դէմ։ Պէտք էր ականահարել գործընթացը ամէն գնով և զայն միանգամընդմիշտ շնչահեղձ ընել։ Ան մանաւանդ ուղղուած էր Թրամփի քաղաքականութեան դէմ և — անպայմա՛ն — Թրամփին դէմ անձնապէս։ Ան թիրախաւորեց շարք մը ղեկավար դէմքեր Իրանեան կողմի պետական ընտրանիէն, որոնք բանալի դերակատարներ էին ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու բեմին վրայ։ Ան զրկեց Թրամփը իր բանալի խօսակիցներէն։ Ան մանաւանդ վարկաբեկեց Թրամփը — և անշուշտ ԱՄՆ-ը – տարածաշրջանի ուժերու աչքին։ Այսօր Նախ. Թրամփ և ԱՄՆ հարցականի տակ են Արաբական Թերակղզիի, Սուրիոյ, Իրաքի, Յորդանանի, Լիբանանի քաղաքական ուժերու աչքին։ Չեմ զարմանար եթէ արաբ ղեկավարութիւնը այսօր ինքզինք գտնէ մեծ յուսախաբութեան մը մէջ։ Խաղը նոյն խաղն է, կ՚ըսեն անոնք։ Թրամփ մանաւանդ հարցականի տակ է Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի և Ռուսաստանի աչքին։ Ան հարցականի տակ է Ուկրայինայի աչքին։ Չինաստանի և Հնդկաստանի աչքին։ ՊետՔարտուղար Ռուպիոյի յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, ողբերգութիւն մըն է։ Պարտուած ուժի խօսոյթ է ան։ Նախաձեռնութեան պատեհութիւնը կորսնցուցած, զայն Իսրայէլին զիջած գերտէրութեան մը կաղ չքմեղանքն է, որ անշուշտ պատիւ չի բերէր ԱՄՆ-ի պետութաեն և ժողովուրդին։ Բա՛ն մը՝ որ ամբողջութեամբ կը հակասէ Թրամփի քաղաքական առաջադրութիւններուն։

Իսրայէլեան նախայարձակումը նաև մեծ հարցեր կ՚ըստեղծէ Թրամփի համար ԱՄՆ-ի ներքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ, ուր Թրամփ արդէն իսկ նստած է քաղաքական աննախընթաց հրաբուխի մը վրայ։ Այս առումով, Նեթանիահուի նախաձեռնութիւնը ռազմավարական «հանճար»ի փայլուն օրինակ մը կարելի է համարել, որ նաև յղի է դաժան հետևանքներով աշխարհակարգի ապագային համար։

Գրած եմ բազմիցս, որ ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները միաժամանակ (եւ անմիջականօրէ՛ն) կը պայմանաւորեն իրերու ընթացքը Կովկասի, Հայաստանի և յատկապէս Սիւնիքի ռազմաբեմերուն վրայ։ Անուրանալի է, որ այսօր, Թուրքևազրպէյճանական սպառնալիքին առջև լայնօրէն բացուած է Սիւնիքի դռները։ Նեթանիահուի քաղաքականութեան առաջին զոհը Կովկասի մէջ կրնայ դիւրաւ Սիւնիքը ըլլալ, եթէ անշուշտ հայկական կողմը յամառի անտեսել ճգնաժամը և շարունակէ ապրիլ իր անղեկ կեանքը։

Այսօրուան հիմնական հարցը Թրամփն է։ Խաղաքարտերը լայնօրէն բացուած են Թրամփին (և աշխարհակարգին) առջև պարտաւորիչ դարձնելով, որ Թրամփ ընէ վճռորոշ ընտրութիւններ։ Արդեօ՞ք Թրանփ պիտի վերցնէ ձեռնոցը և պատերազմ յայտարարէ բոլոր Նեթանիահուներուն դէմ։ Եւ ո՞ւր պիտի հաստատուին նորմերը Թրամփի քաղաքականութեան։ Եւ ուրկէ՞ պիտի սկսի Թրամփի յաջորդ մեկնարկը…Ի՞նչ կարմիր գիծերով պիտի վերսկսի գործել ան։ Պիտի ունենա՞յ իսկական կարմիր գիծեր, թէ թոյլ պիտի տայ, որ Նեթանիահուն ճշտէ կարմիր գիծերը, ինչպէս եղած է տասնամեակներ շարունակ ԱՄՆ-ի համար։

Հարցո՛ւմ։ Արդեօք եկա՞ծ է ժամը ինքզինքին և ամբողջ աշխարհին հպարտօրէն ցոյց տալու, որ ԱՄՆ-ի նախագահը գիտէ իր մատը դնել իսկական թշնամիին վրայ և կրնայ վճռականօրէն կտրել գորդեան հանգոյցը։

Կարօ Արմենեան

Ուաշինկթըն