կարևոր
6514 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-10-01 11:50
Աշխարհ Քաղաքական

Յաջորդ տողերը ջնջել ընդփոյթ….ջնջել հիմա՛. Կարօ Արմենեան

Յաջորդ տողերը ջնջել ընդփոյթ….ջնջել հիմա՛. Կարօ Արմենեան

Փոխ կ՚առնեմ Հանրահաւաքի այսօրուան հարթակէն հնչած յարգարժան Վազգէն Մանուկեանի շատ խօսուն կոչը ուղղուած հրապարակի ժողովուրդին։

Ազգային Կոմիտէի Մեծարգոյ Նախագահը իրաւամբ կը յայտարարէ, որ արդէն վաղուց գոյութիւն ունի հայ անկախ պետականութեան կազմաքանդման սադայէլական ծրագիր, որ կը բաղկանայ բազմաթիւ հանգրուաններէ։ Վազգէն Մանուկեանը զանոնք կ՚անուանէ «տողեր»։ Այդ տող-հանգրուանները ճշտուած են թշնամիին կողմէ (յենարան ունենալով Փաշինեանական համակարգը որպէս արբանեակ իշխանութիւն)։ Ամէն անգամ, որ այդ տողերէն մէկը յաջողապէս կ՚իրագործուի, թշնամին կը ջնջէ այդ տողը և կ՚անցնի յաջորդին։ Շաբաթ մը առաջ, թշնամին – անօրինակ արագութեամբ – կրցաւ իրականութեան վերածել Արցախեան հայրենիքի բնաջնջումն ու լուծարումը։ Ընդամէնը քանի մը դժոխային օրերու ընթացքին, և ահաւոր պայմաններ պարտադրելով մեր ժողովուրդին, ան կրցաւ լիովին հայաթափել Արցախը և ջախջախել հայ անկախ պետականութեան ողնայարը։ Ան կրցաւ իրագործել իր չարաշուք ծրագրի այս կէտը համաշխարհային հանրութեան, համաշխարհային հայութեան և նիկոլական իշխանութեան աչքերուն առջև առանց դոյզն հակադարձութեան։ Միակ հակադարձողը Պաշտպանութեան Բանակի հերոս զինուորներն էին։

Այսօր, թշնամին ջնջած է այս տողն ալ և կը պատրաստուի յաջորդ տողերը գործի վերածելու։ Եւ Վազգէն Մանուկեանի թախանձագին կոչն է բոլորին, որ յաջորդ տողերը ջնջողը ըլլանք մենք։ Այդ տողերը պէտք է ջնջուին ՄԵՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ և ի նպաստ մեր հայրենիքի լինելիութեան։ Թոյլ չտա՛լ, որ անոնք ջնջուին թշնամիին և իր արբանեակներուն կողմէ պատմութեան բեմէն միանգամընդմիշտ ջնջելով հայ անկախ պետականութեան գոյութիւնը։

Այս առումով, թող ներուի մեզի ըսել, որ Ազգային Կոմիտէն – իր բոլոր համբուրելի գաղափարներով և գործողութիւններով հանդերձ — կը տառապի դանդաղկոտութենէ։ Դանդաղկոտութի՛ւն՝ որ կրնայ մեծապէս ճակատագրական ըլլալ մեր երկրին համար։ Կասկած չկայ, որ այսպիսի զօրաշարժերը հեշտ չեն։ Ի՜նչ խօսք՝ որ այս դիտարկումները չեն միտիր ստորագնահատելու կատարուած և կատարուող ծովածաւալ աշխատանքը ղեկավարութեան կողմէ։ Դժբախտաբար փաստը կը մնայ փաստ։ Այս կէտին վրայ, Կոմիտէի հարուածը համաչափ չէ մարտահրաւէրի պահանջներուն։ Պէտք է կասեցնել ծուռ դարձած և գահավէժի մէջ գտնուող անիւը, եթէ նոյնիսկ ան կ՚ենթադրէ «պառկիլ» անիւին առջև։

«Յաջորդ տող»ը սեղան պիտի բերուի հոկտեմբերի 5-ին Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ։ Ալիև-Փաշինեան Գագաթաժողովը կոչուած է նուիրագործելու մեր պարտութեան յաջորդ ճակատագրական հանգրուանը։ Մեծագոյն հաւանականութեամբ ափսէի վրայ են Սիւնիքի, Սոթքի և «անկլաւ»ներու ապագան։ Ափսէի վրայ է ազերիներու վերաբնակեցումը Հայաստանի մէջ և դեռ շատ ուրիշ աղիտալի զիջումներ մեր գերիշխանութեան դիրքերէն։ Սեղանի վրայ է ամէն ինչ, որ ունինք, որպէս հայրենական ժառանգութիւն (patrimoine)։

Նկատի առնելով օրհասական պահը, Ազգային Կոմիտէն և մեր ժողովուրդը երբեք իրաւունք չունին տեղքայլի։ Բոլոր այն միջոցառումները, որոնց մասին այսօր խօսեցան Կոմիտէի ղեկավարները գործնականօրէն համազօր են տեղքայլի։ Ես չեմ մոռցած Վազգէն Մանուկեանի մեզի փոխանցած սրտառուչ պատգամը ներկայ հանրապետութեան առաջին օրերուն՝ ՄԵՆՔ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԵՆՔ ՈՍՏԻՒՆԻ ՈՐՊԷՍԶԻ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵՆՔ ԱՊԱԳԱՆ…

Ապագան այժմ դրուած է նժարի վրայ ամենէն անսիրտ տուեալներով և եկած է հզօր ոստիւնի կենսական պահը։ Այս կէտին վրայ, գոյութիւն ունի միայն մէկ նպատակ։ Վար բերել Նիկոլը առանց այլևայլի։ Վար բերել զայն այսօր իսկ։ Զայն վար բերել ամէն գնով։ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԺԱՄԱՆԱԿ ՉՈՒՆԻ ԴԱՆԴԱՂԵԼՈՒ։ ԺԱՄԱՆԱԿ ՉՈՒՆԻ ԽՕՍԵԼՈՒ։ ԱՆ ԳԻՇԵՐ-ՑԵՐԵԿ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԵՒ ԱՌՆԷ ԲՈԼՈՐ ԱՅՆ ՔԱՅԼԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ Կ՚ԱՊԱՀՈՎԵՆ ՆԻԿՈԼԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՃՌԱԿԱՆ ԼՈՒԾԱՐՔԸ։ ՆԻԿՈԼԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԵՐԹԱՅ ՍՊԱՆԻԱ։ ՆԻԿՈԼԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԵՐԹԱՅ ՍՊԱՆԻԱ։ ԱՆ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՊԷՏՔ Է ԵՐԹԱՅ…ԵՒ ՎԵ՛ՐՋ։

Կարօ Արմենեան

Սեպտեմբեր 30, 2023