կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-09-27 16:16
Սփյուռք

Տեղեկատուական պատերազմը եւ հայկական լրատուամիջոցները

Տեղեկատուական պատերազմը եւ հայկական լրատուամիջոցները

Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումէն ի վեր, մօտ երեք տասնամեակ, կը գտնուինք ամրոց պետութիւն (Garisson state) ըլլալու հարկադրանքին տակ, շրջապատուած Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ թշնամաբար տրամադրուած երկու հարեւան պետութիւններու կողմէ։

Բնականաբար, երկու հակառակորդներու բազմաբնոյթ նախայարձակ գործողութիւններու ծիրը կ՚ընդգրկէ՝

Ա) Ռազմական
Բ) Դիւանագիտական
Գ) Տեղեկատուական-քարոզչական

Պատերազմները։

Հայաստանի եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցները յոյժ կարեւոր դերակատարութիւն ունին կատարելիք տեղեկատուական-քարոզչական պատերազմին առնչութեամբ։
Տեղեկատուական ոլորտի եւ հաղորդակցութեան վերահսկողութեան չգոյութիւնը պետութիւն մը կրնայ յանգեցնել բացասական հետեւանքներու:

Տեղեկատուական պատերազմը (Information warfare IW) այն հասկացութիւնն է, ընդ որում, հակառակորդին դէմ մրցակցային առաւելութիւն արձանագրելու համար կ՚օգտագործուին տեղեկատուական եւ հաղորդակցային գիտարուեստի միջոցները։

Քրիստոսի թվարկությունից առաջ հինգերորդ դարու ռազմարուեստի չինացի մասնագէտ զօրավար Սուն Ցուի խօսքերը 26 դար ետք տակաւին այժմէական հնչողութիւն ունին։ «Ռազմի արուեստը կը սորվեցնէ այն, թէ ոչ թէ թշնամիի մօտալուտ յարձակման մասին տեղեակ ըլլալն է հիմնականը, այլ՝ յարձակումը դիմակայելու լիակատար պատրաստուածութիւնը եւ դիրքերը անխորտակ պահելու առաջադրանքը»։

Աշխարհի լաւագոյն Cybersecurity think tank-ի հիմնարկներէն Institute for Critical Infrastructure Technology-ի փորձագէտ Ճէյմս Սքաթ կ՚ըսէ «Տեղեկատուական ցանցային պատերազմը հոգեբանական ռազմավարութիւն եւ գիտարուեստի օգտագործումով մարտավարական մասնագիտութիւն է»։

Տեղեկութեան աղաւաղում կամ նենգափոխում
Information Manipulation

Տեղեկութեան աղաւաղումը կը նպատակադրէ տեղեկութիւններ այլափոխելով վարկաբեկել եւ վարկազրկել հակառակորդի դիմագիծը՝ յաչս միջազգային ընտանիքին։ Այս ծիրէն ներս աշխուժօրէն կը գործեն ատրպէյճանական ընկերային ցանցերու օգտատէրերը եւ ապատեղեկատուութիւն կը սերմանեն համացանցի վրայ։

Հայատեացութիւն – Armenophobia

Պաքուի իշխանութիւններուն ամէնօրեայ ռազմատենչ արձագանգներուն անքակտելիօրէն կապուած է հայատեացութեան քաղաքականութիւնը, որ այսօրուան դրութեամբ տարածուած է արդէն Ատրպէյճանի պետութեան կրթական հայեցակարգին եւ տեղեկատուական համակարգին մէջ՝ որպէս պետական կազմակերպուած քաղաքականութիւն։
Հակահայ քարոզչութիւնն ու հայատեացութիւնը բնականաբար չեն երաշխաւորեր պայթիւնավտանգ առճակատման եզրին գտնուող Հարաւային Կովկասի Արցախեան ճակատի ուղղութեամբ տարուող միջազգային խաղաղասիրական ճիգերուն եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն հրադադար յառաջացնելու առաքելութիւններուն։

Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի հայ խաղաղ քաղաքացիներուն դէմ կազմակերպուած նախճիրները հայատեացութեան սկզբնաղբիւրներն էին, որոնց յաջորդեց Մարաղայի հայ գիւղացիներու սպանդը։

Հակահայ տեղեկատուութիւնը Ատրպէյճանի քաղաքական ռազմավարութեան մէջ շեշտուած ուղեգիծ է, որուն խորքին մէջ հայատեացութիւնը դրսեւորուած է բազմաբեւեռ մակարդակներով։
Կրթական գրականութեան եւ դասագիրքերու մէջ հայերը ներկայացուած են որպէս արիւնարբու նախայարձակ ազգ, եւ այս բոլորը Ատրպէյճանի կրթական նախարարութեան գիտակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ: Պաքուի կողմէ հետեւողականօրէն շեփորահարուող ռազմատենչութեան եւ ատելավառ թշնամութեան քարոզչութեան անմիջական ազդեցութեան տակ են ատրպէյճանցի դպրոցական տարիքի սերունդները:

Հայատեացութիւնը տարածողներն ու քարոզողները, պատմութիւնը խեղաթիւրողները, նոյնինքն Ալիեւեան իշխանութեան պետական դէմքերն են, սկսեալ երկրի նախագահէն, որ 2018 Փետրուար 9-ին կայացած «Նոր Ատրպէյճան» կուսակցութեան համաժողովին յայտարարեց, թէ Երեւանը պատմականօրէն Ատրպէյճանի կը պատկանի, եւ իրենց պարտականութիւնն է քաղաքը վերստին Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ ներառել՝ Զանգեզուրի եւ Սեւանայ Լիճի տարածքներուն հետ միասին։
Աւելի՛ն, Պաքուի կողմէ հսկայածաւալ ֆինանսաւորումով Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու հայութիւնը միջազգային գետնի վրայ հեղինակազրկելու եւ վարկաբեկելու քարոզչական աշխատանք կը տարուի։

Ակադեմական ծիրէն ներս, դարձեալ պետական աջակցութեամբ, նենգափոխուած պատմագիտական գրականութիւն կը տարածուի տարիներէ ի վեր, ուր պատմաբանասիրական հրատարակութիւններուն մէջ յստակօրէն կը նշուի հայերու «եկուոր» իսկ ատրպէյճանցիներու «բնիկ» ըլլալու պարագան։ Վերջին տասնամեակին յատկապէս շեշտադրուած ձեւով շրջանառութեան մէջ դրուած է Հայաստանը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» ըլլալու հասկացութիւնը։
Պատմութիւնը եղծելու եւ վերաշարադրելու մոլուցքին մէջ չի խնայուիր նոյնիսկ հայութեան հոգեւոր ժառանգութիւնը, որուն վկայութիւնն է 2006 թուականի Հին Ջուղայի խաչքարերու ջարդն ու բնաջնջումը։

1992 թուականին Խոջալուի մօտ պատահած իրադարձութիւնները որպէս ցեղասպանութիւն ներկայացնելու քարոզչական ճիգերը կը հասնին մինչեւ Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա, ուր կազմակերպուած միտում կայ Խոջալուի դէպքը միջազգայնօրէն ցեղասպանութեան համազօր իրաւական գնահատականի հասցնելու:
Եւրոպական Խորհուրդին՝ Ընդդէմ ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան յանձնաժողովի 2016 թուականի Ատրպէյճանի յատուկ տեղեկագրին մէջ յստակօրէն կ՚ըսուի. «Ատրպէյճանի մէջ պետական ղեկավարներ, կրթական հաստատութիւններ եւ լրատուամիջոցներ շարունակաբար օգտագործած են ատելավառ խօսք հայերուն հանդէպ. ատրպէյճանցիներու ամբողջ սերունդ
մը հասակ առած է լսելով ատելութեան հռետորաբանութիւնը»։

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄ

Հայաստանի դէմ տեղեկատուական պատերազմ վարող երկու պետութիւնները կը հանդիսանան Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։ Անգարայի իշխանութիւնները այդ մէկը կը կատարեն աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, իսկ Պաքուն այդ մէկը կը կատարէ քառորդ դարէ ի վեր։ Երկու պարագաներուն ալ, ապատեղեկատուական եւ հակահայ քարոզչութեան ամէնօրեայ յարձակում կ՚իրագործուի մեր դէմ։

Թրքական կողմը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու իր քարոզչութեամբ, իսկ ատրպէյճանական կողմը Խոջալուի դէպքը «ցեղասպանութեան» համազօր դասակարգելու իր անդուլ ճիգերով, փորձ կը կատարեն դէպքերու խեղաթիւրուած իրողութիւնը սփռելու միջազգային հասարակութեան մէջ։
Հայկական կողմը իր կարգին ձեռնածալ չէ։ Տեղեկատուական առճակատման մէջ ենք ամէն օր։ «Հորիզոն»ի մեր կայքէջով մասնակից ենք ամրապնդելու հայկական կողմի քարոզչական խրամադիրքերը։

Պատահական չէր, որ 2014-ի Նոյեմբերին «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կայքէջը www.horizonweekly.ca ատրպէյճանական կայքահէն (hacker) խումբի յարձակման թիրախ դարձաւ։ Նոյն ձեւով, 2014-ի Հոկտեմբերին, երբ մեր կայքէջով վկայակոչեցինք եւ արձագանգեցինք թրքական իշխանութիւններու եւ Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու միջեւ համագործակցութեան մասին, նախ նշաւակ դարձանք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, ապա թիրախ դարձանք եղեռնագործի վարձկան կայքահէններուն յարձակման։

ՆՈՐ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ

2015-ին բրիտանական բանակը գործի լծեց բանակի «77-րդ գումարտակ» բաժանմունքը, որուն գլխաւոր առաքելութիւնն է համակարգել Մեծն Բրիտանիոյ տեղեկատուական եւ քարոզչական ոլորտները միջազգային լրատուական աշխարհի ամենօրեայ հոսքին առընթեր։ Այսինքն, Մեծն Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը անդրադառնալով գիտարուեստի յարաճուն յարափոփոխութեան, ժամանակը յարմար նկատեց բանակի համակարգը վերադասաւորելու եւ քարոզչական կառոյցը հունաւորելու։

Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը լիարժէքօրէն ապահովելու համար, այսօր հայրենի պետութեան համար անյետաձգելի պարտաւորութիւն է ստեղծել այն համակարգը, որ հսկէ ամէնօրեայ տեղեկատուական եւ քարոզչական լրահոսքին։ Պաշտպանութեան նախարարութեան զուգահեռ կարելի է հիմնել Տեղեկատուական Անվտանգութեան Վերահսկողութեան եւ Իրազեկման Դիտեւան (ՏԱՎԻԴ), (Դիտեւան = ռազմական դիտանոց):

Հայկական լրատուամիջոցներու այսօրուան եւ վաղուան առաքելութիւնը նպատակաուղղուած պէտք է ըլլայ հզօրացնելու, ամրագրելու եւ զարգացնելու գիտարուեստի համացանցային քարոզչական անվտանգութեան հայկական ծիրը, որպէսզի յաւելեալ ներուժով դիմագրաւենք եւ ինչու ոչ հակադարձենք հակառակորդի ապատեղեկատուական ոտնձգութիւններուն ու խեղաթիւրումներուն:

Վահագն Գարագաշեան