Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արաբական Միացիալ Էմիրութիւններու «Իթիհատ» օրաթերթին մէջ կը կարդանք, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութողլու ամիսներէ ի վեր կը գործադրէ միջինեարեւելեան շրջապտոյտ մը, որուն ընթացքին ան կը քննարկէ զանազան հարցեր, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Լիպիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ: Թուրքիա ուշացումով կրցաւ ձերբազատիլ Քազզաֆիէն եւ անոր վարչակազմէն՝ ի վերջոյ յարաբերութիւններ հաստատելով Լիպիոյ փոխանցման շրջանի Ազգային Խորհուրդին հետ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ համար յստակ մտահոգութեան վերածուեցան Իրաքի զարգացումները: Թրքական այս մտահոգութիւններուն եւ ներքին իրարանցումներուն հիմնական պատճառներէն է նաեւ Իրան-Թուրքիա տարակարծութիւնը՝ նկատի ունենալով շրջանին մէջ իւրաքանչիւրին քաղաքական առաջնահերթութիւնները:
Այս շրջագիծին մէջ հարկ է նշել, որ իրանեան իշխանութիւնները վերջ տուին Իրաքի շուրջ Թուրքիոյ հետ խորհրդակցութիւններուն եւ կեդրոնացան Միացեալ Նահանգներու դէմ իրենց պայքարին վրայ, պահանջելով անոնց հեռացումը Իրաքէն… Մինչդեռ Թուրքիոյ փորձերը կեդրոնացան իրաքեան տարբեր կողմերը առաջին հերթին՝ մղելու նուազագոյն միասնականութեան եւ հաւասարակշռութեան պահպանման, ապա՝ ամերիկեան ուժերուն ճակատագիրին շուրջ համաձայնութեան մը գոյացման: Թուրքիոյ այս քայլերը կու գան այն մտահոգութենէն, որ եթէ ամերիկեան ուժերը Իրաքէն հեռանան, ապա երկիրը կրնայ բաժնուիլ, ինչպէս նաեւ քիւրտերուն կողքին, անջատողական տրամադրութիւններ կրնան ծագիլ նաեւ սիւննի համայնքին մօտ:
Միւս կողմէ սակայն, Իրանի համար ամերիկացիներուն հետ իր ունեցած տարակարծութիւնները առաջնահերթ կը համարուին: Իրան կը նկատէ, որ Իրաքի քաոսային վիճակը ոչ մէկ ձեւով կը սպառնայ Թեհրանին, այլ ընդհակառակն՝ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերուն գոյութիւնն է, որ կը սպառնայ անոր: Հետեւաբար երկու պետութիւններուն (Իրան եւ Թուրքիա) միջեւ տարբերութիւնը այն է, որ թրքական իշխանութիւնները կը վախնան քաոսային իրավիճակէն եւ Իրաքի բաժանումին հաւանականութենէն, որովհետեւ այդպիսով քրտական հարցը լուսարձակի տակ կ'առնուի, իսկ իրանեան իշխանութիւնները կը յուսան, որ ամերիկեան ուժերուն Իրաքէն հեռացումով կարելի կ'ըլլայ Իրաքը եւ անոր շիի շրջանները դնել իրենց անմիջական հակակշռին տակ:
Աւելի ուշ նաեւ ի յայտ եկաւ, որ այս երկու երկիրներուն միջեւ Իրաքի շուրջ լռելեայն եւ մութ մրցակցութիւնը վերածուած է բաց պայքարի, երբ Սուրիոյ մէջ ծայր տուին Պաշշար Ասատի վարչակարգին դէմ բողոքի ցոյցերը: Սուրիոյ մէջ արձանագրուած բողոքի ցոյցերուն առաջին շաբաթներուն ընթացքին, Թուրքիա պահելով իր յարաբերութիւնները՝ սուրիական վարչակազմին հետ, անկէ պահանջեց արագ փոփոխութիւն: Միւս կողմէ, անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին թրքական իշխանութիւնները նախագահ Ասատի հետ ստեղծեցին մօտիկ յառաբերութիւններ, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրեցին գործակցութեան հարիւրաւոր համաձայնագիրներ, Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ կատարեցին միջնորդութիւն, ինչպէս նաեւ ճիգ չխնայեցին սուրիական վարչակարգին եւ Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները մեղմացնելու:
Կանխարգիլելու համար Լիպիոյ իրադարձութիւններուն կրկնութիւնը Սուրիոյ մէջ, եւ այն ինչ որ կը նախատեսուի Իրաքի մէջ պատահիլ, Թուրքիա Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը նկատեց իր ազգային անվտանգութեան մէկ մասնիկը եւ պնդեց, որ իր մօտիկ բարեկամը՝ Պաշշար Ասատ դասեր քաղէ արաբական այլ երկիրներու մէջ պատահած դէպքերէն ու հարկ եղած փոփոխութիւնները կիրառէ: Սակայն թրքական ապահովական եւ ռազմավարական կողմեր փոխանցած էին, որ Ասատ չի մտածեր բարեկարգումներ կատարել, ընդհակառակն՝ ան Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ձերբակալութիւններ եւ սպանութիւններ գործելու ընթացքի մէջ է:
Այդ միջոցին թուրք պատասխանատուները սկսան Սուրիոյ հանդէպ իրենց ոճը խստացնել. անոնք սահմանամերձ շրջաններուն մէջ վրաններ լարեցին՝ ընդունելու համար սուրիացի գաղթականները եւ Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու հետ իրենց խորհրդակցութիւնները ընդարձակեցին: Այս բոլորին կողքին, թրքական իշխանութիւնները արտօնեցին, որ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը եւ Իսլամ եղբայրները իրենց նիստերն ու խորհրդաժողովները գումարեն Պոլսոյ եւ Անթալիոյ մէջ, այս վերջինները նկատելով դաշնակիցներ, որոնք ապագային Սուրիոյ ներքին քաղաքական կեանքին վրայ ազդեցութիւն կրնան ունենալ:
Հազարաւոր սուրիացի քաղաքայիններ եւ զինուորականներ փախուստ տուին դէպի Թուրքիա եւ սահմանամերձ շրջաններ, ուր յաճախակի այցելութիւններ տուաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութողլուն իր վրայ հրաւիրելով լուսարձակները: Թրքական իշխանութիւնները Սուրիոյ հարցով երբեք չխորհրդակցեցան Իրանի հետ, ընդհակառակն՝ իրանցիներն էին, որոնք Թուրքիան զգուշացուցին Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու որեւէ քայլէ:
Իրանեան իշխանութիւնները Թուրքիոյ անկեղծօրէն փոխանցեցին, թէ Սուրիոյ մէջ բռնկած ներքին խլրտումներն ու տագնապը իրենք կը նկատեն դաւադրութիւն եւ իրենք երբեք պիտի չհրաժարին Սուրիոյ հետ իրենց ռազմավարական դաշինքէն: Ինչպէս որ իրանցիները՝ Իրաքի մէջ թրքական ջանքերուն նկատմամբ խուլ ձեւացան, նոյնպէս վարուեցան թուրքերը՝ Սուրիոյ վերաբերող հարցերուն: Թուրքիա մնայուն կերպով միջամտեց սուրիական հարցերուն, ընդունեց սուրիացի գաղթականները, բարեկարգումի կոչեր ուղղեց, ԱՄՆ-ի հետ խորհրդակցեցաւ ցուցարարներուն դէմ բռնարարքները կասեցնելու հաւանական միջոցներուն մասին, ինչպէս նաեւ սուրիական իշխանութիւններուն համար պատրաստեց փոխանցման հանգրուանի ելք մը:
Վերջերս, Տաւութողլու այցելեց Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա եւ Իրան: Միջինարեւելեան այս շրջապտոյտի ընթացքին, Տաւութողլու շեշտեց այն տրամաբանութիւնը, որ ի տարբերութիւն Լիպիոյ, Սուրիոյ դաշնակիցներն ու դրացի երկիրները չեն փափաքիր սուրիական վարչակարգին տապալումը, հետեւաբար այլընտրանքը կրնայ ըլլալ Թուրքիա, Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա եւ Իրան քառակողմանի գործակցութիւնը, որ հակառակ այս երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն, կրնայ Սուրիոյ մէջ բարեկարգումներ պարտադրել՝ հանդարտեցնելու համար բողոքի ցոյցերը եւ վերահաստատելու համար Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը:
Նկատի ունենալով Քազզաֆիի երկար շունչը եւ գոյապայքարի անոր ոգին, ամերիկացիք եւ եւրոպացիք ներկայիս մտահոգ են եւ կը գիտակցին, որ Սուրիոյ պարագային իրենց պարտադրելիք փոփոխութիւնը կրնայ շատ աւելի դժուար ըլլալ, մանաւանդ որ նաեւ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն Սուրիոյ դէմ կարելի չեղաւ դատապարտում մը ձեռք ձգել՝ Ռուսիոյ, Չինաստանի, Պրազիլի եւ Հնդկաստանի ընդիմութեան պատճառով: Ոչ ոք կրնայ իրօք գիտնալ Ծոցի երկիրներուն հետ Թուրքիոյ ունեցած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքը, սակայն յստակ է, թէ Ծոցի երկիրները, որոնք շահագրգռուած են Սուրիոյ ապահովական կայունութեամբ, չգործակցեցան այնքան մը որ սուրիական վարչակարգին վրայ ճնշում բանեցնեն:
Թեհրանի մէջ, կացութիւնը յստակ էր. Իրան ինքզինք սուրիական այս վարչակարգին դաշնակից կը նկատէ եւ կը մտահոգուի, որ անիկա տապալի եթէ զիջումներ կատարէ, հետեւաբար ան Դամասկոսի թելադրած է կարելի եղածին չափ հեռու մնալ Թուրքիայէն եւ այն արաբներէն, որոնք իրեն չարիք կը ցանկան ու վնաս կը հասցնեն: Թեհրանի այս մտահոգութիւնները կը բացատրուին այն իրականութեամբ, որ մէկ կողմէ՝ Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի թէ Կազայի մէջ իր ունեցած ազդեցութեան լծակները արդէն ցնցումներու ենթակայ են, իսկ միւս կողմէ ան կ'ուզէ հաստատել այն կացութիւնը որ նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակարգի ընթացքին շահած էր երկու կողմերու գործակցութեամբ:
Տաւութողլու Իրանէն վերադարձաւ, առանց շօշափելի արդիւնքներու եւ այդպիսով երկու կողմերուն միջեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ վերաբերեալ տարակարծութիւնը հրապարակային բնոյթ ստացաւ: Թուրքերը տակաւին չեն յուսալքուած բազմաթիւ պատճառներով. նախ՝ որովհետեւ Համայի մէջ ցուցարարներուն մէկ միլիոնի հասնող թիւը ռազմավարական փոփոխութւն յառաջացուց, ապա նաեւ որովհետեւ ԱՄՆ ու ֆրանսա իրենց կեցուածքներուն մէջ բացայայտ դարձուցին, թէ Սուրիոյ վարչակարգը իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է:
Ներկայիս Թուրքիա կը սպասէ արաբական (Եգիպտոսի եւ Ծոցի) կեցուածքի մէջ փոփոխութիւն մը, որ Սուրիոյ վրայ յաւելեալ ճնշում կրնայ բանեցնել բազմաթիւ ձեւերով… Այս առումով, թուրքերը գոհունակ ու բաւարարուած զգացին երբ Սէուտական Արաբիա հրապարակաւ յայտնեց, թէ Սուրիա պէտք է անմիջապէս կասեցնէ սպանութիւնները եւ անցնի բարեկարգումներու գործադրութեան… Հոս հիմնական հարցումը կը կեդրոնանայ այն իրականութեան վրայ, որ ի՞նչու արաբական աշխարհը այդքան ուշ է եւ արտօնած է, որ Թուրքիա եւ Իրան մրցակցութեան մէջ մտնեն՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ վրայ իշխելու համար:
Ի՞նչ պիտի ընեն թուրքերը: Ոչ Թուրքիա եւ ոչ ալ արաբները տակաւին գիտեն պատասխանը, բայց եւ այնպէս Թուրքիան ե՛ւ Արաբական աշխարհը համոզուած են, որ տակաւին առիթ կայ արմատական փոփոխութիւններ կատարելու, բռնարարքներէն դուրս գալու եւ վերադառնալու քաղաքացիական բնականոն կեանքի:
Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածին մէջ հարց կը տրուի, թէ արդեօք Թուրքիա՝ սուրիական ճակատին վրայ պարտուա՞ծ է: Ստորեւ կը ներկայացնենք վերոնշեալ յօդուածէն բաժիններ:
Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ տիրող կացութեան հետեւողին համար յստակ է, թէ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն մասին թրքական սուր կեցուածքները վերջ գտած են: Հետեւաբար հոս ինքզինքը պարտադրող հարցումը այն է, թէ ի՞նչ են այն դրդապատճառները, որոնց շնորհիւ Թուրքիա փոխած է իր կեցուածքներուն սուր բնոյթը:
Թերեւս այդ դրդապատճառները պէտք է փնտռել հետեւեալ կէտերուն մէջ.
ա) Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեբ Թայիբ Էրտողանի կրակոտ ճառերը կատարուած են 12 յունիսին, այսինքն Թուրքիոյ երեսփոխանական ընտրութիւններու նախօրիակին: Եթէ այդ յայտարարութիւնները կատարուած էին ընտրական շահերէ մեկնելով, հետեւաբար հարկ է հարց տալ, որ արդեօք ի՞նչ է այդ յայտարարութիւններուն փոխարէն ստացուած քուէներուն արժէքը, որովհետեւ փաստօրէն Էրտողան ցնցումի ենթարկեց Սուրիոյ նման կարեւոր, ազդեցիկ եւ դէպի արաբական աշխարհ մուտքի հիմնական դարպասը նկատուող երկրի մը հետ յարաբերութիւնները:
բ) Թուրքիոյ գրաւները ձախողած են: Թուրքիոյ կեցուածքներուն մօտէն հետեւողը կը զգայ, թէ ան սկիզբէն երկուութիւն ստեղծած է, առաջին հերթին խորհուրդներ տալով, ապա անմիջապէս անցնելով մեղսակիցի դերակատարութեան: Թուրքիոյ կողմէ սուրիական ընդդիմութեան խորհրդաժողովին հիւրընկալումը, սուրիացի գաղթականներուն մարդկային հարցին չարաշահումն ու այն մօտեցումը, թէ Թուրքիա կրնայ մասնակից դառնալ Սուրիոյ դէմ միջազգային ընտանիքին որդեգրելիք քայլերուն, յստակ պատգամներ էին, թէ Թուրքիա ամբողջովին միջամուխ է Սուրիոյ հարցերուն:
գ) Աւելի քան 800 քիլոմեթր սահման, ինչպէս նաեւ պատմական, ընկերային, մշակութային, ապահովական եւ տնտեսական միացեալ շահեր ունեցող երկրի մը հետ գրաւ դնելու տրամաբանութիւնը կը ջրէ Թուրքիոյ իշխող՝ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան յայտարարած «զերօ հարցերու» քաղաքականութեան տեսութիւնը, որ կը կազմէ նաեւ Տաւութողլուի ռազմավարական խորքը… Ըստ ոմանց, Սուրիոյ հանդէպ թրքական այս տրամաբանութեան օգտագործումին իբրեւ հետեւանք՝ երկու երկիրներուն միջեւ զերօ վստահութիւն յառաջացած է, անկախ այն իրականութենէն, որ իբրեւ շրջանին մաս կազմող եւ տարբեր ընկերային բազմազան շերտերէ բաղկացող երկիր, շատ հաւանական է նաեւ, որ Թուրքիա եւս փոփոխութեան նման ալիքներ ապրի:
դ) Որդեգրուած թրքական նոր ոճը, որ կ'ակնարկէ շրջանի պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններուն կարեւորութեան եւ կոչ կ'ուղղէ, ամէն ջանք ի գործ դնելու՝ Սուրիոյ հարցերուն միացեալ լուծումներ գտնելու նպատակով, տրամաբանութիւն մըն է, որ թերեւս արդիւնք է Թուրքիոյ կողմէ իր խաղաքարտերը վերատեսութեան ենթարկելուն՝ անշուշտ անդրադառնալէ ետք, որ դրացի Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւնները տուժած են:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Իսկ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին մէջ կը կարդանք. Այս բոլորին կողքին, Պոլսոյ մէջ հիւրընկալուած սուրիական ընդդիմութեան խորհրդաժողովը, որ կը կոչուէր «Ազգային Փրկութեան Խորհրդաժողով» ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, երբ ան չկրցաւ կազմել ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը՝ խորհրդաժողովին ընթացքին արձանագրուած վերապահութիւններուն պատճառով:
Հարկ է նշել, որ վերապահութիւններուն կողքին, խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեցին մեծ թիւով քիւրտեր, որոնք շեշտեցին, թէ ժողովը իրենց արդար իրաւունքները կը լուսանցքայնացնէ: Անոնք մերժեցին Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն եզրը, եւ պահանջեցին գործածել Սուրիոյ Հանրապետութիւն անունը… Անոնք ընդգծեցին, որ իրենք յանձնառու պիտի չըլլան խորհրդաժողովի արդիւնքներուն: Աւելի քան 300 սուրիացի ընդդիմադիրներ, որոնց մեծ մասը՝ Իսլամ Եղբայրներ, Ազգային փրկութեան կառավարութեան փոխարէն կազմեցին Ազգային Փրկութեան Խորհուրդ մը, որ 75 անդամ կը հաշուէ: Նորակազմ այս խորհուրդին պարտականութիւնն է կազմել փոխանցման շրջանի ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:
Տեսութիւնը պատրաստեց Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակը