կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-02 20:26
Առանց Կատեգորիա

150-ամեակ Երեք Հանճարներու.- Ա. Կոմիտաս՝ Հայ Երգի Արարատը

150-ամեակ Երեք Հանճարներու.- Ա. Կոմիտաս՝ Հայ Երգի Արարատը

Պարոյր Սեւակ Կոմիտասի նուիրուած իր «Անլռելի Զանգակատուն» կոթողական գործը կը սկսի նշելով, որ 1869 տարի հայութեան համար արգասաբեր էր, որովհետեւ Լոռիի ու Կուտինայի մէջ այդ տարի ծնած են երկու հանճարեղ հայեր՝ Յովհաննէս Թումանեան ու Կոմիտաս, որոնք օր մը պիտի բարեկամանային ու պիտի դառնային Հայ Երգի – նաեւ բանաստեղծութիւն իմաստով – տիտաններ։ Այս սեղմ «վիճակագրութեան» վրայ կարելի է ամենայն ինքնավստահութեամբ աւելցնել այլ հանճարի մը անունը՝ Լեւոն Շանթ, որ յիշեալ երկուքին պէս իր անունը արձանագրեց մեր գրականութեան ու հասարակական կեանքին մէջ, թէեւ առաջին երկուքին համեմատած՝ որոշ չափով մնաց «մեկուսացած», շահեցաւ «դժուարամատչելի գրող»-ի անուն։

Այս տարի, երեք հանճարներուն ծննդեան 150-ամեակին առիթով, անոնց վաստակն ու ժառանգութիւնը ըստ բաւականին լուսարձակի տակ կը բերուին մամուլի էջերուն, գիտաժողովներով եւ այլ հանդիսութիւններով, լուսարձակի տակ կþառնուին անոնց կեանքերուն մերթ զուգահեռ, երբեմն ալ խաչաձեւող գիծերը։ Միայն հպանցիկ ակնարկութիւններ կը կատարուին այն իրականութեան, որ այդ տիտանները նաեւ միս-ոսկորով մարդ արարածներ էին, այսինքն՝ ունեցած են մարդկային յարաբերութիւններ, իբրեւ մարդ արարածներ ապրած են մարդոց հետ, եւ իբրեւ այդպիսին՝ թողած են վառ յիշատակներ, որոնց մասին անցեալին աւելի յաճախ անդրադարձ կþըլլար, ստեղծելով հարազատութեան զգացում եւ համակրանքի տարբեր տարածք։ Այս սիւնակներով, պիտի ջանանք հպանցիկ անդրադարձ կատարել երեք հանճարներուն նա՛եւ մարդկային գիծերուն, սկսելով Կոմիտաս Վարդապետէն։ (Այս տարի կը նշենք նաեւ այլ 150-ամեակներ, սակայն այս եռեակը կը ներկայանայ իբրեւ առանձնացող երեւոյթ ու արժէք)։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Կուտինա ծնած Սողոմոն Սողոմոնեանին, ապագայի Կոմիտաս Վարդապետին ամբողջ կեանքի պատմութիւնը աչքի առջեւ ունենալով, կարելի է ըսել, որ հոն դժբախտութիւնը գերակշիռ տեղ ունեցած է, սակայն չէ կրցած պարտութեան մատնել ու նսեմացնել անոր հանճարը։ Կանուխէն որբացած մանուկին մէջ նոյնքան կանուխ ծնած է Հայ Երգը, երբ մաս կազմած է ծննդավայրի եկեղեցւոյ երգեցիկ դպիրներու խումբին ու հմայած՝ իր քաղցր ձայնով։ Այս յատկութիւնն էր որ զինք հասցուցած է Էջմիածին, ուր հակառակ թրքախօս ըլլալուն, շարականի մը երգեցողութեամբ արցունք բերած է օրուան կաթողիկոսին աչքերէն ու ընդունուած՝ իբրեւ սան։ Ան ո՛չ միայն հայացած է շուտով, այլ հայ երգին ու երաժշտութեան հանդէպ իր սէրն ու անոր մէջ մասնագիտացումը զինք հասցուցած են այն բարձունքին, որ բոլորիս ծանօթ է Կոմիտաս Վարդապետ անունով։ Էջմիածինէն ետք, անոր կեանքի ճանապարհները զինք տարած են Եւրոպա՝ բարձրագոյն ուսման համար, վերադարձուցած են Էջմիածին, ուր կարճատեւ երջանկութենէ ետք, ապրած է հալածանքի ու յետամնացութեան հետեւանք՝ դառնութիւնները, ապա կեանքի ճանապարհները զինք տարած են օրուան հայ մշակոյթի տարբեր կեդրոններ՝ Թիֆլիսէն մինչեւ Եգիպտոս ու Պոլիս, ուրկէ օր մըն ալ բռնագաղթի ենթակայ դարձած է 1915-ին, հայ մտաւորականներու փաղանգին հետ, ականատես եղած է հայուն վիճակուած դժոխքին, փրկուած է ջարդէն, սակայն անոր միտքը այնուհետեւ մթագնած է անդարմանելիօրէն, կեանքի վերջին շուրջ 20 տարիները զինք մատնելով հոգեբուժարանի մը, Ֆրանսա, իբրեւ ապրող մէկ նահատակը Ցեղասպանութեան։ Դժբախտութեանց շարանը շրջում ապրած է յետ մահու, երբ անոր աճիւնները փոխադրուած են Հայաստան, ուր մինչեւ օրս կը վայելէ փառքի արդար պսակը։ Պետական երաժշտանոցը արտարօրէն կը կրէ իր անունը, անոր անշէջ արեւը կը փայլի ամէն տեղ։

ԿԱՏԱԿԱՍԷՐ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ ԵՒ…

Կոմիտասի մասին յուշեր ունին ժամանակակիցներ ու գործակիցներ, ուր ի յայտ կու գայ Կոմիտաս-մարդը, իր նկարագրային գիծերով ու ընդհանրապէս բարեհամբոյր, կատակասէր բնաւորութեամբ, սակայն նաեւ խստապահանջութեամբ։ Բաւական ուշագրաւ են Սիմոն Վրացեանի տպաւորութիւններն ու յիշատակները, որոնք տեղ գտած են անոր «Կեանքի Ուղիներով» վեց-հատորեակի առաջին հատորին մէջ, ուրկէ կը քաղենք քանի մը պատառիկ։

Հայաստանէն հեռու՝ հիւսիսային Կովկաս ծնած Վրացեան կը պատմէ, թէ ռուսացնող միջավայրի մէջ, երբ բռնած էր օտարանալու ճամբան, ծնողքը կþորոշէ տեղափոխուիլ հայութեան գիրկը. պատանութեան սեմին, հազիւ 14 տարեկանին, ան իբրեւ սան կþընդունուի Էջմիածինի Ճեմարանը եւ հայանալու առաջին քայլերուն հետ կը ծանօթանայ Կոմիտասին, որ Եւրոպայէն նոր վերադարձած՝ կ՛ըլլայ իր դասարանին դաստիարակն ու իր երգի-երաժշտութեան ուսուցիչը։ Ճեմարանի բակին մէջ, Վրացեան նախ աչքերով կը ծանօթանայ նշանաւոր ուսուցիչներուն, որոնց շարքին՝ Աբեղեան, Յովհաննէսեան եւ ուրիշներ, եւ ահա կը տեսնէ երիտասարդ վարդապետ մը, որ արտորանքով բակ կը մտնէ, կը մօտենայ խումբ մը ուսուցիչներու եւ քանի մը խօսք փոխանակելով, անոնց մէջ կը պայթեցնէ «գետին թափուող արծաթ»-ի ձայնի պէս խնդուք։

Դէմ առ դէմ առաջին հանդիպումը՝ զուարճալիքի նման կը պատմէ ապագայ վարչապետը։ Իբրեւ նորեկ աշակերտ՝ առաջին դասապահէն առաջ, գիրուկ դասընկերը մը շալկած՝ ուժը չափելու մրցումի ելած է դասարանի նախկին ախոյեանին դէմ, երբ յանկարծ Կոմիտաս կ՛երեւի դասարանի մուտքին։ Պատանի Սիմոնը ունի այն վախը, թէ անծանօթ ուսուցիչը պիտի պախարակէ կամ յանդիմանէ զինք, սակայն ոչինչ տեղի կþունենայ։ Եւ որովհետեւ Կոմիտաս արդէն ձեռնարկած է վանքի երգչախումբի կազմութեան, նորեկն ալ պէտք է փորձի ենթարկէ՝ ստուգելու համար անոր ձայնային յարմարութիւնները։ Նորեկ պատանին գիտէ, որ բաղաձայն է, թէեւ երգը կը սիրէ, ու ընդառաջելով Կոմիտասի թելադրանքին, կը սկսի երգել Ջիւանիի «Բարի, գեղեցիկ… ընկերը» երգը. զարմանքով կը նկատէ, որ Կոմիտասը գլուխը հաստատականօրէն կը շարժէ ու կը քաջալերէ շարունակել։ Աւելի ինքնավստահ՝ Վրացեան երգը կþաւարտէ այն համարումով, որ երգչախումբին մէջ իր տեղը պիտի ունենայ։ Կոմիտաս յուսախաբ չ՛ըներ եւ կը վճռէ. «Քեզ Գայիանէի երգչախումբին պիտի արձանագրեմ». Վրացեանի գոհունակութիւնը չափ չունի, սակայն դասընկերները գահգահ մը կը պայթեցնեն՝ Կոմիտասի չարաճճի ժպիտին արձագանգելով։ Վրացեան աւելի ուշ, զբօսանքի պահուն պիտի իմանար, որ Էջմիածինի տաճարէն քանի մը քայլ անդին գտնուող Գայիանէի տաճարին կողքին, «վանքին… կովերը կը պահեն»։ Հիասթափութիւն, արժանապատուութեան խորտակում եւ բնական քէնոտութիւն, մինչեւ իսկ «այստեղ ի՞նչ գործ ունիմ»ի մտածում։ Յանկարծ մէկը ետեւէն ափերով աչքերը կը փակէ, աւելի՛ բարձրացնելով պատանիին զայրոյթը, որ կը սպառնայ «յիմար կատակ» ընողին։ Ափերը կը բացուին ու Վրացեան կը տեսնէ, որ կատակողը նոյնինքն ուսուցիչն էր՝ Կոմիտասը։ Երիտասարդ վարդապետը նոր ու համով կատակներով զրոյցի կը նստի անոր ու ընկերներուն հետ, քիչ ետք, ան արդէն գրաւած է նորեկին սիրտն ու հոգին, անոր մէջ արմատացուցած է սիրոյ ու յարգանքի զգացում մը, որ պիտի չնօսրանայ ցկեանս։

Վրացեան մանրապատումներ ունի Կոմիտասի մասին, ուր ի յայտ կու գան անոր մանկավարժի եւ երգ սիրցնողի արժանիքները։ Վրացեան օր մըն ալ հրաւէր կը ստանայ միանալու երգչախումբին ընկերացող նուագախումբին, որպէսզի կրէ… ամէնէն ծանր նուագարանը՝ թաւ փողը։ Աւելի ուշ, երբ վանքի աշակերտներուն մէջ տեղ կը գտնէ ըմբոստութեան, բամբասանքներով ծանրաբեռնուած եւ այլապէս անշնչելի դարձած վանքի մթնոլորտին դէմ ծառանալու տրամադրութիւնները, Կոմիտաս ձեւը կը գտնէ կանխելու բախումն ու կարգ մը աշակերտներու հաւանական վտարումը. ան ըմբոստները զբօսանքի ձեւով ուխտի կը տանի Օշական, այցելելու Մեսրոպ Մաշտոցին։ Քանի մը օրուան վրայ երկարող պտոյտը կը դարմանէ կացութիւնը, սակայն կրօնական հաստատութեան հանդէպ աշակերտներուն մէջ նկատած յարգանքի պակասը զգալի կը դարձնէ Կոմիտասի մաքրակրօնութիւնն ու խստապահանջութիւնը։ 
Մանրապատումներուն շարքին կան այլ վկայութիւններ ալ. Վրացեան կը պատմէ, թէ ճեմարանի սուսուցիչներուն շարքին էին պատկառելի անձնաւորութիւններ, որոնց հանդէպ աշակերտները սէր ԿԱՄ յարգանք ունէին. Կոմիտասը առանձին երեւոյթ էր, որովհետեւ «կը վայելէր թէ՛ սէր, թէ՛ յարգանք»։ Պատումներ ունի հայկական գիւղեր անոր շրջագայութեանց ու երգահաւաքի, մշակումներուն, մասնաւորաբար հայկական խազարգրութեան ուսումնասիրութեանց ու գիւտերուն մասին։ Նոր քայլեր կþառնէ բազմաձայն երգեցողութեան զարգացման նպատակով, մինչդեռ հին-գլուխներուն մօտ տակաւին կը յամենար միաձայնութեան պահպանման տրամադրութիւնը, հոգ չէ թէ աշխարհը շատոնց յառաջ անցած էր ու Էջմիածինն ալ եղած էր բազմաձայնութիւնը պաշտօնապէս որդեգրողներէն (նման իրականութեան մասին խօսիլը այսօր հաւանաբար ծիծաղ յառաջացնէ, սակայն աւելի քան դար մը առաջ, նորարարը վհատեցնող նման իրականութիւններ ալ կային)։ Օրերը միշտ վարդագոյն չեն ուրեմն. անոր «աշխարհիկ հակումներ»ուն պատճառով՝ նախանձն ու անհանդուրժողութիւնը, արդիականութեան անոր ձգտումին դիմաց խաւարամտութիւն բուրող պահպանողականութիւնը աստիճանաբար կը մաշեցնեն Կոմիտասի եռանդը, եւ կու գայ օր մը, երբ ան կþուզէ ձերբազատիլ այդ մթնոլորտէն, քաշուիլ Սեւանայ կղզին, լիովին նուիրուելու համար երգի ու երաժշտութեան աշխարհին։ Քիչ ետք, բոլորովին այլ դուռ մը կը բացուի հանճարեղ երիտասարդին առջեւ. կ’անցնի Պոլիս, հայութեան բարձր մշակոյթի արեւմտեան կեդրոնը, որ նաեւ մօտ էր Եւրոպային ու եւրոպականին, կը կազմէ 300 հոգինոց երգչախումբ եւ կը հմայէ երաժշտասէր հանրութիւնը։ Անկէ առաջ, Եւրոպա գտնուած տարիներու, ան նուաճած էր նաեւ եւրոպական սիրտեր ու բեմեր, հայ երգը ծանօթացնելով մասնագէտներու եւ երաժշտասէր հանրութեան, որ Կոմիտասի ճամբով, անոր դասախօսութիւններուն եւ երգելուն ընդմէջէն նոր գիւտեր կþընէր բազմադարեան հայ երաժշտութեան աշխարհին մասին։ Նման նուաճումներ կþարձանագրուին նաեւ Թիֆլիսի մէջ ու այլուր։ Կոմիտասի կեանքին այդ դրուագները ըստ բաւականին ծանօթ են։

… ՀԱՅ ԵՐԳԻ ԱՐԱՐԱՏԸ

Երբ կ’ըսենք Կոմիտաս, մեր միտքի պաստառին վրայ կ’արձանագրուին քանի մը խորագիր. գիտենք, որ ան ժողովրդային երգեր հաւաքած է ու մշակած, կորուստէ փրկած՝ աւելի քան երեք հազար երգ (որոնցմէ մաս մը կորուսած է եւ կը սպասէ վերայայտնութեան), եղած է հայկական խազագրութիւնը վերածանողներէն, զարգացնողներէն ու այլ ժողովուրդներու՝ արեւելեան թէ արեւմտեան երաժշտական աշխարհներուն համեմատողներէն, մերձեցում յառաջացնողներէն, բայց մանաւանդ՝ օտարամուտ ձայնարկութիւններէ գլխաւոր ձերբազատողը, մաքրագրողը (այսօր, Հայ Երգի անդաստանները պղծողներ ամէն բանէ աւելի կ’ոտնահարեն Կոմիտասի այս ժառանգութիւնն ու կտակը)։ Ան մեր ժողովուրդին պարզունակ երգը՝ անոր առօրեայէն, սէրերէն, հարսանիքի պահերէն եւ ուրախութենէն, տրտում վիճակներէն, պանդուխտի կարօտէն, հերոսական դրուագներէ ու, մէկ խօսքով՝ Կեանքէ՛ն բխած երգը բարձրացուցած է դասականի ամէնէն բարձր ոլորտները. իր օրերուն թէ այսօր, հայը բարձրաճակատ կը ներկայանայ երգարուստի ամէնէն որակաւոր բեմերուն ու Կոմիտասեան երաժշտութեամբ-մշակումներով կը յայտարարէ. «Ահա՛ հայ երգն ու երաժշտութիւնը», ոեւէ նոր երգահան չի ցանկար հեռանալ կոմիտասեան կնիքէն, նոյն ուժգնութեամբ ներշնչումի աղբիւր կը մնայ տարբեր կալուածի արուեստագէտներուն։

Ինչո՛ւ։ Եւ արդեօք միայն Կոմիտա՞սն է, որ աշխարհի երգարուեստի-երաժշտութեան պատմութեան մէջ ժողովուրդէն առած է ժողովուրդին վերադարձնելու համար Արժէքը։ Արեւելեան ու արեւմտեան երաժշտական աշխարհները պեղողներ կրնան հաստատել, որ տարբեր ժողովուրդներու հանճարներ եւս ունեցած են Կոմիտասի մօտեցումն ու նախանձախնդրութիւնը իրենց ազգային երաժշտական ժառանգութեանց նկատմամբ։

Մեզի համար, Կոմիտասը գագաթ մըն է բազմաթիւ տուեալներով։ Արձանագրենք քանի մը գիծ, որպէսզի նաեւ կարենանք մենք մեզ ձերբազատել այն անտեղի տրամաբանութենէն, որ Կոմիտաս մը գովաբանելու եւ փառաբանելու համար, պէտք է անտեսել կամ ստորագնահատել ուրիշներ։

Որպէսզի աւելի պատկերաւոր ձեւով բացատրենք մեր միտքը, եկէ՛ք, հարց տանք. Հայաստանը արդեօք քանի՞ սքանչելի լեռնաշղթայ ու գագաթ ունի իր տարածքին, սկսելով Արցախէն ու անոր Մռաւէն, անցնելով Սիւնիք-Ղափանէն ու Արարատ-Արագած-Արայի լեռ շրջանէն, հասնելու համար Հայկական Պար, Տաւրոսեան լեռներ, Նեմրութ, Սիփան, Սասուն ու Պոնտոս։ Արդեօք անոնցմէ իւրաքանչիւրը հմայք ու ակնածանք չէ՞ պարտադրած մեզի, մեր բանաստեղծներուն ու երգիչներուն։ Այսուամենայնիւ, հայկական լեռնաշխարհին մէջ Արարատը կը կանգնի իբրեւ վեհագոյն ու վսեմագոյն գագաթ, առանց արժեզրկելու միւսները։

Այդպէս է եւ Կոմիտասը, այդպիսին է Կոմիտասի դերն ու տեղը մեր երաժշտական մշակոյթի աշխարհին մէջ։ Ի՜նչ փոյթ, որ անոր յօրինումներու վստակը լայն տեղ չի բռներ թողած ժառանգութեան մէջ։ Իսկ «աշխարհիկ վարդապետ»ին դերն ու կոթողական վաստակը ըմբռնելու համար, պէտք չէ բաւականանալ միայն ծանօթանալով իր գործին ու անմիջական նախորդներուն ու յաջորդներուն վաստակին, այլ զինք պէտք է տեսնել մեր երգի-երաժշտութեան բազմադարեան պատմութեան համայնապատկերին մէջ, մեր այսօրի՛ն մէջ։ Տեսնել՝ որ ան արեւ մըն է, սակայն չի մոռցներ, որ հայկական երկնակամարին մէջ կան գիշերը լուսաւորող աստղեր ու համաստեղութիւններ։

Կ՛արժէ փոքր փակագիծ մը բանալ եւ արձանագրել, որ Հայ Երաժշտութիւնը միայն նորագոյն դարերու արտադրութիւն չէ, այլ ունի բազմատասնեակ դարերու անցեալ. պէտք չէ մտահան ընենք, որ Կոմիտասն ու մենք ժառանգորդներն ենք այն հարստութիւններուն, որոնք սկսած են կուտակուիլ նախաքրիստոնէական դարերէն սկսեալ եւ նորացում ապրած՝ վերջին աւելի քան երկու դարերուն։ Այդ ժառանգութեան մասնիկներն են եղած Գողթան երգերը, գուսանական աշխարհը եւ անոր իբրեւ «ընդդիմախօս-մրցակից» գոյառած եկեղեցական երաժշտութիւնը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի ու յաջորդներու օրերէն մինչեւ Շնորհալի, Նարեկացի եւ ուրիշներ։ Յետոյ, կանուխ միջնադարէն սկսեալ, վերականգնած են ժողովրդական երգերն ու աշուղականը։ Ի վերջոյ, Պոլսոյ մէջ 18-րդ դարու վերջերուն կազմաւորուած մթնոլորտին մէջ, ուր արեւմտեան գործօնը ուրուագծուեցաւ արեւելեանին զուգահեռ, ծնունդ առին Գրիգոր Գապասագալեանի, Համբարձում (պապա) Լիմոնճեանի ու անոնց աշակերտներուն նման ռահվիրաներ, որոնք առաջին աշխատանքները տարին հայկական խազագրութեան վերականգնումին ուղղութեամբ, տարածուեցան հայկական աշխարհին մէջ, հասան Արեւելեան Հայաստան ու ճամբայ բացին Գարա-Մուրզաներու, Եկմալեաններու, Չուխաճեաններու եւ նոյնինքն Կոմիտասի ու յետնորդներուն առջեւ։ Այս բոլորին իբրեւ համագումար՝ Կոմիտասը եղաւ մեր եկեղեցական ու ժողովրդային երգերը հաւասարապէս արժեւորողը, մշակողն ու դարերէն եկած ժառանգութիւնները մարմնաւորողը, վերաբիւրեղացնողը։ Ան Հայ Երգի դարաւոր արեւուն միագոյն ցոլքերը անցուց իր հանճարին պրիսմակէն ու իբրեւ բազմագոյն ծիածան՝ բաշխեց մեր ժողովուրդին եւ մշակոյթի աշխարհին, ներշնչումի աղբիւր դարձաւ ու պիտի մնայ իրա՛ւ Հայ Երգի կերտիչներուն, նաեւ Հայ Արուեստի տարբեր սպասարկուներուն։

Ահա թէ ինչո՛ւ կþըսենք, որ մեր երաժշտական աշխարհի պատմութիւնը նման է հայկական լեռնաշխարհին, ուր կան շղթաներ ու առանձին գագաթներ, սակայն Կոմիտասը է՛ ու կը մնայ իբրեւ անգերազանցելի Արարատ, որուն երբեք չենք վերագրած այլ գագաթներ նսեմացնելու դեր։ Անոր կերտած ծիածանը կը տարածուի հայկական բոլոր գագաթներուն վրայ, կը հասնի հայկական աշխարհի բոլոր օճախներուն, ուր կը գտնենք Երեւանի Կոմիտասի այգիին մէջ կանգնած անոր յուշարձանին արձագանգող կոթողներ։

Կոմիտասը մեր հպարտութեան գլխաւոր աղբիւրներէն է, անոր ու ժառանգութեան կը նայինք, պէ՛տք է նայինք այնպէս՝ ինչպէս կը դիտենք Արարատը։

Ս. Մահսէրէճեան

Եռագոյն