Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ հետևեցայ Սարդարապատի յուշահամալիրի տարածքէն ներս Արամ Մանուկեանի յուշակոթողի կերտման սրտառուչ գործընթացին։ Կարևոր հանգրուա՛ն մը, արդարև, Արամ Մանուկեանի ազգային ինքնագիտակցութեան պատգամը սերունդներու երթին յանձնելու և մեր Հիմնադիր Հօր ոգեկան ներկայութիւնը խարսխելու մերօրեայ կեանքի պահանջկոտ մարտադաշտերէն ներս։ Մեր անկախ պետականութիւնը ամէն օր աւելի կը հարստանայ, երբ իր պատմական յիշողութիւնն է, որ քայլ առ քայլ կը վերականգնի և մեր նորահաս սերունդներուն կը հաղորդէ իր կենսական ներուժը։ Արամ Մանուկեանի պատգամը, առաջին հերթին, մեր տունը մեր ձեռքերով շինելու և զայն մեր սեփական բազուկներով պաշտպանելու պատգամն է, որ այսօր ևս պիտի առաջնորդէ մեր պետական մտածողութիւնը մեր ամէն մէկ քայլափոխին։
Մեր ժողովուրդը երախտագիտութեան խօսք ունի ըսելիք յատկապէս Ընկ. Յակոբ Ճամպազեանին պատմական այս նախաձեռնութեան համար։ Յուշահամալիրը էականօրէն ամբողջացնող, զայն աւելի յստակօրէն սահմանող, անոր դիմագիծ տուող և զայն խորհրդային հին թապուներէն ազատող իմաստուն և հեռատես իրագործում մըն է Արամի այս յուշակոթողը, որ այսուհետև պիտի դառնայ ուխտավայրը ապագայ սերունդներուն։
Ընելէ ետք այս հաստատումը, կարևոր է, որ անմիջապէս յիշեցնենք մենք մեզի, որ մեր պարտքերը այս մարզին մէջ դեռ շատ հեռու են փակուած ըլլալէ։ Սարդարապատի այս յուշակոթողը -- հոյակապ իրագործում մը ըլլալով հանդերձ -- պարտք մը չէ, որ կը փակէ, այլ մեզի կը յիշեցնէ վաղուց անտեսուած մեր պարտաւորութիւններու հաշիւը։ Ան մեզի կը յիշեցնէ մեր մեծ պարտքը Արամի տունը իր ներկայի կորանքէն ազատելու և զայն վերականգնելու որպէս Արամ Մանուկեանի Տուն-Թանգարան և զայն վերադարձնելու իր իրաւատիրոջ՝ մեր ժողովուրդի՛ն։ Ան կը յիշեցնէ մեր մեծ պարտքը Առաջին Հանրապետութեան Կառավարութեան տունը իր ներկայի գերութենէն, իր ներկայի ամօթէն դուրս բերելու, զայն իր սկզբնական յղացքով վերականգնելու և զայն հանրութեան վերադարձնելու որպէս Առաջին Հանրապետութեան Թանգարան և Հետազօտական Հիմնարկ։ Ան կը յիշեցնէ մեր մեծ պարտքը նախորդ իշխանութենէն սխալ ու աղկաղկ յղացքով մեզի կտակուած Արամի յուշարձանը հիմնովին չեղարկելու և Արամի նոր ու հարազատ յուշակոթողը Երևանի Հանրապետութեան Հրապարակին ճիշտ կեդրոնը կոթողելու։ Ան դեռ կը յիշեցնէ շարք մը այլ անտեսումներ, որոնց մասին խօսած եմ բազմիցս։ Մենք հաւաքաբար պարտաւորուած ենք այս պարտամուրհակները միանգամընդմիշտ մարելու։ Եւ այդ քայլը առնելու՝ մեր պետականութեան բարձրագոյն դիրքերէն։ Թող ներուի մեզի պնդել, որ այս պարտքին ծանրութիւնը, առաջին հերթին, իրենց ուսերուն վրայ պիտի զգան ՀՀ Նախագահը, ՀՀ Վարչապետը, ՀՀ Ազգային Ժողովի Նախագահը։ Այդ պարտքը իրենց ուսերուն վրայ պիտի զգան ՀՀ քաղաքական բեմի բոլոր քաղաքական ուժերը անխտիր և, անշուշտ, առաջին հերթին, իմ կուսակցութիւնս՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, թէկուզ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան իր դիրքերէն։ Այդ պարտքը իրենց ուսերուն վրայ պիտի զգան հայ հոգևոր կեանքի առաջնորդները՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Վեհափառ Կաթողիկոսները և հայ ազգային յարանուանութեանց պետերը։ Բայց մանաւանդ այդ գործին անզիջող պահանջատէրը պիտի հանդիսանայ հայ երիտասարդութիւնը ամէնուրեք։
Մէկէ աւելի առիթներով, բանաւոր հաւաստիքներ լսած ենք իշխանութեան պատասխանատուներէն, որ Արամի տան հարցը կը գտնուի իշխանութեան օրակարգին վրայ։ Կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ Արամի տունը իր կալանքէն ազատելու գործը միայն մէկ մասն է այն ազգային պարտաւորութեան, որուն կ՚ակնարկեմ։ Մենք ոչ մէկ շօշափելի փաստ ունինք, որ այս վերջինը կը գտնուի իշխանութեան օրակարգին վրայ։ Կրնամ սխալիլ։ Յամենայն դէպս այս կէտին վրայ մեր ժողովուրդը իրաւունք ունի պահանջելու , որ ՀՀ Ճարտարապետի զեկոյցով Մեծարգոյ Պր. Վարչապետը հրապարակէ ամբողջական մէկ այժմէագիր (update) յստակացնելով, թէ ի՞նչ է ըլլալու իր կառավարութեան քաղաքականութիւնը այս մարզին մէջ։
Պետութեան մը կեանքը տևաբար մտրակուած է իրերայաջորդ ճգնաժամերով և միշտ չէ, որ դիւրաւ տեղ կը բացուի այս գործերուն համար։ Կը գիտակցինք այս իրականութեան, բայց կարելի չէ ընդունիլ այն անյանձնառու վերաբերմունքը, որուն զոհ գացած է այս օրակարգը երեք նախագահներու օրով և կը շարունակէ մնալ անորոշ ներկայ իշխանութեան ժամանակաշրջանին։ Միանգամընդմիշտ պիտի ընդունինք, որ այստեղ խնդրոյ առարկայ է ազգին և իր անկախ պետականութեան ինքնութիւնը։ Կարելի չէ դիւանակալութեան յայտնի ձգձգումներուն զոհ դարձնել զայն։ Կարելի չէ այս օրակարգին վրայ «տուն երթալ» և ուրիշ օրուան յետաձգել զայն։ Կարելի չէ Օրմանեան Պատրիարքի յայտնի բնորոշումով՝ «հինցնել» և մեռցնել զայն և կարելի չէ վաղուան սերունդներու վզին փաթթել անոր իրագործումը։ Այս օրակարգը պիտի իրագործուի ամենէն կարճ ժամկէտներու մէջ, ա՛յս սերունդի օրով և այս կառավարութեա՛ն և առանց յետին մտքի, առանց վերապահութեան և համազգային ամբողջանուէր յանձնառութեամբ, այն ոգիո՛վ՝ որ Արամն էր իր կեանքի ամէն մէկ հանգրուանին։ Այս ազգը պիտի ի վերջոյ ըլլայ ԱՐԱՄԸ կամ պիտի ըլլայ ոչի՛նչ։ Ընտրե՛նք, Սիրելիներ։
Կարօ Արմենեան