կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-07 09:37
Առանց Կատեգորիա

Հաշիւ Կը Պահանջենք

Հաշիւ Կը Պահանջենք

Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձը երկու օրէն պիտի նշենք ազգովին: Այս պատմական յաղթանակին նշանակութիւնը վեր հանելը ազգային զբաղում դարձուցած ենք ու ամէն տարի կը կրկնենք ու կը կրկնենք մեր սիրոյ եւ նոյնիսկ պաշտպամունքի արտայայտութիւնները՝ հանդէպ Շուշիի, մեր անսահման ուրախութիւնը անոր ազատագրումին, մեր երախտագիտութիւնը ազատագրողներուն, մեր խնկարկումը անոր մատոյցներուն նահատակուած հերոսներուն:

Այսքան զգացական կապուածութիւն Շուշիին հանդէպ եւ սակայն այսքան քիչ պատասխանատուութեան զգացում իւրաքանչիւրիս մօտ՝ անոր զարգացման ու բարգաւաճման հանդէպ:

Հարցը անշուշտ միայն Շուշին չէ: Արցախի հզօրացման բանաձեւը յստակ է. բնակչութեան թիւի յաւելում, բնակիչներու տնտեսական բարօրութիւն, կեանքի պայմաններու թռիչքաձեւ բարելաւում:

Այս բանաձեւը իրականացնելու համար ի՞նչ աշխատանք կը տանինք:

Ի՞նչ աշխատանք կը տանի Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը:

Ի՞նչ աշխատանք կը տանի Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Ի՞նչ աշխատանք կը տանի Սփիւռքը:

Ի՞նչ աշխատանք կը տանինք մենք՝ իւրաքանչիւրս:

Պատկերը կը կարծենք յստակ է ու անմիջապէս կարելի է եզրակացնել, որ ո՛չ Արցախի կառավարութիւնը, ո՛չ Հայաստան, ո՛չ Սփիւռքը, ոչ ալ իւրաքանչիւրս՝ առանձին հաշուած, բաւարար ճիգ ու ջանք թափած ենք Արցախի զարգացման ու բարգաւաճման ուղղութեամբ ընդհանրապէս, ու Շուշիի ծաղկման համար մասնաւորապէս:

Հաշիւ պէտք է տանք իւրաքանչիւրս եւ այդ իրաւունքով պէտք է հաշիւ պահանջենք բոլորէն: Նաեւ պէտք է յստակացնենք հանգրուանային թիրախներ, որոնց իրականացման հետեւինք խստապահանջութեամբ: Նոյն ատեն անհանդուրժողութիւն ցոյց տանք սին խօսքերուն, փառաւոր ճառերուն, յոխորտանքներուն ու կեղծ հնչող խօսքերուն: