Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, Լիբանանի ամբողջ կառոյցին եւ համակիր զանգուածին անունով խստօրէն կը դատապարտէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի տասնըինը տարիներու նախկին ներկայացուցիչ, Արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ իր անուրանալի ներդրումը բերած Հրանդ Մարգարեանի դէմ 18 մայիսին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած յարձակումը։
Դաշնակցական նուիրեալ գործիչ ընկեր Հրանդ Մարգարեանի դէմ ուղղուած հակադաշնակցական լուտանքները, սոսկ անհատին դէմ ուղղուած չեն այլ՝ համահայկական մեր ամբողջ կազմակերպութեան եւ իբրեւ այդպիսին ատելութեան վատ դրսեւորում են՝ ուղղուած իւրաքանչիւր անհատ դաշնակցականի դէմ։ Վերջին շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յամեցող անհանդուրժողականութեան եւ այլամերժութեան դատապարտելի մթնոլորտին հերթական արտայայտութիւնն է Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ դաշնակցական քաղաքական գործիչին դէմ կատարուած յարձակումը։
Արդ, արդարօրէն կը պահանջենք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Պրն. Նիկոլ Փաշինեանէն եւ իրաւապահ մարմիններէն, որ ի խնդիր ազգային միասնակամութեան եւ համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան պահպանման, անյապաղ դատապարտեն արարքը, պատասխանատուութեան կանչեն յանցագործները եւ օրինական խստագոյն վերաբերումը ցուցաբերեն անոնց նկատմամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Պրն. Նիկոլ Փաշինեան, իր զբաղեցուցած պաշտօնին բերումով, հարկ է որ երաշխաւորէ հայրենիքի եւ իր ժողովուրդին կայունութիւնը,անդորութիւնը, անվտանգութիւնը եւ իւրաքանչիւր քաղաքացիի արժանապատուութիւնը։ Վերջապէս, կ՛ակնկալենք որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ տակաւին քանի մը օր առաջ հրապարակային ելոյթով յարգանք կ՛արտայայտէր Հ.Յ. Դաշնակցութեան նկամամբ, դատապարտէ պատահարը եւ գործնական թարգմանութիւն տայ իր վաւերական յայտարարութեան։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ