կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-04 15:04
Մշակույթ

Ցերեկույթ նվիրված Լեւոն Շանթին

Ցերեկույթ նվիրված Լեւոն Շանթին

Հազար ութ հարիւր վաթսունինն թուին

Հայոց այգիներն ի՞նչ պտուղ տուին,

Հայոց արտերում ի՞նչ բերք էր հասել,-

         Դժուար է ասել:

 

Սակայն այդ թուին Մայր Հայաստանի

Արգանդը եղաւ սրբօրէն բեղուն:

 

Սեւակը ճիշդ է: Այդ տարին մեզի նուիրած է՝ Կոմիտաս, Թումանեան, Օտեան եւ Շանթ...

3 Մայիս, 2019-ին, «Համազգային»ի Երեւանի գրասենեակն ու Ֆէոտորոֆ Նանսէնի թանգարանը նշեցին Լեւոն Շանթի 150-րդ տարեդարձը:

Մտաւորականներու, գրականասէրներու շարքին, ձեռնարկին ներկայ էին Երեւանի Լ. Շանթի անուան եւ Գեղարքունիքի Գետիկ գիւղի դպրոցի աշակերտներ:

Ֆ. Նանսէին թանգարանի աւադնապահ՝ Անահիտ Վարդանեան խօսեցաւ Լեւոն Շանթի գրական աւանդի, մանաւա՛նդ «Հին Աստուածներ»ու մասին:

«Համազգային»ի խորհուրդի նախագահ, Կ. Վարչութեան անդամ՝ Սպարտակ Ղարաբաղցեան հակիրճ խօսքով անդրադարձաւ Լեւոն Շանթի կերպարին եւ նշեց, որ շուտով «Համազգային»ը ընթերցողին պիտի հրամցնէ մեծ հայուն նուիրուած հրատարակութիւնը:

Հրապարակախօս, գրագէտ, ֆրանսահայ «Կամք» թերթի խմբագիր Յակոբ Պալեան, ի՛նքն ալ մանկավարժ, կեդրոնացաւ Լ.Շանթի մանկավարժական գործունէութեան վրայ: Ան նաեւ խօսեցաւ Շանթի մէկ այլ կարեւոր ստեղծագործութեան՝ «Շղթայուած»ի այժմէականութեան մասին: Աշակերտներուն հորդորեց, որ ամէն գնով կառչաղ մնան հայրենիքին, չհեռանալ հողէն ու ոգիէն:

Խօսքի առիթ տրուեցաւ նաեւ ներկաներուն:

Աւարտին, դպրոցականները նուէր ստացան «Համազգային»ի եւ Ֆ. Նանսէնի թանգարանի հրատարակած գիրքերը: