Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինը, որ կը հանդիսանայ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին մէջ գործող 21 կրօնական, քաղաքական, երիտասարդական, բարեսիրական, մարզական եւ ընկերային կազմակերպութիւններու համախմբումը, կը տեղեկացնէ, թէ տարեկան Արդարութեան Քայլարշաւին մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած են օտար եւ հայկական յաւելեալ 50 կազմակերպութիւններ։
Ոգեկոչման միացեալ մարմինի վարչութեան անդամ՝ իրաւաբան Սարօ Քերքոնեան կը յայտնէ, թէ իսկապէս ողջունելի է նման զօրակցութիւն, որ աւելիով պիտի դիւրացնէ արդի պատմութեան այս սեւ էջը հանրութեան ծանօթացնելու աշխատանքը, որ նաեւ պիտի նպաստէ աշխարի տարածքին անարդարութեանց վերացման միջազգային ջանքերուն։
Յունական, ասորական, քրտական, ինչպէս նաեւ աշխատաւորական, ուսանողական եւ քաղաքացիական, փոքրամասնութեանց եւ ընկերային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններ կան նշեալ 50 կազմակերպութիւններու տպաւորիչ ցանկին վրայ։
Մասնակցող կազմակերպութեանց ամբողջական ցանկը կարելի է կարդալ www.March4Justice.com կայքին վրայ։
Նշենք, որ քայլարշաւը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 24ին, կ.ե. ժամը 1էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ, որ կը գտնուի Ուիլշըր պողոտային վրայ, Ֆերֆեքս եւ Սան Վինսենթէ թաղերուն միջեւ:
Առնուազն 40 տարիներու աւանդութեան մը վերածուած տարեկան այս հաւաքով՝ համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ վնասուց արդար հատուցումներու իր պահանջը ուղղակի Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն ներկայացնելու առիթը կ՛ունենայ:
Յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ շրջանի հայութեան, որ խուռներամ մասնակցութեամբ իր ձայնը լսելի դարձնէ, միաժամանակ դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման ջանքերը:
Բողոքի ցոյցին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.March4Justice.com կայքը:
asbarez.com