Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Իտալիոյ խորհրդարանի որդեգրած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւը ունի հետեւեալ բաղադրիչները` ճանաչում, դատապարտում, կառավարութեան կողմէ որդեգրումի պահանջ, կոչ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապաշրջափակելու եւ դիւանագիտական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու ձեռնարկելու: Նաեւ` զօրակցելու ներթրքական հասարակութեան մաս կազմող Թուրքիոյ հայ փոքրամասնութեան: Անմիջապէս յիշեցնենք, որ նոյեմբեր 2000-ին գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ Իտալիոյ խորհրդարանը քուէարկած էր նման բանաձեւի մը: Հիմա նորութիւնը այն է, որ կոչ կ՛ուղղէ կառավարութեան պաշտօնապէս որդեգրելու եւ միջազգայնացնելու այս առաջադրանքները:
Բանաձեւին մէջ յղում կատարուած է Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին յօդուածին, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու հարցերով ենթայանձնախումբի որոշման, Եւրոպական խորհրդարանի 1987-ի բանաձեւին, 2015-ի Եւրոպական խորհրդարանի կոչին եւ բանաձեւին. այս բոլորը ներառած նոր որդեգրուածին սկզբունքային ուղղութիւններու քաղաքական տարբաղադրումը տողատակի ընթերցման եւ վերլուծման որոշ մօտեցումներ կ՛ընդգծէ:
Քաղաքական պահու ընտրութիւնը այս պարագային ապրիլ ամիսին միայն վերագրելը զուտ խորհրդանշական բնութագիր կու տայ առնուած քայլին: Մինչդեռ, եւրոպական վարքագիծը Անգարայի նկատմամբ եւ յատկապէս այս վերջինին իրերայաջորդ հակաեւրոպական որոշումներ եւ քայլեր առնելը, էրտողանական վարչակարգի գործողութիւններուն դէմ զսպաշապիկներ ընտրելու մօտեցումներու շարքը, Վատիկանի կողմէ 100-ամեակին առիթով պաշտօնականացած դիրքորոշումներու հետեւանքային շղթայի տրամաբանութիւնը` կու գան հանգամանքային ծալքեր բանալու խորհրդանշականէն անդին քաղաքական ենթահողի պարարտացումը բացատրելու:
Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման հետ Երեւանի ագուցումը այս կամ այն պետութեան կողմէ հարցին այժմէական հնչեղութիւն տալու դրսեւորումի քայլեր են: Խնդիրը, որ այլապէս արդէն պատմականէն ու բարոյականէն հեռու քաղաքական տարածքի սահմանները հատած էր, հիմա նաեւ հայկական գործօնի, այս պարագային պետական քաղաքականութեան հետ աղերսներով կը զուգորդուի:
Իտալական պահանջը ո՛չ միայն ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը Օսմանեան կայսրութեան այսօրուան ժառանգորդին ուսերուն կը տեսնէ` զայն ընդունելու եւ դատապարտելու առումով, այլ նաեւ շարունակուող շրջափակումն ու կապերու խզումի երեւոյթը կը բարդէ Անգարայի ուսերուն:
Իսկ շրջափակումը փաստօրէն ցեղասպանութեան ժխտումի եւ հետեւաբար ցեղասպանութեան շարունակականութեան հետ կապ ունի յստակօրէն:
Իտալական կողմը համակողմանիօրէն քաղաքական մատուցում կը կատարէ, այս բոլոր ուղղակի եւ անուղղակի ուղերձները հրամցնելով հայկական կողմին` առ ի օգտագործում: Այս երեւոյթը անշուշտ չի նշանակեր, որ զուտ հայկական կողմին ծառայութիւն է, որ կը կատարէ պաշտօնական Հռոմը: Իտալական պետութեան արտաքին քաղաքականութենէն, Անգարայի ուղղութեամբ արձակուած ուղերձներու մղումներէն մեկնած հրամցուածը, այո՛, օգտագործելի քաղաքական թեմաներու թղթածրար է հայկական կողմին համար:
Կոչը` ապաշրջափակելու կամ տնտեսական եւ դիւանագիտական կապեր հաստատելու, ուղղուած է Թուրքիոյ: Պատասխանատուութիւնը Անգարայինն է: Հիմա պահն է բանալու փակագիծերը եւ այս անգամ հայկական շահերէ մեկնած խնդիրը առնչելու արցախեան հակամարտութեան: Ընդգծելու համար, որ Անգարան, իբրեւ առաջին նախապայման ապաշրջափակելու Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կ՛արծարծէ հայկական ուժերու հեռացումը արցախեան տարածքներէն: Ուրկէ նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշուելու իրաւունքը միջազգայնօրէն գործադրելու հրամայականը: Թուրքիան կը պահանջէ, ցեղասպանութեան փորձ հայ ժողովուրդին դէմ բազմիցս կատարած պաշտօնական Պաքուին դիմաց անարգել ճանապարհ հարթել արցախահայութեան դէմ ցեղային զտումներ կատարելու:
Երբ պաշտօնական Հռոմի օրէնսդիրները կոչ կ՛ուղղեն Անգարային տնտեսական եւ դիւանագիտական կապեր սկսելու Երեւանի հետ, այդ կը նշանակէ, որ հայկական կողմին եւ Իտալիոյ կամ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին պահանջներու համընկնում կ՛արձանագրուի հերթական անգամ: Խօսքը յստակօրէն առանց նախապայմաններու միջպետական յարաբերութիւններու հաստատումն է: Եւ երբ տնտեսականը կը տարանջատուի դիւանագիտականէն, ըսել կ՛ուզուի, որ անյապաղ պէտք է ապաշրջափակել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որմէ ետք ձեռնարկել դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացի նախապատրաստութեան:
Իտալիան միանգամայն քաղաքական ամէնէն այժմէական խնդիրներու բովանդակութեամբ պահանջկոտ ուղերձներ կը յղէ Անգարային: Այս այժմէականութիւնը շրջանցելու փորձ կը կատարեն Անգարայի վարիչները, երբ ուղերձներու խստութիւնը գիտակցելով ամբողջ խնդիրը կ՛ուզեն կեդրոնացած տեսնել պատմական էութեան վրայ: Պատահական չէ, որ Թուրքիոյ նախագահութեան բանբերը Իտալիոյ որոշումին կ՛արձագանգէ ըսելով, որ «որոշումը կ՛անտեսէ պատմական իրականութիւնները»: Զուտ պատմական բաժինը ուզել տեսնելով` ըստ էութեան Թուրքիան կը ժխտէ ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան փաստը, այլ նաեւ անոր այժմէական քաղաքական հնչեղութիւն ապահովող Իտալիոյ որոշումը:
aztagdaily.com