Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Սիրելի ծանօթ-անծանօթ բարեկամ, արդէն կը մտածեմ, որ աւելի շատ ժամանակի պէտք ունիս ցարդ արտայայտած գաղափարներս իւրացնելու, որոնք թէպէտեւ նոր չեն, հեծանիւ չեմ հնարեր, ոչ ալ յաւակնած եմ հնարելու, որովհետեւ կարիքն ալ չեմ տեսած, սակայն մոռցուած կամ անտեսուած, աւելին՝ գործնապաշտի ակնոցով, անոնք հերիֆի՝ անյոյս ձախող մարդու մօտեցումներ նկատուած են, որոնց մասին անձնապէս երկար խորհած եմ ու անարդար պիտի ըլլար սպասել, որ բարձրաձայնելէ ետք անմիջապէս արձագանգէիր, հալած իւղի տեղ ընդունէիր:
Մեր ապրած աշխարհը, որուն առանցքը ԵՍ-ն է անհատի կամ սեփական հաւաքականութեան ընդգրկումով, իր յաղթանակը, յառաջդիմութիւնը, բարօրութիւնը եւ ի վերջոյ երջանկութիւնը գտած է եւ կը գտնէ միւսի պարտութեան, յետամնացութեան, չքաւորութեան եւ ապերջանկութեան մէջ, եթէ ոչ ուղղակի՝ ապա անուղղակիօրէն: Եւ մենք ըստ այնմ կը դասակարգենք զանոնք՝ գիտակցօրէն, ուղղակի վնասողներ, կամ անգիտակցօրէն՝ յընթացս վնաս պատճառողներու:
Մենք այս երկու տեսակն է որ հակադիր բեւեռներու վրայ դրած ենք, մինչդեռ անոնք նոյն բեւեռի լուսաւոր ու խաւար երեսներն են սոսկ, որովհետեւ երկուքն ալ չեն ձգտիր տիեզերական համերաշխութեան, ներդաշնակութեան եւ խաղաղ համակեցութեան: Այս համակարգին մէջ պայման է մին գտնուի գերադաս դիրքի վրայ, միւսը ստորադաս, մին իշխող, միւսը իշխուող, մին շահագործող, միւսը շահագործուող, եւ այսպէս շարունակաբար: Բնական է, որ նման համակարգի, աշխարհակարգի կամ հայեցակարգի մէջ առնուազն երեսպաշտութիւն է տարբեր մակարդակներու վրայ խօսիլ արդարութեան, հաւասարութեան ու եղբայրութեան մասին:
Կարծեմ՝ հնարաւորինս մատչելի դարձուցի մեկնակէտս:
Ինչ խօսք, մարդիկ նախապատմական շրջանէն սկսած այս երկու բեւեռներու աքցանին մէջ բռնուած են ու պայքարներու երկա՜ր շղթայ կազմած են, արիւնո՛տ, տառապանքներով լի պատմութիւն հիւսած ու զայն համարած քաղաքակրթական յառաջընթացի անհրաժեշտ տարր:
Սակայն գոյութիւն ունեցած է իսկակա՛ն հակադիր բեւեռը, որ անհատո՛յց քաղաքակրթական ներդրում կատարած է գէթ մերձաւոր տարածաշրջաններու մէջ ապրող ժողովուրդներու կեանքի եւ գիտակցութեան մակարդակը բարձրացնելու համար: Եւ որովհետեւ ասիկա անսովոր երեւոյթ էր նախապատմական այդ շրջաններուն մէջ, երբ կեանքի թէ այլ բարիքներու իրաւունքը միայն ուժեղինն էր, իսկ տկարի ճակատագիրը արագ կամ դանդաղ մահը, քաղաքակրթիչ այդ դերակատարները նկատուած են բարի եւ մարդասէր աստուածներ:
Ասիկա հեքիաթի կը նմանի, բայց հեքիաթ չէ, հնաբանները այս մասին ապացոյցներ դրած են սեղանի վրայ, իսկ պատմաբաններ զանոնք մատուցած են մեզ: Այս վերջիններէն մին ալ պատմաբան Արտակ Մովսէսեանն է, որ հրատարակութիւններով ու դասախօսութիւններով պատկերացում փոխանցած է Միջագետքի ժողովուրդներու կողմէ աստուածացուած մարդոց մասին: Տեղն է, որ այստեղ նշենք, որ այլոց աստուածացուցած՝ քաղաքակրթող այդ առաքեալներու բնակավայրը դրկից Հայկական բարձրաւանդակն եղած է եւ ատիկա հնաբան-պատմաբանները ապացուցած են քարի վրայ փորագրուած հնագոյն քարտէզներով: Կը հետեւի, որ մերօրեայ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը այս կամ այն կերպ ժառանգորդն է այդ նախապատմական շրջանի տիպարներուն:
Սակայն ուրկէ՞ այդ գիտութիւնը Հայկական բարձրաւանդակի բնակիչներուն: Յստակ եւ փաստուած պատասխան չկայ, սակայն կան բազմաթիւ վարկածներ եւ նիւթական ապացոյցներ, որոնց մեկնաբանութիւնը անհատէ անհատ, հետազօտողէ հետազօտող կը տարբերի: 2007-ին բախտն ունեցայ ծանօթանալու հանգուցեալ ականաւոր ակադեմիկոս, աստղաբնագէտ Պարիս Հերունու «Հայերը եւ հնագոյն Հայաստան»ը աշխատասիրութեան: Ինք հնաբան-պատմաբան չըլլալով, մէջտեղ նետած էր գիտական-պատմական տեսութիւն, զոր՝ համոզուած եմ, հետագային պէտք է լրացնեն հետազօտողները, հերքեն կամ հաստատեն, զարգացնեն թէ նոր բացատրութիւններ առաջարկեն:
Հերունու ուսումնասիրութեան առանցքը՝ Զօրաց քարերն էին, կամ՝ Քարահունջը, որոնց ուսումնասիրութեամբ զբաղած էր տարիներ: Աստղաբնագէտի սեփական գնահատումով անիկա հնագոյն աստղադիտարան է, որ գործած է 7500 տարի առաջ: Թէ ի՞նչ յայտնաբերած են նախապատմական շրջանի աստղագէտները, իր կարգին խիստ հետաքրքրական է, որոնց թերեւս հետագային անդրադառնամ ուրիշ նամակով մը: Սակայն այսօր բաւականանանք իր այն տեսութեամբ, որ եթէ 7500 տարի առաջ նման յառաջացած ճանաչողութիւն ունէին եւ գիտութեան կը տիրապետէին Հայկական բարձրաւանդակի բնակիչները, ուրեմն ունէին համապատասխան գրականութիւն, գիր եւ յառաջացած մաթեմաթիկա՝ ուսողութիւն, զայն սերունդէ սերունդ փոխանցելու եւ զարգացնելու համար, որոնց առ այժմ մենք անծանօթ են:
Եթէ հետեւինք իր ըսածին՝ եւրոպական Վերածնունդէն՝ միջնադարէն հազարամեակներ առաջ այս հնագոյն քաղաքակրթութեան ծանօթ էին յայտնագործութիւններ, որոնք այսօր կʼուսուցանուին վարժարաններու մէջ եւ կʼառնչուին ընդհանրապէս եւրոպացիներու, ոմանք ալ հնդկա-արաբական քաղաքակրթութեան, եւ այլն: Միտքս երբեք առաջնութեան դափնեպսակներ խլել ու մէկէն միւսը փոխանցելը չէ, իմաստ ալ չունի այս պահուն, որովհետեւ նիւթական եւ անհերքելի՝ փոխկապակցուած ապացոյցներու բացակայութեան հաւաստի խօսք պիտի չըլլար անիկա, սակայն վարկածներու ծանօթ ըլլալը կրնայ նորահաս սերունդներու հետաքրքրութիւնը շարժել եւ զիրենք մղել ընտրելու մասնագիտութիւն եւ նուիրուելու անոր: Բաց աստի, մեր խնդիրը քաղաքակրթական սեփական ուղին եւ հաւանական՝ սպասուած դերակատարութիւնն է, որուն մասին քիչ վեր կը խօսէինք:
Սակայն աւելորդ չէ փաստելը, որ մարդկութիւնը, ներառեալ մենք, գիտութեան խզուածքի մատնուած ենք ինչ որ դարաշրջանի, ինչ որ գործօններու բերումով եւ հնագոյն գիտութեան կորուստ արձանագրած ենք թէ՛ մեր հայրենիքի տարածքին, թէ՛ անկէ հեռու՝ հարազատ դարձած երկիրներու մէջ տարբեր երեւոյթներ կամ փաստեր բացատրելու առումով, ինչպէս եգիպտական թէ աշխարհատարած բուրգերու գաղտնիքն է:
Վարկածը, զոր հիմնաւոր կը գտնեմ, քաղաքակրթական այս հնագոյն երեւոյթները բոլորը կամ մեծ մասամբ շաղկապուած են ու իմաստաւորուած են իրարու, կարելի չէ առանձնացուած ընկալելի դարձնել զանոնք, ոչ ալ այնպէս, ինչպէս հետագային մեկնաբանուած են, որպէս արքայական դամբարան եւ այլն: Աւելի խոր պատճառներ եւ գործառոյթներ ունեցած են:
Կը ներես, այստեղ արձանագրեմ նաեւ, որ մինչ՝ օրինակ, Եգիպտոս բախտաւոր եղած է, որ հողային ամբողջականութեան պահպանման պայմաններուն մէջ, արդի ժամանակաշրջանին հնաբաններ ու պեղումները վերծանող գիտնականներ, կրցած են տարբեր մարդոց ու ժամանակներու յայտնագործած տուեալները համադրել եւ վերծանել, առաւել կամ նուազ ճշգրիտ եզրակացութիւններ տալ իրենց ժամանակին, մենք՝ հայերս, զրկուած ենք այդ առաւելութենէն ու Հայկական բարձրաւանդակի քաղաքակրթական պատմութեան ենթաշերտերը այդպէս ալ թիւր մեկնաբանութիւններու տեղիք կու տան եւ հրապարակը կը գրաւեն կիսատ-պռատ եզրակացութիւններով, որոնք ամէն մեղքիս ալ կʼուսուցանուին: Օրինակներէն մին Ուրարտուն է, պատմական յարաբերաբար նոր դարաշրջանի պատկանող, եւ ոչ միայն:
Երկրորդը՝ ինչքան ալ տարօրինակ ըլլայ, քաղաքակրթական ժառանգութիւնները իւրացնելու եւ սեփական պատմութիւնը հարստացնելու միտումն է բռնագրաւողներուն կողմէ, որոնց ամենացայտուն օրինակը Թուրքիան է եւ կրտսեր եղբայրը՝ Ատրպէյճանը: Քաղաքակրթական ժառանգութիւնը անցած-կորած, անտէր պատմութիւն չէ իմ ակնոցով... Զայն պիտի կրել:
Սակայն մենք շատ շեղեցանք մեր հիմնական նիւթէն, թէեւ կարծեմ, օգտակար է երբեմն կիսուիլ կուտակուած փորձով ու ճանաչողութեամբ, աշխարհընկալմամբ:
Վերադառնալով, փաստենք, որ քաղաքակրթութիւնը եւ փորձի փոխանցումը երբեմն նախնադարուն կատարուած է անշահախնդրօրէն ու զայն ընկալող ժողովուրդները իրենց բարերարները նկատած են բարի աստուածներ ու ըստ ամենայնի պաշտամունքի առարկայ դարձուցած են կուռքերով պատկերելով զանոնք:
Հարցում մը ժամանակակից մարդուս մօտ կը ծագի. լա՛ւ, իսկ ի՞նչն էր այդ լայն ճանաչողութիւն ունեցող զարգացած մարդու տեսակին դրդողը՝ կրթել եւ իմացականութիւն հաղորդել այլուր ապրող իր նմանին:
Այս ամբողջ նկարագրուածի հետեւողութեամբ կարելի է մտածել միայն քաղաքակրթական սեփական տարածութիւնը խաղաղ եւ անարիւն ընդլայնելու հաւանական մտադրութեան մասին: Համաձա՞յն ես, բարեկա՛մ:
Կարելի է հետեւցնել՝ նախապատմական շրջանին ալ աշխարհակալութիւն գոյութիւն ունեցած է, առանց արիւն թափելու, գերեվարելու, կեղեքելու եւ հարստութիւնները կողոպտելու. մարդիկ շահ տեսած են քաղաքակրթական աշխարհակալութեան մէջ ու տարածուած են, իրենց հետ տանելով՝ կեանքը հեշտացնող, երեւոյթները բացատրող, նոր գիւտեր խթանող իրենց մղումը:
Կը հետեւի նոր հարցում մը. եթէ Հայկական բարձրաւանդակի բնիկները այդքան յառաջդիմած էին յարաբերաբար ժամանակակիցներու, հապա ի՞նչ պատահեցաւ հետագային, ինչո՞ւ անիւը հակառակ դարձաւ կամ ուղի փոխեց պատմութեան ընթացքը: Հարցում, որուն պատասխան չունիմ, պատասխանի չեմ հանդիպած: Ահա հանելուկ մը, զոր պէտք է լուծէ գիտութիւնը: Աւելին. պատասխան պէ՛տք է գտնուի նաեւ այն հարցումին, որ այս մարդասէր՝ քաղաքակրթող բեւեռը ե՞րբ փոխարինուեցաւ եսակեդրոն զաւթողութեամբ:
Կը կարծեմ, որ նոյնիսկ այս վերջին հարցումներուն սպառիչ պատասխան գտնելէ առաջ իսկ պէտք է քայլ կատարել ու այս դերակատարութեան մասին լուրջ գիտական տեսութիւն մշակել ու հանրամատչելի տարբերակն ալ ընդհանրացնել տարբեր լեզուներով: Հայ դատի լաւագոյն քարոզչութիւնը, համեստ կարծիքովս, քաղաքակրթութեան սեփական տեսլականի մը վրայ կրնայ հիմնուիլ, որ ապագային կը վերաբերի աւելի քան անցեալին: Պիտի մարդիկ իմանան, նաե՛ւ մեր երիտասարդութիւնը, որ Հայկական բարձրաւանդակը ամբողջովին վերատիրանալու մեր պայքարին՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի վերականգնումէն ետք ի՞նչ սպասել: Ինչո՞ւ պէտք է սատարեն եւ աջակցին մեզի ոչ միայն Ցեղասպանութեան փաստը ճանչնալու, այլեւ սեփական քաղաքակրթական տարածքն ամբողջացնելու համար:
Վերջապէս, սիրելիս, մեր պայքարը նաեւ ներազգային որակի փոփոխութեան ալ ուղղուած է. որակ՝ որ այնքան ալ հաշտ չէ այսօր այն նկարագրութեան, զոր պատմաբաններ ու հնաբաններ մաս առ մաս կազմած են ու դեռ չեն ամբողջացուցած: Հայկական բարձրաւանդակն ըստ երեւոյթին թաքցուցած շատ գաղտնիքներ ունի, իսկ գլխաւորը մեզ համար այսօր պիտի ըլլայ հազարամեակներ առաջ այս հողերուն վրայ ապրած մարդոց մտքով ու հոգիով հարազատանալու ճիգը եւ աշխատանքը: Միայն հողին ձգտելով, ապացուցելով որ այն մերն է, մեր իրաւունքն է, լուծած չենք ըլլար հիմնական խնդիրը, մեր որակի խնդիրը, որ մեզ այնքան ցաւ կը պատճառէ ներկայիս:
Ի հարկ է, այս բաժնով փորձեցի բաւական ուրուագծել առաջադրածս այլընտրանքային բեւեռը, զոր պիտի կազմել ու յետոյ անոր շուրջ համախմբել այլ ազգի ու կրօնի մարդիկ: Չեմ կարծեր, որ այսքանէն ետք Քրիստոսի ուսմունքի հարազատութիւնը այս հողին ու ջուրին խնդրոյ առարկայ դարձնենք: Անիկա՝ ըստ ամենայնի, այս երկրի՝ Հայկական բարձրաւանդակի ծնունդն է եւ իր քաղաքակրթական մակարդակով ու մտածումով կապ չունի վաչկատուն եւ քինախնդիր, արիւնարբու ցեղերու հետ:
Նամակներու շարքի նիւթը չէ սպառած:
Զ. ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ