կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-23 13:18
Առանց Կատեգորիա

Հարգանք իր արվեստին և ոչ` անձին

Հարգանք իր արվեստին և ոչ` անձին

Ռուբէն Հախվերդեանը շաբաթ օր «Առաջին լրատուական»-ին հետ իր կատարած հարցազրոյցին ընթացքին անկապ ու անիմաստ համեմատութեամբ  մը գովաբանեց Քիմ Քարտաշեանի յետոյքով կատարած գործը` զայն նկատելով «աւելի մեծ գործ», քան ինչ որ «ամբողջ Դաշնակցութիւնը» կը կատարէ. եւ այս յայտարարութեամբ ցնցեց ամբողջ համացանցը:

Ճիշդ է` ոմանք շատ ուրախացան այս յայտարարութեամբ, «Առաջին լրատուական»-ը մինչեւ իսկ այդ համեմատութիւնը օգտագործեց որպէս վերնագիր (պարզ է` աւելի տարածում գտնելու նպատակով), իսկ աւելի՛ն,  ոմանք նոյնիսկ արագօրէն հեռախօսերու վրայ տարածեցին եւ քանի մը վայրկեան գոհունակութիւն զգացին «բան մը կատարած ըլլալ»-նուն համար:

Պէտք է ըսել նաեւ, որ շա՜տ շատեր, ոչ միայն դաշնակցականներ, քննադատեցին այս երեւոյթը եւ իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին այս գռեհիկ ու անտեղի համեմատութեան եւ արհամարհանքին հանդէպ:

Բայց ես անձնապէս չզարմացայ:

Չզարմացայ, որ Ռուբէն Հախվերդեանը այս տեսակ յայտարարութիւն մը կ՛ընէ, որովհետեւ երբ դիտեցի տեսերիզը, նկատեցի` ինչպէս անոր աչքերը կ՛արտացոլային խմիչքին տակ խեղդուած ըլլալն ու խմիչքին ազդեցութիւնը:

Չզարմացայ, որովհետեւ Ռուբէնին նման շատեր ապերախտ են եւ շուտ կը մոռնան Դաշնակցութեան արժէքը, եւ աւելի՛ն, կը մոռնան Դաշնակցութենէն ստացած իրենց բարիքները:

Չզարմացայ, որովհետեւ վերջերս Դաշնակցութեան դէմ ըլլալը նորաձեւութեան հետեւելու համազօր եղած է:

Հասկցող չհասկցող կարծիք կու տայ անպայման, որպէսզի կարենայ քայլ պահել նորութիւններուն հետ, որպէսզի կարենայ շրջանցել իր բարդոյթները եւ, ինչո՞ւ չէ, փորձէ դուրս գալ իր ներքին տագնապներէն ու հարցերէն:

Սակայն ամէնէն  վատը այն է, որ այս տեսակ յայտարարութեամբ Ռուբէն Հախվերդեանին նման արուեստագէտ մը կը սկսի կորսնցնել տարիներու իր վաստակը ու կ՛արժեզրկուի:

Այս պարագային, ճիշդ է, որ ան շահեցաւ շատ  անհատներու կամ խմբակցութիւններու սէրն ու յարգանքը, որովհետեւ անոնց սրտէն խօսեցաւ, կամ որովհետեւ պարզապէս Դաշնակցութեան դէմ խօսեցաւ, սակայն շատ մեծ թիւով մարդոց մօտ ալ կորսնցուց իր արուեստով պարտադրած տարիներու սէրն ու յարգանքը:

Ոչ ոք կրնայ խօսիլ Ռուբէն Հախվերդեանի արուեստի գործերուն, այլ խօսքով ` երգերուն գեղեցկութեան, արժէքին եւ ազդեցութեան մասին, սակայն յարգանքը կը մնայ իր գործին հանդէպ եւ ոչ` իր անձին:

Յուսալով, որ ժամանակի ընթացքին անոր արուեստն ալ չսկսի կորսնցնել իր արժէքը, որովհետեւ իր անձին վերաբերմունքը կը սկսի հեռացնել մեզ իր արուեստէն, եւ կը զգանք, որ անոր երգած կամ գրած բառերը կեղծ կը հնչեն մեր ականջին:

Այո՛, բնական է, որ այդպէս ըլլայ, երբ ինք շինիչ ձեւով չի քննադատեր:

Այդպէս կ՛ըլլայ, երբ ինք` իբրեւ տարիներ առաջ Դաշնակցութիւն երգած անձ, այսօր իր անիմաստ եւ մակերեսային յայտարարութիւններով կ՛արհամարհէ Դաշնակցութեան գործն ու պատիւը:

Ես պիտի չխօսիմ Դաշնակցութեան արժէքին եւ գործին մասին, բայց չէի ալ կրնար լուռ մնալ` այս տեսակ համեմատութիւն մը լսելով եւ անոր տարածումը տեսնելով: Մանաւանդ` անձերէ, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կ՛օգտուին Դաշնակցութենէն:

Անոնք շատ լաւ գիտեն Դաշնակցութեան արժէքը եւ շատ լաւ գիտեն այս կուսակցութեան գործունէութիւնը:

Ռուբէն Հախվերդեանը ինչպէս որ հրապարակաւ յանդգնութիւնը ունեցաւ Դաշնակցութեան հասցէին այդ տեսակ արհամարհանք մը կատարելու, պէտք է յանդգնութիւնը ունենայ նաեւ հրապարակաւ ներողութիւն խնդրելու Դաշնակցութենէն:

Իսկ անոնք, որոնք տակաւին կը հրճուին այս տեսակ յայտարարութիւններով, թող մնան հեռու Դաշնակցութենէն ու շարունակեն տեւաբար փոխել իրենց գոյնն ու կեցուածքը:

Փափաք մը եւս` կապուած Ռուբէն Հախվերդեանին հետ. իր իսկ գրիչին պատկանող գեղեցիկ երգը` «Հին ընկեր», թող լսեն ու շարունակ կրկնեն այս հատուածը.

«Հին ընկեր, իմ անգին ընկեր,
Արդեօք նո՞յնն ես մնացել…
Հին ընկեր, իմ անգին ընկեր,
Դու քո գոյնը չե՞ս փոխել…»:

Aztagdaily

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ